Վարեց՝ ԿԱՐԻՆԷ ՏԷՐ ԳԷՈՐԳԵԱՆ
2009 թուի Մայիսին նշուեց Լոս Անճելըսի «Մխիթարեան» վարժարանի 30ամեակը: Այս հոբելեանի հետ կապւում է անունը մի անձնաւորութեան, որ կոչւում է հայր Օգոստինոս Սեքուլեան: Անցնող ուսումնական տարին առիթ ընծայեց ինձ աշխատելու «Մխիթարեան» դպրոցում, որպէս երաժշտութեան ուսուցչուհի, եւ ամէն օր հանդիպելու ու ողջունելու հայր Օգոստինոսին: Մի քանի օրեր, բարեւելուց յետոյ, հարցնում էի՝ ինչպէ՞ս էք: Յանկարծ ստացայ զգուշացում. «Այդ հարցումին պէտք չկայ, ես միշտ լաւ եմ»: Վարժութիւն դարձած «ինչպէ՞ս էք»ը զեղջեցի եւ այժմ ուզում եմ գրել իրօք ինչպէ՛ս կամ ինչպիսի՛ն է վաստակաւոր հայր Օգոստինոսը:
Ունեցանք խոսակցութիւն-հարցազրոյց իր տան մէջ, իսկ մինչ այդ, նա գրել էր իր կենսագրութեան ժամանակագրական ընթացքը, որ պիտի ներկայացնենք սկզբում:
Հայր Օգոստինոս վրդ. Սեքուլեան. (Վանքի մէջ այս ազգանունը տուած են ինծի, շիտակը պէտք է ըլլար Սեկ-Ուլայեան): 1921ի Սեպտեմբեր 19ին ծնած եմ Gyergyoszentmiklos՝ Թրանսիլվանիա: Քաղաքը այսօր կը կոչուի ռումաներէն՝ Ghorgheni: Հայ ձեռագիրներուն մէջ՝ Ճուրճով, (պէտք չէ շփոթել Դանուբ գետի եզերքը գտնուող ռումանական Giurgiu քաղաքին հետ):
Նախնիքս գաղթած են ըստ աւանդութեան 1319ին, Անի քաղաքէն, ուրկէ հեռացած են երկրաշարժի պատճառով: Հաստատուած են նախ Խրիմ, ապա Մոլտավիա եւ 1654ին եկած են Թրանսիլվանիա, ինչպէս նշանակուած է ծննդավայրիս եկեղեցւոյն ժամանակագրութեան եւ Մկրտելոց գրքին մէջ:
Մականունս է հունգարական ուղղագրութեամբ՝ Szekula: Szekula անունը, հակառակ իր օտարահունչ ձեւին, հայերէն է: «Սեկ»՝ խաղախորդուած կաշի: «Ուլայ»՝ կու գայ «ուլ», «ուլիկ» հայերէն բառէն, որուն սեռականն է«ուլի», «ուլոյ», կամ Թրանսիլվանիոյ հայ գաւառաբարբառով՝ «ուլայ»: Նախնիքս, մինչեւ մեծ հայրս, բոլորն ալ եղած են ուլի կաշիով «մոյկ» շինող արհեստաւորներ, եւ անոնց շինած մոյկերը մեծ յարգ ունեցած են նոյնիսկ Վիեննայի արքունիքին մէջ: Պաշտօնական վաւերագրերը կարելի է տեսնել ծննդավայրիս քաղաքային թանգարանին մէջ:
1927 մինչեւ 1931՝ նախակրթարան Ա.-Դ. Ճուրճով.
1931 Օգոստոս 20՝ մեկնած եմ Վիեննա եւ մտած՝ Մխիթարեան Կղերանոց.
1938 Յուլիս 16՝ անդամագրուած եմ Մխիթարեան Միաբանութեան.
1944 Դեկտեմբեր 31՝ կուսակրօն աբեղայ.
1945 Յունիս 21՝ աւարտած եմ Աստուածաբանութեան եւ մանկավարժական դասընթացքները ու սկսած եմ ուսուցչութեան.
1946 Յուլիս 1՝ Masters-ի վկայական՝ Վիեննայի պետական համալսարանէն.
1946-1957, 1968-1982, 1986-1992՝ Մխիթարեան մատենադարանի, թանգարանի եւ Դիւանատան պատասխանատու.
1951-1953՝ Փոխվերակացու Մխիթարեան Կղերանոցի եւ ուսուցիչ Վիեննա.
1953-1957, 1978-1982, 1986-1992՝ Մխիթարեան Mechitharine անունով խմիչքին տնօրէն՝ Վիեննա.
1957-1961՝ Փոխտնօրէն Մխիթարեան վարժարանի եւ ուսուցիչ Հազմիէ՝ Լիբանան.
1961-1968՝ Տնօրէն Մխիթարեան վարժարանի՝ Հազմիէ.
1968-1992 Միաբանութեան Ընդհանուր վարչութեան անդամ.
1968-1982, 1986-1992՝ Ընդհանուր գործակալ.
1972-1978 տնօրէն Մխիթարեան վարժարանի՝ Հազմիէ, եւ պատասխանատու Մխիթարեան ժառանգաւորներու՝ Հազմիէ.
1977-1983 եւ 1988-1993՝ Խմբագիր Հանդէս ամսօրեայ Հայագիտական ուսումնաթերթի եւ տնօրէն Մխիթարեան տպարանի՝ Վիեննա.
1978-1992՝ Ընդհանուր Աթոռակալ միաբանութեան՝ Վիեննա.
1984-1988՝ Փոխտնօրէն Մխիթարեան վարժարանի՝ La Crescenta, USA
1989-1992՝ Վերակացու Մխիթարեան ժառանգաւորներու՝ Վիեննա.
1990-1992՝ Հովիւ հունգարահայոց՝ Budapest, Հունգարիա.
1992- մինչեւ այսօր՝ Տնօրէն Մխիթարեան վարժարանի La Crescenta, 1998 Յուլիս 1էն ի վեր՝ Tujunga, USA.
Հրատարակած Ուսումնասիրութիւններս
1949, Նոր Կտակարանի Գիրքերուն Կարգը Հայոց Քով
1971 Վիեննայի Մխիթարեան Թանգարանի՝ Կոստանդին Գ.էն Մինչեւ Լեւոն Ը.ի Դրամները
1982 Վիեննայի Մխիթարեան Թանգարանի Հեթում Բ., Լեւոն Գ., եւ Աւշինի Դրամները
1983 Վիեննայի Մխիթարեան Մատենադարանի Հայերէն Ձեռագիրներու Ցուցակ, Գ. Հատոր
1987 Աշխարհաբար Սաղմոսարան
1987«Հանդէս» Ամսօրեայի 100 Տարուան Մատենագիտական Ցուցակ
– Բազմաթիւ բանասիրական, դրամագիտական, ծիսական եւ տոմարագիտական յօդուածներ, մանաւանդ «Հանդէս» ամսօրեայի մէջ.
– Դրամագիտական յօդուածներուն մէջ ապացուցած եմ առաջին անգամ, թէ դրամահատութեան արքայական փողերանոցներ ունեցած են Կիլիկեան շրջանին ոչ միայն Սիս ու Տարսոն քաղաքները, այլ նաեւ՝ վաճառաշահ Այաս նաւահանգիստ-քաղաքը.
– Ընդ մամլով՝ Աստուածաշունչ Հին եւ Նոր Կտակարան՝ աշխարհաբար.
***
ԿԱՐԻՆԷ ՏԷՐ ԳԷՈՐԳԵԱՆ.- Ո՞ր երկրում էք գտել Ձեր գործունէութեան աւելի կարեւորութինը:
Հ. ՕԳՈՍՏԻՆՈՍ ՍԵՔՈՒԼԵԱՆ.- Ինծի համար նախընտրութիւն չկայ երկիրներու միջեւ: Կարեւորը՝ ո՛ւր հայութեան կրնանք աւելի օգտակար դառնալ: Իբրեւ Միաբանութեան անդամ, կրնանք յայտնել մեր բաղձանքը, զոր վարչութիւնը պէտք չունի ընդունելու: Ան ազգին օգտակարութեան համեմատ, իբրեւ զինուոր կը ղրկէ մեզ: Ընդհանրապէս կ՛ընդառաջէ մեր փափաքին:
ԿԱՐԻՆԷ ՏԷՐ ԳԷՈՐԳԵԱՆ.- Հայաստանի քաղաքական վիճակների փոփոխութիւնը անդրադարձ ունենո՞ւմ է ձեր հայեցի զգացողութեան վրայ:
Հ. ՕԳՈՍՏԻՆՈՍ ՍԵՔՈՒԼԵԱՆ.- Ո՛չ: Ինծի համար հայութիւնը, Հայաստանը միշտ նոյնն են, եւ յոյս ունիմ, եթէ հայերը քիչ մը զիրար բռնեն, կը հասնին իրենց նպատակներուն: Սակայն իրարու դէմ նեղմիտ հակամարտութիւնները կը խանգարեն մեր առաջընթացին:
ԿԱՐԻՆԷ ՏԷՐ ԳԷՈՐԳԵԱՆ.- Ինչպէ՞ս կը գտնէք հայկական կուսակցական կառոյցների տարբերութիւնները:
Հ. ՕԳՈՍՏԻՆՈՍ ՍԵՔՈՒԼԵԱՆ.- Ինծի համար կուսակցութեան տեսակը ոչ մէկ կարեւորութիւն ունի: Կարեւորը՝ տուեալ կուսակցութիւնը նուիրուի հայութեան շահերուն:
ԿԱՐԻՆԷ ՏԷՐ ԳԷՈՐԳԵԱՆ.- Ինչպէ՞ս կը գտնէք հայկական եկեղեցական հոսանքների տարբերութիւնները:
Հ. ՕԳՈՍՏԻՆՈՍ ՍԵՔՈՒԼԵԱՆ.- Պատասխանը քիչ մը դժուար է: Պատմութեան ընթացքին առանց մեր ուզելուն, որոշ ճնշումներու ենթակայ ըլլալով՝ ինքնագլուխ աթոռներ կազմուած են, ոմանք անցեալին, ինչպէս՝ Աղթամարի, Դուինի կաթողիկոսութինները, որոնք քաղաքական իրադրութիւններու հետեւանքով դադրած են: Այսօր ունինք երկու կեդրոններ: Հայաստանինը՝ համայնավարական շրջանին բաւական կաշկանդուած վիճակի մէջ եղած է, եւ կերպով մը Սիսի կաթողիկոսութիւնը կրցած է արտասահմանի հայութեան օգնութեան հասնիլ: Եթէ մարդիկ ըսէին, թէ մենք Էջմիածնի ենթակայ ենք, ադիկա կրնար քաղաքական հետեւանքներ ունենալ: Ես սկզբունքով, իբրեւ կաթողիկէ, կ՛ուզէի, որ բոլոր քրիստոնեաները մէկ գլխի ներքեւ գտնուէին, Յիսուսի կարգած գլուխը, այն է՝ Պետրոս: Եթէ միութիւն ունենանք, ոչինչ կը կորսնցնենք: Ամէն մարդ կը մնայ իր դիրքին մէջ, բայց կ՛ըլլայ օրինականացում, կը վերանան ինքնագլուխ որոշումները, եւ կառքը կը շարժի մէկ ուղղութեամբ:
ԿԱՐԻՆԷ ՏԷՐ ԳԷՈՐԳԵԱՆ.- Որպէս հոգեւորական, ինչպէ՞ս կրնաք բնորոշել Հայաստանի հոգեւոր վերազարթնումը նրա անկախացումից յետոյ:
Հ. ՕԳՈՍՏԻՆՈՍ ՍԵՔՈՒԼԵԱՆ.- Շատ գաղափար չունիմ: Հայաստան եղած եմ երկու անգամ, համայնավարական շրջանին: Այժմ ինծի հասնող հակասական լուրերով դժուար է սահմանումներ կատարել: Իրականութեան մէջ 70 տարի առանց կրօնի ապրիլը դժբախտութիւն է: Ատոր համար ալ ժողովուրդի ներքին կեանքը եւ համոզումի հաւատքն է, որ պէտք է աւելի շեշտուի: Արտաքին ծիսակատարութիւնները անհրաժեշտ են, բայց ան դեռ հաւատք չէ:
ԿԱՐԻՆԷ ՏԷՐ ԳԷՈՐԳԵԱՆ.- Բնական կը գտնէ՞ք երեխաների հակումը դէպի օտար լեզու եւ օտարացումը, թէ դա կը նկատէք թերացում նրանց աւագ սերնդի կողմից:
Հ. ՕԳՈՍՏԻՆՈՍ ՍԵՔՈՒԼԵԱՆ.- Թերացում կայ, մանաւանդ այս երկրին մէջ, ուր զօրաւոր է հոսանքը, եւ դժուար է դէմ կանգնիլը: Սակայն ատոր համար ձեռքերնիս վեր պէտք չէ հանենք: Կրցածնիս պիտի ընենք, ինչ որ չի նշանակեր հարիւր տոկոս յաջողութիւն: Իմ պարագաս նկատի առնելով, որ 700 տարի առաջ ելած ենք Հայաստանէն (մեծ հայրս եւ մեծ մայրս քիչ հայերէն կը խօսէին, սակայն «Հայր Մեր»ը հայերէնով կ՛ըսէին), կրցած ենք պահել մեր հայ լինելու գիտակցութիւնը: Երբ առիթը եկած է, հայերէն սորվելու համար հայկական վարժարաններ գացած ենք՝ Գեռլա հայաքաղաք, Վենետիկի Մուրադ Ռաֆայելեան վարժարան: Հոս 700 տարի չէ, 50 տարի վերջ չեմ գիտեր ի՛նչ կ՛ըլլայ: Կը տեսնեմ քիչեր, որոնք հպարտ են հայ ըլլալով: 1934ին, երբ Աստուածաշունչին թարգմանութիւնը կը տօնուէր Վիեննա, Ֆրանց Վերֆել, զոր անձամբ կը ճանչնամ, այդ օրերուն վանքում կը գրէր իր «Մուսա լերան 40 օրերը», ճառ մը խօսեց գերմաներէնով հոծ բազմութեան ներկայութեամբ: Ան ըսաւ. «Երբ մենք դեռ անտառներուն մէջ կ՛ապրէինք եւ գիտակից չէինք մեր ինքնութեան, հայը արդէն քաղաքակրթութեան մեծ նպաստներ տուած էր իր գիրով եւ ճարտարապետութեամբ»: Այսօր չեմ կարծեր, որ հայերէն եւ լատիններէն բացի կայ մի ժողովուրդ, որ հին դարերէն ունի այսքա՛ն մշակոյթ, հակառակ անոր, որ մեր թշնամիները միշտ նպատակ ունեցած են մեր մշակութային արժէքները հիմնայատակ կործանելու, մանաւանդ՝ ձեռագրերը: Պէտք է գիտակցինք մեր հայ ըլլալու արժէքին:
ԿԱՐԻՆԷ ՏԷՐ ԳԷՈՐԳԵԱՆ.- Հայկական դպրոցը կարո՞ղ է իր իւրայատուկ դիրքով երիտասարդներին ազատել օտարացումից:
Հ. ՕԳՈՍՏԻՆՈՍ ՍԵՔՈՒԼԵԱՆ.- Եթէ հիմը լաւ դրուի, ծառը ատոր համեմատ կը մեծնայ: Եթէ պզտիկը մանկապարտէզէն օտար վարժարան դրուի, ատոր վրայ խաչ քաշէ: Նոյնիսկ օտար ամուսնութիւնները չեն հեռացներ: Մայրս գերմանացի էր՝ Շտենգէլ, Ռոզալիա: Կողմ չեմ, սակայն նման բաներ պիտի պատահին, չորս հայ աշակերտ ունինք օտար ծնողներով: Պիտի հետեւինք, քաջութիւնը ունենանք հայերէն սորվելու: Պզտիկը ոչ իսկ կ՛անդրադառնայ եղածին, մենք պիտի քաջալերենք:
ԿԱՐԻՆԷ ՏԷՐ ԳԷՈՐԳԵԱՆ.- Մխիթարեան վարժարանի ներկայ կալուածի գոյութեան մէջ Ձեր ներդրումը:
Հ. ՕԳՈՍՏԻՆՈՍ ՍԵՔՈՒԼԵԱՆ.- Վարժարանը 1979 թուին Հոլիվուտի մէջ էր, կալուածը պզտիկ էր եւ շինարարութիւն ընելու հրաման չկար: 1981ին փոխադրուեցանք La Crescenta, պետութենէն վարձու առինք լքուած վարժարան մը: Կրնայինք գնել: Սակայն մեզի սխալ խորհուրդներ տուին, որովհետեւ վարձքը աւելի քիչ էր, քան եթէ մենք ստիպուէինք կալուածատուրք վճարել: 1998ին պետութիւնը պէտք ունեցաւ այդ դպրոցին եւ վերջնագիր տուաւ: Գտանք Tujunga-ի ներկայ հողամասը, որ նախկինէն հեռու չէր, եւ հնարաւորութիւն կար ընդարձակուելու: Այս հողը կը պատկանէր ՀԲԸ Միութեան: Մեզի դարձեալ խորհուրդ տուին վարձել: Ես ոտք դրի, որ վարձու բան այլեւս չեմ առներ, կ՛ուզեմ ոտքս դնել հողի մը վրայ, որ սեփականութիւն է: Նաեւ խորհուրդ տուին, որ դրամատունէն փոխ առնելով՝ մաս-մաս վճարենք: Ատոր ալ դիմադրեցի, եւ ամբողջ գումարը՝ $1,200,000 կանխիկ (քէշ) վճարելով գնեցինք: Արժէքը աւելի քան տասնապատկուեցաւ, եւ կալուածը դարձաւ Միաբանութեան սեփականութիւնը:
ԿԱՐԻՆԷ ՏԷՐ ԳԷՈՐԳԵԱՆ.- Ձեր նախասիրութիւնները:
Հ. ՕԳՈՍՏԻՆՈՍ ՍԵՔՈՒԼԵԱՆ.- Հիմա այլեւս նախասիրութիւններ չունիմ: Ժամանակին հին ձեռագիրներով եւ դրամագիտութեամբ զբաղած եմ: Վիեննա կարգաւորած եմ դիւանագիտական թուղթեր: Եթէ հոն մնացած ըլլայի, վերջացուցած կ՛ըլլայի այդ գործը: Ինծի համար այժմ կարեւորը հայ նոր սերունդին հայ մնալու հրամայականն է: Ի՞նչ կրնանք ընել, ես ալ չեմ կրնար պատասխանել: Բայց կ՛ընենք, այն ինչ կը կարծենք, թէ պէտք է ընենք:
ԿԱՐԻՆԷ ՏԷՐ ԳԷՈՐԳԵԱՆ.- Նկատի առնելով Ձեր տարիքը, հանգամանքը եւ դիրքը գաղութին մէջ, իրաւունք կը վերապահուի Ձեզ պատգամներ տալ հայութեան: Ի՞նչ կը թելադրէք:
Հ. ՕԳՈՍՏԻՆՈՍ ՍԵՔՈՒԼԵԱՆ.- Տուներու մէջ անպայման հայերէն պէտք է խօսին: Եթէ ծնողները զաւակները հայ պիտի չմեծցնեն, անիկա դաւ է հայութեան դէմ: Ի գին ամէն բանի, որքա՛ն կրնան, զաւակները պէտք է դնեն հայ վարժարաններ: Մանուկները ազգութեան կապիտալն (դրամա-գլուխն) են:
ԿԱՐԻՆԷ ՏԷՐ ԳԷՈՐԳԵԱՆ.- Դուք չէք մեծարել Ձեր անձը, ընտրել էք վանականի կեանքին վայել ձեւը: Խուսափում էք Ձեր դիրքը պարտադրելու սովորոյթից: Մանուկի հետ մանուկ էք, մեծի հետ՝ մեծ: Պաշտօնական մասերում կարծէք ունէք աշակերտին դասարանում պահելու զգացողութիւնը: Կարո՞ղ էք բացատրել այդ վիճակը:
Հ. ՕԳՈՍՏԻՆՈՍ ՍԵՔՈՒԼԵԱՆ.- Պարզապէս պարտականութիւն է ատիկա:
ԿԱՐԻՆԷ ՏԷՐ ԳԷՈՐԳԵԱՆ.- Ունէ՞ք յուշեր, գրութիւններ, տարբեր առիթներով Ձեր ունեցած ելոյթները, զորս կ՛ուզէիք հաւաքական ձեւով տպագրուած տեսնել:
Հ. ՕԳՈՍՏԻՆՈՍ ՍԵՔՈՒԼԵԱՆ.- Համակարգիչիս մէջ ամէնը կան: Եթէ մէկը իմ մահէս վերջ օգտակար կը գտնէ անոնց տպագրութիւնը, ապա թող ընէ: Աբբահայրը վերջին անգամ գալուն բոլորը գրանցեց եւ տարաւ հետը:
ԿԱՐԻՆԷ ՏԷՐ ԳԷՈՐԳԵԱՆ.- Ձեր մտածումներից ո՞րը կ՛ուզէիք ներկայացնել իբրեւ վերջաբան:
Հ. ՕԳՈՍՏԻՆՈՍ ՍԵՔՈՒԼԵԱՆ.- Երբ որ մէկը ապրի 88 տարի, շատ բաներ կ՛ունենայ ըսելու: Կեանքի գաղտնիքը ուրիշին համար ապրիլ գիտնալն է: Մխիթար Աբբահայրը ազգին կ՛ըսէ. «Քեզի ծառայելը ինծի համար պատիւ է»: Իմ մտահոգութիւնս ազգին ապագան է, որ կախուած է նոր սերունդէն, որ համապատասխանաբար կախուած է մեր դիրքորոշումէն եւ գիտակցութենէն եւ համոզումէն թէ՝ պարտականութիւն ունինք ազգին հանդէպ:
Յունիս 2009, Tujunga, LA
Ծնթ.- Դպրոցական տարեշրջանի վերամուտին, հայր Օգոստինոսի հայաշունչ յորդորները կարող են աշխուժացնել մեր ազգային զգացումները եւ նպաստել ծնողներին՝ իրենց զաւակների ուսման հետ կապուած հետագայ որոշումներին: