ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».- Ըստ Հայ ազգային կոնգրէսի (ՀԱԿ) համակարգող Լեւոն Զուրաբեանի տուած տեղեկութեան, ՀԱԿ յառաջիկային հնարաւոր կը համարէ հանրահաւաք մը կազմակերպելը, եթէ «կարեւոր տեղեկութեան» կամ «կարեւոր զարգացում»ի մը նախադրեալը գտնուի։
Խօսելով ընդդիմութեան հետագայ ծրագիրներուն մասին՝ Լ. Զուրաբեան կրկնած է, որ ՀԱ կոնգրէսը կը պատրաստուի բողոքի ալիք բարձրացնելու, սակայն մանրամասներու մասին չէ խօսած, նշելով, որ այդ մասին պիտի յայտարարուի, երբ նպատակայարմար ըլլայ։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.