ԵՐԵՒԱՆ, «ՓանԱրմինեըն».- Հայաստանի նախագահի մամլոյ գրասենեակը հաղորդած է, թէ Օգոստոս 10ին ստորագրուած հրամանագիրով մը, նախագահ Սերժ Սարգսեան Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան (ՄԱԿ) մօտ Հայաստանի հանրապետութեան մշտական ներկայացուցիչի պարտականութենէն ազատած է Արմէն Մարտիրոսեանը եւ այլ հրամանագիրով մը՝ նոյն պաշտօնին համար նշանակած է Կարէն Նազարեանը։
Նշենք, որ Կարէն Նազարեան 2005-2009 տարիներուն կը վարէր Իրանի Իսլ. հանրապետութեան մօտ Հայաստանի դեսպանի պաշտօն: