ՊԱՂՏԱՏ.- Իրաքեան պաշտօնատարներ կը յայտնեն, որ Հիւսիսային Իրաքի Մոսուլ քաղաքին մէջ ականուած երկու բեռնակառքեր եւ Պաղտատի մէջ այլ պայթումներ հարուածած են Իրաքի շիի համայնքը՝ պատճառելով 43 զոհ։
Մոսուլէն արեւելք գտնուող Շազնա գիւղին մէջ ականուած երկու բեռնակառքեր թիրախ դարձուցին շրջանին մէջ բնակող շիիները։
Մոսուլի մէջ նահանգային ապահովական պաշտօնատար Ապտուլ Քարիմ Շիմարի «Էսոշիէյթըտ Փրէս» լրատու գործակալութեան յայտնեց, որ ականուած երկու փոխադրակառքերը գրեթէ միաժամանակ պայթեցան իրարմէ հազիւ 500 մեթր հեռաւորութեան վրայ՝ սպաննելով 25 անձեր եւ վիրաւորելով 138 ուրիշներ։
Շազնայի բնակչութեան ներկայացուցիչ եւ Նինուէ նահանգային խորհուրդի անդամ Քուսայ Ապպաս, իրաքեան ապահովական ուժերը ամբաստանեց Մոսուլի հիւսիսային շրջաններուն մէջ անվտանգութեան ապահովման ձախողութեան համար։
Միւս կողմէ, Պաղտատի տարբեր թաղամասերու մէջ ականներու շարք մը պայթումներ տեղի ունեցան: Երկուշաբթի օր առաջին պայթումը տեղի ունեցաւ յարանուանական գետնի վրայ խառն բնակչութիւն ունեցող Ամիլ թաղամասին մէջ՝ սպաննելով եօթը անձեր եւ վիրաւորելով 46 ուրիշներ։
Շուրջ տասը վայրկեան ետք ականուած ինքնաշարժ մը հարուածեց արեւմտեան Պաղտատը՝ սպաննելով տասը անձեր եւ վիրաւորելով 35 ուրիշներ։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.