ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Նախագահ Սերժ Սարգսեան Օգոստոս 8-9 աշխատանքային այցելութիւն մը տուած է æերմուկ, ուր մարզի եւ քաղաքի ղեկավարներուն հետ քննարկած է կարգ մը ծրագիրներ։
ՀՀ քաղաքաշինութեան փոխնախարար, գլխաւոր ճարտարապետ Նարեկ Սարգսեան երկրի ղեկավարին ներկայացուցած է æերմուկի մէջ «Հայաթ» առողջարանային SPA կեդրոնով հիւրանոցային «Հայաթ» համալիրի կառուցման նախագիծը:
Նախագիծը կը մշակուի ՀՀ կառավարութեան 2008ի Սեպտեմբեր 18ի որոշումին հիման վրայ, ըստ որուն՝ æերմուկը պիտի դառնայ առողջարանային, ձմեռնային եւ մշակութային զբօսաշրջութեան, ճատրակի միջազգային մրցաշարերու կազմակերպման կեդրոն, նաեւ՝ համահայկական ու միջազգային մանկապատանեկան ու երիտասարդական հանգստարան:
Նախագահի æերմուկ այցելութեան ընթացքին քննարկուած է նաեւ քաղաքէն որոշ հեռաւորութեան վրայ փոքր օդակայան մը ու ուղղաթիռներ ընդունելու հրապարակ մը կառուցելու հարցը:
Սերժ Սարգսեան նաեւ այցելած է æերմուկի ճոպանուղին եւ ծանօթացած տարածքի բարեկարգման աշխատանքներուն, նաեւ ներկայ գտնուած է Տիգրան Պետրոսեանի 80ամեակին նուիրուած «Կրան Փրի æերմուկ-2009» ճատրակի միջազգային մրցաշարի բացման հանդիսաւոր արարողութեան՝ հանդէս գալով իր ողջոյնի խօսքով:
Ճատրակի խաղերը սկսած են Օգոստոս 9ին, Լեւոն Արոնեան-Վասիլի Իւանչուք խաղազոյգի խաղատախտակին վրայ՝ Հայաստանի նախագահ, ՀՀ ճատրակի դաշնութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի եւ Ճատրակի միջազգային համադաշնութեան (ՖԻԴԷ) նախագահ Քիրսան Իլիւմժինովի կատարած խորհրդանշական առաջին քայլերով:
Այն միջոցին, երբ 7 խաղատախտակներուն վրայ կը կատարուէին առաջին քայլերը, 8րդ խաղատախտակին վրայ իրենց ուժերը փորձած են Հայաստանի նախագահն ու (ՖԻԴԷ) նախագահը՝ գրանցելով ոչ-ոքի արդիւնք:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.