ԹՈՔԻՕ.- Աշխարհի երկրորդ մեծագոյն տնտեսական ուժ ունեցող Ճափոնը ազդարարեց ճգնաժամէն դուրս գալու իրողութիւնը այս վերջին եռամսեակին, կանգնեցնելով նահանջը ու արձանագրելով ամսական 0.9 տոկոսի աճ:
Ճափոնէն առաջ, Եւրոպայի մէջ Ֆրանսան եւ Գերմանիան դուրս եկած էին ճգնաժամէն՝ աւելի նուազ չափով աճ արձանագրելով:
Ճափոնի տնտեսութիւնը, յստակ է, որ կախեալ է իր արտածումներու ծաւալէն, որ իր կարգին, կախեալ է Եւրոպայի եւ Միացեալ Նահանգներու սպառողներու տրամադրութենէն:
Ամերիկեան ցամաքամասի վրայ, ըստ հարցախոյզներու, սպառողները տակաւին չափազանց զգուշութեամբ կը ծախսեն իրենց դրամները՝ դանդաղեցնելով տնտեսական առողջացման թափը:
Սպառողներու յարատեւող զգուշաւորութիւնն ու լաւատեսութեան բացակայութիւնը պատճառ դարձաւ նաեւ, որ Երկուշաբթի օր քարիւղի գինը անկում արձանագրէ՝ հում քարիւղի տակառին գինը իջեցնելով 66 տոլարի մակարդակէն նուազ: