ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ Տի.Սի.- «Ուաշինկթըն Թայմզ» թերթը անցեալ Հինգշաբթի օրուան իր թիւով անդրադարձած է հայ-թրքական յարաբերութիւններուն՝ գրելով, որ եթէ Թուրքիա բանայ Հայաստանի հետ իր սահմանը, ապա Հայաստանի համար աւելի մատչելի կը դառնայ առեւտուր կազմակերպելը Միջերկրական եւ Սեւ ծովերու նաւահանգիստներուն հետ՝ թուլացնելով կախուածութիւնը Ռուսիայէն:
Այս յօդուածին մասին Պէյրութի «Ազդակ» օրաթերթը, երէկ՝ Երկուշաբթի օր, հրատարակած է ակնարկ մը՝ «Ամերիկեան Թերթին Պահանջած Գինը» խորագիրով, զոր կը ներկայացնենք ստորեւ.
«Աւելի լաւ յարաբերութիւններ Թուրքիոյ հետ՝ կրնան օգնել Հայաստանին», Նիքլըս Քլէյթըն, «Տը Ուաշինկթըն Թայմզ», 13-08-09։ Ամփոփ է լուր-յօդուածը, որուն մէկ բաժինն ալ մէջբերումն է Մոսկուայի «Քառնըկի» կեդրոնի փորձագէտ Մաշա Լիփմանի վերլուծումներուն։
«Տը Ուաշինկթըն Թայմզ»ի հրապարակած այս յօդուածին հիմնական պատգամը ընդգծելն է ռուսական ենթակայութենէն Հայաստանի դուրս գալու հնարաւորութիւնը։ Պարզ է տրամաբանութիւնը. Հայաստան պէտք է բարելաւէ իր յարաբերութիւնները Թուրքիոյ հետ. եւ երբ բացուի հայ-թրքական սահմանը, Հայաստան հնարաւորութիւն կ՛ունենայ դէպի Սեւ ծովու եւ դէպի Միջերկրականի նաւահանգիստներուն հետ առեւտրական կապեր կազմակերպելու մատչելիութիւն ապահովել։ Տակաւին, Թուրքիոյ հետ իր սահմանի բացման պարագային, Հայաստան ՆԱԹՕի եւ Եւրոպական միութեան հետ համարկումի ճամբով ուժանիւթի առեւտուրի համար շատ կարեւոր կեդրոնի կրնայ վերածուիլ։
Քանի մը պարբերութեամբ ամերիկեան թերթի էջերուն կ՛ուրուագծուի բոլորովին նոր Հայաստան մը, որ դէպի Սեւ ծով եւ դէպի Միջերկրական առեւտրական եռուզեռի կը ձեռնարկէ եւ կը դառնայ ուժանիւթի առեւտուրի տարանցիկ կարեւոր կեդրոն։
Շրջանային նման տարողութեամբ ուժի վերածուելու համար կը բաւէ, որ Հայաստան բարելաւէ իր յարաբերութիւնները Թուրքիոյ հետ եւ Թուրքիան բարելաւման քայլերուն դիմաց բանայ Հայաստանի հետ իր փակած սահմանը։ Ի՞նչ է գինը կտրուկ բարգաւաճում ապահովելու հրաւէր ստացող Հայաստանին՝ այս բոլորը իրականացնելու համար։ Թէեւ ուղղակի չէ բանաձեւուած այս գինը, բայց պարզ է պատգամը. «Տը Ուաշինկթըն Թայմզ»ը իր ընթերցողներուն յիշեցուցած է, որ Հայ-թուրք յարաբերութիւնները խոչընդոտող հարցը Հայոց Ցեղասպանութիւնն է։ Աւելի ճիշդը՝ հիմնական խոչընդոտներէն է։ Բայց երբ այլ խոչընդոտ չի նշուիր, հարցը բնականաբար կը կեդրոնանայ միայն նշուածին վրայ։
Աւելի պարզացնենք զարգացուած տրամաբանութիւնը։ «Տը Ուաշինկթըն Թայմզ»ն ու «Քառնըկի» հիմնարկը կ՛արտայայտեն Միացեալ Նահանգներու արտաքին քաղաքականութիւնը. այս պարագային, այդ քաղաքականութեան հայ-թուրք յարաբերութիւններուն վերաբերող բաժինը։ Առաջադրուածը՝ շրջանին մէջ ռուսական գործօնի ազդեցութեան նուազեցումն է։ Միջոցը՝ հայ-թուրք սահմանի բացումը։Ծրագիրը իրականացնելու գործիքները՝ Թուրքիան եւ Հայաստանը։ Գրաւիչ առաջարկները՝ առեւտուրը, ուժանիւթը, տնտեսական բարգաւաճումը։ Այս բոլորի իրականացման համար առաջարկուած դեղատոմսը՝ հայ-թուրք յարաբերութիւններու բարելաւումը։ Դեղատոմսը ուղղուած է Հայաստանին, խորագիրի ճշդումով իսկ՝ «Աւելի լաւ յարաբերութիւններ Թուրքիոյ հետ կրնան օգնել Հայաստանին»։
Փորձենք ամփոփել խորագիրին հետ կապուած դիտարկում մը։ Հայաստանեան կարգ մը լրատուամիջոցներ նախընտրած են բնագրային խորագիրը փոխել եւ յօդուածը վերնագրել «Հայաստանը կրնայ համարկուիլ ՆԱԹՕի եւ Եւրոպական միութեան հետ»։ Պատճառը յստակ չէ բնագրային թարգմանութեան այս խախտումին։ Կրնայ ենթադրուիլ, որ թարգմանութիւնը կատարուած է «Տը Ուաշինկթըն Թայմզ»ի այս յօդուածը թարգմանած այլ կայքէջէ, որ ուզած է ընդգծել ռուսական ազդեցութենէ դուրս գալու եւ ՆԱԹՕի անդամակցութեան գործընթացներուն ներգրաւուելու շտապողականութեամբ յատկանշուած Հայաստանի այլ դրացի երկրի մը առած քայլերուն հետեւանքները…։
Վերադառնանք պահանջուած գինին։ Խորագիրը քաղաքական միակողմանիութեամբ ակներեւ է։ Թէեւ Թուրքիան փակած է սահմանը, այսուհանդերձ, յարաբերութիւններու բարելաւումը կը պահանջուի Հայաստանէ՛ն։ Ի՞նչ գնով. թերթին ճշդած հիմնական խոչընդոտի վերացման գնով։ Դարձեալ պարզեցնենք լռելեայն առաջարկուածը։ Հրաժարեցէ՛ք Ցեղասպանութեան ճանաչման պահանջէն՝ կ՛ունենաք Սեւ ծով, Միջերկրական ծով։ Կ՛ունենաք՝ առեւտուր, կը դառնաք ուժանիւթի տարանցիկ կեդրոն։
«Տը Ուաշինկթըն Թայմզ»ով արտայայտուող քաղաքականութիւնը յայտնապէս բաժնող Մինսկի խմբակի ամերիկացի համանախագահ Մէթիու Պրայզան շաբաթներ առաջ կը յայտարարէր, թէ հայ-թուրք յարաբերութիւնները սառեցուած վիճակ կը պարզեն։ «Տը Ուաշինկթըն Թայմզ»ը կրնայ նախանշան մը ըլլալ, որ այդ յարաբերութիւնները վերաջերմացնելու ենթահողի նախապատրաստութիւններ տեսնուին աշխարհաքաղաքական կեդրոններու մէջ։ Մանաւանդ որ Սեպտեմբեր-Հոկտեմբերը, ինչպէս հայրենի հրապարակագրութիւնը կը սիրէ գործածել՝ սարերուն ետին չեն։