Այս տարուան ՀԵԴի Երիտասարդական ջոկատներ ծրագրին մասնակցող Գէորգ Քէպապճեան, Օգոստոս 7ին հետեւեալը գրած է համացանցային իր օրագրին մէջ.
«Երկուշաբթի օր սկսաւ ծրագրին երկրորդ մասը:
Անոր կը մասնակցին մօտաւորապէս 80 հոգի եւ ցարդ այն տպաւորութիւնը գոյութիւն ունի, թէ բանակողներուն մեծ մասը շատ գոհ էր առաջին երկու շաբաթներէն եւ դարձեալ եկած էին արձանագրուելու, որպէսզի կարենան մասնակցիլ երկրորդ մասին: Անոնք շատ խանդավառ են ու անհամբեր են բազմաթիւ աշխատանքներով եւ խաղերով շաբաթ մը սկսելու:
Բանակողները զմայլելի են, սակայն միաժամանակ, երբեմն շատ անհնազանդ կ՛ըլլան: Անոնք ամէն առտու կեդրոն կու գան փայլուն ժպիտներով:
Օրը կը սկսի Հայաստանի քայլերգին երգեցողութեամբ, որմէ ետք տեղի կ՛ունանայ մարզանք: Խորհրդատուները մասնակիցներուն անգլերէնի իմացութեան մակարդակին համեմատ, խումբեր կը կազմեն: Ապա տեղի կ՛ունենայ ծանօթացման բաժինը, երբ մասնակիցները իրենց մասին հետաքրքրական տեղեկութիւններ կը փոխանցեն մեզի: Այնպէս կը թուի, թէ Գիւմրիի երեխաները «ռոք» երաժշտութիւն շատ կը սիրեն…
Քանի մը օր իրարու հետ անցնելէ ետք, երեխաները այնքան կը կապուին մեզի, որ իրենց ծնողները սպասելու փոխարէն, կը նախընտրեն մեզի հետ քալելով տուն երթալ՝ երգելով յեղափոխական երգեր: Կրնամ հպարտօրէն ըսել, որ անոնք արդէն իսկ ՀԵԴ Պատանեկան միութեան հաւանական թեկնածուներ են. առաջին մասին մասնակիցներուն 25ը արդէն իսկ Պատանեկան միութեան անդամագրուած են:
Սերոբն ու ես ստանձնած ենք սկսնակ անգլերէնի դասարանը, ուր անգլերէն ոչ մէկ բառ գիտցող երեխաներուն հետ հաղորդակցիլը երբեմն դժուար է: Մեր նպատակն է առաջին շաբթուան ընթացքին անոնց սորվեցնել անգլերէնի այբուբենը:
Հետաքրքրական կը գտնեմ այն իրողութիւնը, որ ամենափոքր արարքները երբեմն կը խանդավառեն երեխաները: ՀԵԴի ճամբարին օրինակով, հոս եւս երեխաները բաժնուած են «Կարմիր», «Կապոյտ», «Նարնջագոյն» խումբերու: Մենք «Կապոյտ» խումբին խորհրդականներն ենք ու «Գարուն, Գարուն» երգին օրինակով հետեւեալ երգը յօրինեցինք՝ մեծ խանդավառութիւն ստեղծելով անոնց մօտ: Այս է երգը.
Կապոյտ, կապոյտ, կապոյտ ենք
Զօրավարները մենք ենք,
Կարմիրներուն անցեր ենք,
Նարնջագոյններուն յաղթեր ենք:
Բանակումի կ՛երթանք տարին տասը օր
Հոն կը սորվինք գիտելիքներ նորանոր
Դասընթացքներ կ՛ունենանք մենք ամէն օր,
Ու երգահանդէս կ՛ունենանք մենք վերջին օր…