Էջը Պատրաստեց՝
ԹԱՄԱՐ ԹԻՒՖԷՆԿՃԵԱՆ-ՍԷՐԱՅՏԱՐԵԱՆ
Այսօր մեր երեխաները իրենց խաղի հաճելի ժամերուն մեծամասնութիւնը կ՛անցընեն տան մէջ: Բախտաւոր կը սեպենք այն ժամը, երբ երեխան ամէն գնով շարժապատկեր դիտելու կամ video խաղերով խաղալու ստիպողութիւնը մեր առջեւ չի դներ: Շատ յաճախ կը սահմանափակենք անոր դիտելու ժամերը, բայց երբեմն ալ անել կացութեան առջեւ գտնուելով՝ տեղի կու տանք իր ոչ օգտակար փափաքին:
Մինչդեռ, երեխային համար խաղալու հաճելի վայրերէն մէկը պէտք է ըլլայ պարտէզը, երբեմն փողոցը, իր թաղեցի ընկերներուն հետ: Աւելի՛ն, երեխային խաղերը պէտք է «ստեղծուին» շարժուն վիճակի մէջ: Ան կը սորվի խաղալով, կեանքը կը յայտնաբերէ խաղով եւ առաւել փորձառութիւն ձեռք կը ձգէ իր խաղերով: Արդի կեանքը, սակայն, իր քաղաքակրթուած զանազան կապանքներուն հետ միասին երեխաները կապեց տունը, հեռատեսիլին կամ տնային այլ խաղերու: Այս մէկը ինքնին բնականոն վիճակէն դուրս բերաւ երեխան: Մանուկը իր մանկութեան արդար իրաւունքէն զրկուեցաւ: Այդ մէկուն հետեւանքն ալ հետագային արեւու պէս յստակ պիտի դառնայ:
Ներկայիս այս իրականութեան իրազէկ, մասնագէտներ կը քաջալերեն երեխաները դուրսը՝ բակը, պարտէզը, փողոցը խաղալու համար: Զանազան ֆիզիքական եւ հոգեկան սխալ դրուածքներ, արդիւնք են այն իրականութեան, ուր երեխան դուրսը եւ առանց ծնողքին հետապնդող աչքին, մէկ վայրկեան անգամ չի վստահուիր: Երեխան ինքնաբերաբար կը զգայ, թէ մայրը անհանգիստ կը դառնայ, երբ պահ մը զինք չի տեսներ, կամ սահանակին ետեւը մնալով մօրը աչքէն վրիպի ան: Այդ զգացումը ինքնավստահութեան պակաս կը ծնի եւ անշուշտ՝ շարունակութիւնը…
Հին խաղի ձեւերէն ոմանց պէտք է ծնողները իրենք ձեռնարկեն ու քաջալերեն երեխան որ այդ ձեւով զբաղի: Ուշադրութիւն. սկիզբը կրնայ ըլլալ փոքրիկը չսիրէ այդ ձեւը, որովհետեւ իր վարժուածէն տարբեր է, սակայն ժամանակի ընթացքին, երբ ծնողքը հետեւողական կերպով երեխային հետ խաղալով կը սորվեցնէ այդ նոր, բայց շատ հին խաղատեսակը, երեխան ալ կը վարժուի:
Այս թիւով քանի մը աւանդական խաղատեսակներ կը թուենք առ ի գիտութիւն, կամ աւելի ճիշդը, առ ի յիշեցում:
1- Հեծանիւ: Հաւանաբար երեխան շատ ուզած է հեծանիւ քշել մօտակայ պարտէզին մէջ, բայց ժամանակի անյարմարութեան հետեւանքով, այդ մէկը չէ իրականացած: Ուրեմն յետայսու, անպայման նախաձեռնեցէք անոր: Անիկա լաւագոյն մարզանքներէն մէկն է եւ միաժամանակ, առանձին քշելով երեխային ինքնավստահութիւնը կը զարգացնէ: Այս պարագային անհրաժեշտ է գլուխը պաշտպանող գլխարկը, ինչպէս նաեւ ծունկի եւ արմուկի պահպանակները:
2- Ծառ մագլցիլ: Ամէնէն հաճելի եւ օգտակար մարզանքներէն մէկը կը համարուի ծառ մագլցիլը: Սկիզբը կրնայ անիկա բաւական դժուար կամ նոյնիսկ վտանգաւոր թուիլ, բայց հետագային պիտի դառնայ ամէնէն հաճելի գործերէն մէկը:
3- Ցատկել: Գետինը գծուած 1-10 քառակուսիներու վրայ ցատկռտելու խաղը բաւական հետաքրքրական է: Երկու խաղացող նուազագոյնը կրնան հաճոյքով զբաղիլ այս խաղով: Կարիքը ունիք միայն կաւիճի եւ անշուշտ ցատկելու տրամադրութեան:
4- Աստղերուն հետեւիլ: Պայծառ գիշեր մը կարելի է մոլորակները դիտել հեռադիտակով: Այս մէկը բաւական հետաքրքրական կ՛ըլլայ երեխաներուն համար: Անոնք նման պահեր եւ անոնց տպաւորութիւնը իրենց հետ կը պահեն ամբողջ կեանք մը: Այսպիսով, թէ՛ կարելի է տարբեր հետաքրքրական բան մը յաջողցնել եւ թէ՛ երեխային մէջ բնութեան ու տիեզերքի սէր աճեցնել:
5- Օճառով պղպջակներ: Այս մէկը բաւական հաճելի պիտի ըլլայ տաք եւ խոնաւ օրուան մը ընթացքին: Յատկապէս պղպջակները շատ կը սիրեն խոնաւ օդը, որովհետեւ այդ մէկը իրենց կեանքը կ՛երկարէ: Դուք անձամբ կրնաք ձեր պղպջակը պատրաստել: Միասին խառնեցէք մէկ գաւաթ ջուր, մէկ գաւաթ ամաններ լուալու հեղուկ դեղ, 1 ապուրի դգալ կլիսիրին, եւ 1/2 թ. դգալ շաքար: Ապա մատներով «Օ» տառը շինեցէք եւ հեղուկին մէջ մխրճեցէք ձեր ձեռքերը, ապա դուրս հանելով փչեցէք մինչեւ մեծ պղպջակ մը ունենաք:
6- Պարան ցատկել: Այս մէկը նաեւ շատ հաճելի եւ հետաքրքրական մարզանք-խաղ մը կը համարուի: Միաժամանակ, շատ առողջապահական, որովհետեւ անիկա ամբողջ մարմինը շարժումի մէջ կը պահէ եւ երեխային կը վարժեցնէ ցատկելու մարզանքը:
7- Գնդակի խաղը: Այս խաղը յարմար է մեծ խումբի համար՝ 4 եւ աւելի խաղացողներէ բաղկացած: Երկու խումբի բաժնուած՝ անոնք կրնան խաղալ այս խաղը մէջտեղը կեցողներուն վրայ նետելով գնդակը երկու կողմէն: Մէջտեղի խաղացողները պիտի փորձեն գնդակէն փախուստ տալ կամ ամուր բռնել զայն: Այն խաղացողը, որ իր մարմինէն գնդակի հարուած կը ստանայ, ինքնաբերաբար խաղէն դուրս կու գայ: Ամէն անգամ, երբ գնդակ կրնայ բռնել խաղացողը, առաւելութիւն մը կը ստանայ: Ան անգամ մը եւս խաղին կրնայ մասնակցիլ այդ բռնած գնդակին պատճառով:
8- Ծովեզերեայ աւազի բերդը: Ամէնէն հաճելի զբաղումներէն մէկը, որ կարելի է ծովափը կատարել: Կարիքը ունիք դոյլերու, բահերու, իսկ մնայուն կերպով ծովէն ջուր չկրելու համար, կարելի է խորունկ փոս մը փորել ծովու ալիքներու հասողութենէն քիչ մը հեռու, եւ այդ փոսի ջուրով թրջել շինարարութեան աւազը:
9- Փուչիկներով կենդանիներ պատրաստել: Բարակ եւ շատ առաձգական փուչիկները կրնաք օգտագործել՝ զանոնք ոլորելով եւ կենդանիներու ձեւ տալով անոնց:
10- Խխունջի խաղը: Քառանկիւններով խխունջ պատրաստեցէք. իւրաքանչիւր խաղացող մէկ ոտքի վրայ ցատկելով պէտք է հասնի մինչեւ խխունջին կեդրոնը, առանց գիծերուն վրայ կոխելու:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.