ՆՈՒՊԱՐ ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ
Հովանաւորութեամբ Սան Ֆրանսիսքոյի Համազգային մշակութային միութեան «Ն. Աղբալեան» մասնաճիւղին, բազմատաղանդ նկարչուհի Ժանէթ Շահքարամեանի իւղանկարներու առաջին ցուցահանդէսը, տեղի ունեցաւ Կիրակի 26 Յուլիս 2009ին, յետմիջօրէին ժամը 3:00էն սկսեալ, հայ եւ ամերիկացի արուեստասէրներու ներկայութեամբ, արուեստագիտուհիին Պէլմօնթ քաղաքի բնակարանին ու պարտէզին մէջ:
Չափազանցած չենք ըլլար «Բազմաշնորհ» կոչելով Ժ. Շահքարամեանը, որովհետեւ զինք տեսած ենք զանազան առիթներով, իբրեւ Սան Ֆրանսիսքօ գաղութի գործունեայ անդամուհիներէն, տեսած ենք զինք իբրեւ երգչուհի, բանաստեղծ, ասմունքող, դաշնակահար ու այսօր հպարտութեամբ կը ներկայացնենք զինք՝ իբրեւ արուեստագէտ նկարիչ. իւրայատուկ են իր իւղանկարները, ուր իր ներշնչման աղբիւրները եղած մեր գիրն ու գրականութիւնը. իր իսկ խոստովանութեամբ, ան կ՛ըսէ. «Երեխայութենէս մեծ սէր ունեցած եմ գոյներու ու նկարչութեան հանդէպ, իմ նկարչութեան երեւակայութեան աղբիւրը եղած է հայկական մանկական դպրոցական պատմութիւնները, Մեսրոպեան տառերն ու հայկական բանաստեղծութիւնները»:
Ժ. Շահքարամեան ծնած է Թեհրան, Իրան. իր նախնական կրթութիւնը ստացած է տեղւոյն ազգային վարժարաններուն մէջ, յաճախած է Թեհրանի պետական համալսարանը՝ հետեւելով երաժշտութեան ու դաշնակի դասընթացքներուն: Ան ամուսնացած է 1974ին Անդրանիկ Շահքարամեանին հետ, ապա 1979ին գաղթելով ԱՄՆ՝ հաստատուած է Սան Ֆրանսիսքօ: Ժ. Շահքարամեանի նախասիրած աշխատանքը եղած է ուսուցչութիւնը, ու իբրեւ այդպիսին՝ երկար տարիներ գործած է Սան Ֆրանսիսքոյի մէջ ու շրջակայքը իբրեւ միջնակարգ դպրոցներու ուսուցչուհի պետական դպրոցներէ ներս: Ան իր նպաստը բերած է նաեւ «Գռուզեան-Զաքարեան-Վասպուրական» դպրոցի Ծնողական խորհուրդի իբրեւ անդամ ու քանի մը տարիներու ատենապետուհի. ան նաեւ երկար տարիներ եղած է Ս. Գրիգոր Լուս. եկեղեցւոյ Դպրաց դասի օժանդակ անդամ:
Ցուցահանդէսի բացումը կատարելով՝ արուեստագիտուհին նախ իր շնորհակալութիւնները յայտնեց Համազգայինի «Ն. Աղբալեան» մասնաճիւղի վարչութեան, որ ընդառաջելով իր առաջարկին՝ հովանաւորած էր ցուցահանդէսի կազմակերպութիւնը, ապա ան իր շնորհակալութիւնները յայտնեց յատկապէս իր ամուսնոյն՝ Անդրանիկ Շահքարամեանին, իր որդիին ու դստեր ու իր բարեկամներէն Ռուբէն Քազարեանին, որոնց աշխատանքներով իրականացաւ այս ցուցահանդէսը ու անոնց աշխատանքներով նաեւ իրականացած է Ժ. Շահքարամեանի անուան կայքէջը, զոր հասցէագրուած է՝ «www.mrsarmenia@aol.com»ը, եւ որ առիթը պիտի տայ դիտելու արուեստագէտին բոլոր նկարները. բարի գալուստ մաղթելէ ետք ներկաներուն, ան ըսաւ. «Յոյսով եմ, որ ձեր աչքերը եւ հոգիները շոյուած են իմ գեղարուեստի նմուշները դիտելով»:
Ժ. Շահքարամեանի իւղանկարները իւրայատուկ են իրենց ոճով ու գոյներով, անոնք ներշնչուած ու հիմնուած են հայ բանաստեղծներու ու վիպասաններու գործերուն վրայ. հաճելի ու վառ գոյներով, իւրաքանչիւր այցելուի սրտին խօսող 40ի շուրջ նկարներ, վրձինի նուրբ հարուածներով ստեղծագործուած են:
Ժ. Շահքարամեան նաեւ իր սրտին խօսքը տալով հայ լեզուի ու պահպանման մասին՝ ըսաւ. «Հայոց լեզուի գոյատեւութիւնը մեծ հոգս է իմ սրտում եւ յոյսով եմ, որ մեր հայ օճախներում, ամէնքը կը շարունակեն հայերէն խօսել, քանզի իմ կարծիքով՝ լեզուն է ազգի գոյատեւութեան գրաւականը. տարիներ առաջ գրած իմ բանաստեղծութիւնը՝ «Այբուբեն պատկերի խնդրանքը» վերնագրով, նուիրել եմ սփիւռքահայ մատղաշ սերունդին, եւ որում հայոց տառերի եւ իմ սրտի խորքից քաջալերել եմ, որ մեր ապագայ սերունդը չմոռանայ հայերէն խօսելը»:
Ժ. Շահքարամեան ինքնակենսագրութեան անդրադառնալով՝ կը պատմէ. «Փոքր հասակից մեծ սէր եմ ունեցել երաժշտութեան, գեղանկարչութեան ու գրականութեան, ազգային վարժարանում միշտ գնահատել եմ հայերէն գեղեցիկ ձեռագիրը. փոքր հասակից սիրել եմ գոյնել եւ նկարել, 1998-91 ԱՄՆի «Skyline College»ում նկարչութեան ու գծագրութեան դասեր եմ վերցրել. նկարչութեան սկսել եմ 1998 թուից, մինչեւ հիմա նկարչութեան թեմաներս համարեա բոլորն էլ հայկական են՝ հիմն ունենալով հայ գրողների ու բանաստեղծների ստեղծագործութիւնները. օրինակ՝ Յ. Թումանեանի «Անուշ»ը, «Գիգոր»ը եւ «Գառնիկ Ախպէր»ը. Չարենցի «Ես Իմ Անուշ Հայաստանի»ն. Յով. Շիրազի «Որն Է Բաբօ Մեր Հայրենիք»ը. Պ. Սեւակի «Բարեւ»ը եւ այլն: Նոյնպէս պատմութիւնների եւ նկարների համատեղումը մի պաստառի վրայ չի եղել, մեր յայտնի նկարիչները պատկերազարդել են գրքեր ու պատմութիւններ, բայց ամփոփուած նկարչութիւն որեւէ պատմութեան կամ բանաստեղծութեան մասին համառօտ գրուածքներով չի եղել»:
Ցուցահանդէսի ընթացքին նաեւ տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն ու ներկաները երկար առիթ ունեցան դիտելու, կարծիքներ փոխանակելու նկարներուն մասին, արուեստագէտին հետ բաժնելու իրենց տեսակէտներն ու փոխանցելու իրենց գնահատանքը: