ՊԱՔՈՒ.- Ատրպէյճանցի քաղաքական վերլուծաբան Ռասիմ Մուսապայով «Ինթերֆաքս Ատրպէյճան» լրատու գործակալութեան յայտնեց, որ հիւսիսային Կովկասի մէջ անկայուն կացութիւնը կրնայ Ատրպէյճանի եւ Ռուսիոյ հետ առեւտրական եւ տնտեսական յարաբերութիւններուն վրայ ժխտական ազդեցութիւն ունենալ։
Երկուշաբթի առտու Ինկուշեթիոյ Նազրան քաղաքին մէջ 19 զոհ պատճառած անձնասպանական գործողութենէն ետք Հիւսիսային Կովկասի մէջ վատթարացող կացութեան մասին խօսելով՝ ան յայտնեց, թէ «Այն ինչ որ այսօր տեղի ունեցաւ անշուշտ բոլորիս համար ժխտական դէպք մըն է»։
«Ատրպէյճանի հաղորդակցութեան ճամբաները հիւսիսային Կովկասի մէջ կը գտնուին եւ քարիւղը եւս այս ուղիով կ՛արտածուի։ Ապագային կազ պիտի արտածուի։ Եթէ շրջանին մէջ կացութիւնը հսկողութենէ դուրս գայ, ան պիտի հարուածէ նաեւ Ռուսիոյ հետ մեր առեւտուրը, որ կը շրջանցէ 2 միլիառ տոլարը», ըսաւ վերլուծաբանը։
Մուսապայով յայտնեց, որ «Հիւսիսային Կովկասի եւ հարաւային Կովկասի մէջ հանրապետութիւնները հաղորդակցութեան երակներու պէս են», եւ ներկայ անկայունութիւնը Ատրպէյճան-Ռուսիա յարաբերութեանց վրայ տնտեսական ժխտական ազդեցութեան կողքին, կրնայ հիւսիսային Կովկասէն դէպի Ատրպէյճան ծայրայեղականութեան «արտածման» պատճառ ըլլալ։
«Ուստի ծայրայեղականութեան ու ահաբեկչութեան հզօրացման եւ այս կացութեան վրայ Ռուսիոյ վերահսկողութեան կորուստին պարագային, որեւէ երաշխիք չկայ, թէ ժխտական ընթացքը մեզի պիտի չհասնի, ինչպէս մօտիկ անցեալին պատահեցաւ, երբ հիւսիսային Կովկասէն տարբեր ծայրայեղական ուժեր փորձեցին մեր հողամասերը մուտք գործել», ըսաւ ատրպէյճանցի քաղաքական վերլուծաբանը։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.