ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Հաւանաբար դեռ կանուխ է յայտարարելու համար, որ Հայաստանի մէջ հոգեւոր յեղափոխութիւն մը իրականացած է ու մարդիկ սկսած են աւելի ու աւելի փարիլ իրենց կրօնքին ու հաւատքին:
Յամենայնդէպս, ակնյայտ է, որ Ս. Էջմիածինը թէ պետութիւնը, միասնաբար կ՛աշխատին, որպէսզի հայ մարդը դառնայ իր եկեղեցիին, փարի անոր, յարգէ անոր աւանդոյթները:
Ս. Էջմիածինը իր Գէորգեան պատմական ու Վազգէնեան նոր հոգեւոր ճեմարաններով, տարուէ տարի աւելի մեծ թիւով քահանաներ ու վարդապետներ կը պատրաստէ ու կը լծէ հովուական աշխատանքի, կը վերանորոգէ հին եւ կը կառուցէ նոր եկեղեցիներ, կրօնքի ու կրօնական ծէսերու եւ խորհուրդներու իմաստը բացատրող յայտագիրներ կը սփռէ տպագիր եւ եթերային մամուլով՝ հովանաւորելով «Վէմ» ձայնասփիւռի եւ «Շողակաթ» հեռատեսիլի կայանները:
Պետութիւնը իր կարգին կը դիմէ որոշ քայլերու:
Առաջին հերթին, պետական բարձրագոյն պաշտօնեաները միշտ ներկայ են եկեղեցական կարեւոր տօներու պատարագներուն՝ Ս. Էջմիածնայ մէջ, եւ իրենց ներկայութեամբ անուղղակիօրէն կը քարոզեն կարեւորութիւնը Աստուծոյ տուն յաճախելու:
Պետութեան աջակցութիւնը եկեղեցիին նաեւ կը դիւրացնէ եկեղեցաշինական ծրագիրները, երբեմն՝ արտօնեալ հողայատկացումներու ճամբով, երբեմն ալ՝ ուղղակիօրէն նպաստելով պատմական նշանակութեամբ եկեղեցական կոթողներու վերանորոգման աշխատանքներուն:
Շատ յատկանշական է նաեւ պետութեան առած քայլերէն մէկը՝ եկեղեցւոյ հինգ տաղաւարներուն յաջորդող երկուշաբթիները, որոնք Մեռելոցի օրերն են, ո՛չ աշխատանքային օր յայտարարելը, անուղղակիօրէն մղելով քաղաքացիները այդ օրը այցելելու իրենց հարազատներուն շիրիմները:
Ընդգծելով հանդերձ պետութեան կողմէ եկեղեցւոյ գործերուն չխառնուելու սկզբունքը (ի վերջոյ Հայաստան է՛ ու պէ՛տք է մնայ աշխարհիկ պետական համակարգով ղեկավարուող երկիր)՝ կարեւոր կը նկատենք Հայաստանի մէջ հոգեւոր վերածնունդի աշխուժացումը, իբրեւ ազգային մեր բարոյական սկզբունքներու խորհրդային խաթարումները սրբագրելու միջոց: