ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ, «Էյ.Փի.».- Ահաբեկչութեան դէմ պայքարի մարզէն եւրոպացի պաշտօնատար մը յայտնած է, թէ «Քայիտա»ի հետ մարզուելու համար Փաքիստան մեկնող թուրքերուն թիւը վերջին երկու տարիներու ընթացքին զգալիօրէն աճած է:
Ան աւելցուցած է, թէ Գերմանիոյ նման թրքական մեծ համայնք ունեցող երկիրներուն մէջ, այդ իրավիճակը մեծ վտանգներ կրնայ ստեղծել եւ իր ազդեցութիւնը կրնայ ձգել նաեւ Թուրքիոյ վրայ: Թուրքերը հետզհետէ կը թեքին դէպի իսլամական ծայրայեղութիւն, ըսած է ան:
Ան կը նշէ, թէ մինչեւ վերջերս «Քայիտա» հիմնականօրէն կը հենէր արաբներուն վրայ, սակայն այդ իրավիճակը արդէն կը փոխուի, թուրքերուն թիւի աճին հետեւանքով:
«Քայիտա»ի գործողութիւններու պատասխանատու Մուսթաֆա Ապու Եազիտի վերջերս հրապարակած էր «Թուրքիոյ իսլամները մեր եղբայրներն են» ուղերձը, որ ահաբեկչութեան դէմ պայքարի մասնագէտներու կողմէ կը գնահատուի իբրեւ՝ «Իսլամական ծայրայեղութեան կառուցուածքի փոփոխութեան վերջին ազդանշանը»:
«Սպառնալիքը կը լրջանայ Գերմանիոյ, Ֆրանսայի, Պելճիքայի եւ Հոլանտայի նման թրքական համայնքներ ունեցող երկիրներու մէ»ջ, աւելցուցած է ան։
«Քայիտա»ի բանակավայրերուն մէջ մարզուած եւ ֆրանսական ոստիկանութեան կողմէ ձերբակալուած Ուալիտ Օսման յայտնած է, թէ հոն «թուրքի մը հրամանատարութեամբ, հազարէն հազար երկուհարիւր հոգի հաշուող թուրքերէ բաղկացած խումբ կը գործէ»:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.