ԹԵՀՐԱՆ.- Նախագահական ընտրութեան արդիւնքներուն դէմ բողոքի ցոյց կատարած անձերու արգելափակման ընթացքին բռնաբարումին կամ չարչարանքի ենթարկուելուն վերաբերեալ յօդուածներու լոյս ընծայելէն ետք, Իրանի արդարադատութիւնը արգիլեց պարտութեան մատնուած նախագահութեան բարեկարգչական թեկնածու Մեհտի Քարուպիի օրաթերթը։
Քարուպիի որդին՝ Հոսէյն, իր հօր կուսակցական կայքէջին վրայ Երկուշաբթի օր ըսաւ, որ դատախազութենէն պաշտօնատար մը Կիրակի օր «Էթեմետ Մելլի» օրաթերթին հրապարակումը հրամայած է «ժամանակաւոր արգիլման» ենթարկել։
Քարուպիի որդին ըսաւ, որ օրաթերթը արգիլուած է, որովհետեւ իր հայրը՝ «իր դէմ արձակուած վարկաբեկիչ խօսքերու պատասխաններ» հրապարակած էր:
Պահպանողականները կը յայտնեն, որ բռնաբարումներու մասին վարկածները Իրանի օտար քննադատներուն ջաղացքին ջուր լեցուցած են։
Խորհրդարանի նախկին նախագահ Քարուպի, որ ներկայիս ընդդիմութեան մէջ ականաւոր դէմք մըն է, Կիրակի օր խոստացաւ բանտի մէջ կատարուած վատ վարուելակերպերուն հարցով ճշմարտութիւնը հետապնդել։ «Սակայն դարձեալ կ՛ըսեմ, որ այս վարուելակերպը եւ ճնշումը զիս լռութեան պիտի չմատնեն եւ հարկ եղած նիւթերը պիտի արծարծեմ։ Պիտի լռեմ միայն, երբ այս դէպքերուն բոլոր ծալքերը քննարկուին եւ ժողովուրդին ճշմարտութիւնը ըսուի»։
Մէկ այլ օրաթերթ մը՝ «Քալմահ Սապզ» («Կանաչ բառ»), որ կը պատկանի ընդդիմադիր ղեկավար Միրհոսէյն Մուսաւիի, նախագահական ընտրութենէն անմիջապէս ետք նաեւ փակուեցաւ։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.