ԱԹԷՆՔ, «Ազատ Օր».- Պոլսոյ «Մարմարա» եւ թրքական «Հիւրրիյէթ» թերթերը երէկ հաղորդած են, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը ընդդիմացած է Պոլսոյ Գանտիգիօ եւ Յունաստանի Այիոս Իոանիս Ռենտիս քաղաքներուն միջեւ ծրագրուող եղբայրացման որոշումին:
Նախարարութեան այս որոշումը զարմանք պատճառած է, բայց այդ զարմանքը ընդվզումի փոխուած է, երբ յայտնի դարձած է, թէ ինչո՛ւ նախարարութիւնը ընդդիմացած էր քոյր քաղաքներ հռչակելու որոշումին:
Մանրամասնութիւնները հետաքրքրական են: Գանտիգիոյի քաղաքապետութիւնը վեց տարի առաջ ծրագիր մը հրապարակ նետած էր՝ առաջարկելով, որ Գանտիգիօ քոյր քաղաք դառնայ Ռենտիսի հետ, քանի որ այս երկուքին միջեւ առկայ էին շատ մտերմիկ յարաբերութիւններ: Երկու թաղամասերու երիտասարդները փոխադարձ այցելութիւններ տուած եւ իրենց թաղամասերը մօտեցուցած էին իրարու: Այս բարի յարաբերութիւնները կը շարունակուէին, ուստի Գանտիգիոյի քաղաքապետութիւնը որոշած էր, որ «անպաշտօն» սերտացումը «պաշտօնական» դարձնէ՝ երկուքին միջեւ համաձայնագիրի մը ստորագրութեամբ: Բայց Թուրքիոյ օրէնքները կը պահանջեն, որ քոյր քաղաք դառնալու հռչակումի մը համար ստացուի արտաքին գործոց նախարարութեան արտօնութիւնը: Իսկ արտաքին գործոց նախարարութիւնը, իր կարգին, մերժեց սոյն առաջարկը:
Յառաջ քշուած պատճառաբանութիւնը շատ զարմանալի էր:
Ինչպէս յայտնի դարձաւ, նախարարութիւնը իր մերժումի որոշումը կը հիմնէր այն տեսակէտին վրայ, թէ՝ Ռենտիս չէր կրնար համահաւասար խօսակից նկատուիլ Գանտիգիօ, որովհետեւ Գանտիգիօ 700 հազար բնակիչ ունեցող մեծ աւան մըն է, մինչդեռ Այիոս Իոանիս Ռենտիս 15 հազար բնակիչով փոքրիկ քաղաք է, հետեւաբար այս երկուքը չէին կրնար քոյր կամ եղբայր հռչակուիլ…
Գանտիգիոյի քաղաքապետութիւնը շատ զարմացաւ այս պատճառաբանութիւնը լսելով, որովհետեւ մինչեւ այսօր բնաւ լսուած չէր, թէ քոյր-քաղաքներ հռչակելու դիմումի մը մէջ բնակչութեան թիւի բաղդատութիւններ պէտք էր կատարել: Քաղաքապետութիւնը պնդեց իր նախկին որոշումին վրայ ու երկրորդ դիմում մըն ալ կատարեց:
Այս անգամ արտաքին գործոց նախարարութիւնը յստակ դարձուց իր մտադրութիւնը: Մերժումի իրական պատճառը ոչ թէ բնակչութեան թիւերու անհաւասարութիւնն էր, այլ այն փաստը, թէ՝ 2000 թուականին Այիոս Իոանիս Ռենտիսի մէկ հրապարակին վրայ Հայոց Ցեղասպանութեան նուիրուած յուշարձան մը կառուցուած էր: Ուրեմն նախարարութեան տեսակէտն այն էր, որ Թուրքիոյ մէջ ո՛չ մէկ քաղաք կրնայ ուրիշ երկրի մը հայկական յուշարձան ունեցող քաղաքի մը հետ քոյր-քաղաք հռչակուիլ:
Այժմ այս բանավէճը շատ հետաքրքրական ձեւ մը առած է, որովհետեւ մինչ Գանտիգիոյի քաղաքապետութիւնը կը յամառի իր ցանկութեան վրայ ու կը պնդէ, որ արտաքին նախարարութիւնը փոխէ իր մերժումի որոշումը, արտաքին նախարարութիւնն ալ սպառնալիքներ կ՛ընէ ու կը յայտնէ, թէ Գանտիգիոյի քաղաքապետին ու իր գործակիցներուն դէմ հարցաքննութիւն պիտի բացուի…
«Ազատ Օր» կապ պահեց Այիոս Իոանիս Ռենտիսի քաղաքապետութեան հետ, ուրկէ տեղեկացաւ, թէ քաղաքապետական շրջանակները մտադիր են քննելու սոյն հարցը:
Յիշեցնենք, որ Այիոս Իոանիս Ռենտիսի քաղաքապետ Եորղոս Իոաքիմիտիսի եւ ՀՅԴ Հայ Դատի յանձնախումբի եւ Գոքինիոյ կոմիտէի ջանքերուն շնորհիւ, արդէն Հոկտեմբեր 2007էն ի վեր Ռենտիս եղբայրացած է Հայաստանի Իջեւան քաղաքին հետ եւ փոխադարձ հոգածութեան ու համագործակցութեան մթնոլորտ ձեւաւորուած է հայկական եւ յունական քաղաքապետութիւններուն միջեւ: