Հիւսիսային Կովկասի մէջ ոստիկանատան մը դէմ ականուած բեռնակառքով անձնասպանական գործողութիւն մը 19 զոհ եւ շուրջ 60 վիրաւոր պատճառած է։
Ականահարումը ամիսներէ ի վեր հարաւային Ռուսիոյ մէջ ամէնէն մահաբերն էր եւ վնասեց Քրեմլինի այն վարկածին, որ հիւսիսային Կովկասը կը կայունացնէ։
Շրջանային նախագահի բանբեր Քալոյի Ախիլկով յայտնեց, որ յարձակումին հեղինակը Ինկուշեթիոյ Նազրան քաղաքին մէջ ոստիկանութեան կեդրոնատեղիին դարպասին բախեցաւ եւ պայթեցուց ականուած իր բեռնակառքը, մինչ ոստիկաններ առաւօտեան քննութեան համար շարքի կեցած էին։ Ռուսիոյ ընդհանուր դատախազի գրասենեակին հետաքննական թեւի շրջանային բաժանմունքէն Սվեթլանա Կորպաքովա յայտնեց, որ առնուազն 19 զոհ եւ 58 վիրաւոր արձանագրուած են։ Ան ըսաւ, որ վիրաւորներու շարքին առնուազն ինը մանուկներ կան։
Կորպաք
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.