ԵՐԵՒԱՆ, «Ռատիօլուր».- Եւրոպական խորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովի (ԵԽԽՎ) վերջին նստաշրջանին լուրջ քննարկումներու նիւթ դարձած է Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանի ընթացակարգերուն վերանայման հարցը:
Ըստ իրաւաբան Հրայր Թովմասեանի, Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարան Հայաստանէն ներկայացուած դիմումները եւ Հայաստանի դէմ կայացած վճիռները ամբողջութեամբ չեն բնութագրէր դատական համակարգը։
Եւրոպական խորհուրդը ունի 47 անդամ պետութիւն, 800 միլիոն ընդհանուր բնակչութիւն, ինչ որ հաւանական կը դարձնէ 800 միլիոնի դիմումը։ Դատարանի դիմումներուն թիւը աւելի շատ է քան հարիւր հազարը, որոնք կը սպասեն իրենց լուծման ընթացքին: Իսկ քննարկման ընթացակարգը այնպիսին է, որ գործերուն քննութիւնը կը տեւէ 4-5 տարի: 2003ին ներկայացուած դիմումներուն վերաբերեալ որոշումները կայացած են միայն այս տարուան ընթացքին:
Ըստ իրաւաբանին, Հայաստանի հանրապետութեան դէմ կան մօտաւորապէս տասը կայացուած որոշումներ, որոնք յատկապէս կը վերաբերին 2003ին ներկայացուած բողոքներու:
«Արդէն իսկ այդ մի քանի որոշումները բաւարար են, որ այդ ազդակները Եւրոպական դատարանից գան մեր դատական համակարգ եւ որոշակիօրէն վերափոխման միտումներ դրսեւորէն: Այսօր որոշ դատաւորներ, կը դժուարանամ ասեմ բոլորը, բայց իրենց վճիռների հիմնաւորման մէջ յղումներ են անում եւրոպական դատարանի որոշումներին, ինչը դրական երեւոյթ է»:
Մինչ օրս Հայաստանէն Եւրոդատարան ներկայացուած են աւելի քան 1000 դիմում, որոնց 600ը ոչ թէ Հայաստանի, այլ Ատրպէյճանի քաղաքացիներուն ներկայացուցած դիմումներն են՝ ընդդէմ Հայաստանի հանրապետութեան եւ ըստ որոնց, Հայաստան խախտած է իրենց սեփականութեան իրաւունքը: Այդ գործերը ներկայացուած են 2004ին եւ տակաւին ընթացք չեն ստացած: Մօտաւորապէս նոյն թիւով գործեր ներկայացուած են հայերէ, որոնք տեղահանուած են Պաքուէն եւ այլ շրջաններէ:
Հրայր Թովմասեանին խօսքերով, Մարտ մէկի դատավարութիւններէն ետք, այդ գործերով դատապարտուածներէն շատեր, ըստ իրենց պաշտպաններուն, կը պատրաստուին դիմելու Մարդու իրաւունքներու դատարան: