ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
14 Օգոստոսին, 113 տարի առաջ, Օսմանեան Կայսրութեան մայրաքաղաք Կոնստանդնուպոլիսը թատերաբեմ դարձաւ քաղաքական ահաբեկչութիւններու պատմութեան մէջ աննախադէպ գործողութեան մը։
1896ի Օգոստոս 14ին, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Պոլսոյ Կեդրոնական Կոմիտէի որոշումով եւ Բաբգէն Սիւնիի ղեկավարութեամբ գործադրուեցաւ օսմանեան կայսերական դրամատան՝ Պանք Օթոմանի գրաւման յանդուգն ծրագիրը։
Ոչ միայն Օսմանեան Կայսրութեան ելեւմտական կեանքին մայր երակը, այլեւ եւրոպական դրամագըլուխներու ու գործառնութեանց գլխաւոր կեդրոններէն էր Պանք Օթոմանը։ Յատկապէս ֆրանսական եւ բրիտանական դրամագլուխներու արիւնատար երակն էր Արեւելքի մէջ։ Շուրջ երկու հարիւր պաշտօնեայ հաշուող դրամատան անձնակազմն ու վարչական ղեկավարութիւնը առաւելաբար եւրոպացիներ էին։ Իբրեւ այդպիսին՝ ապահովական լուրջ հսկողութեան տակ կը պահուէր Պանք Օթոմանը։
Հետեւաբար, կրկնակիօրէն յանդուգն էր Դաշնակութեան նետած քայլը։ Յանդուգն էր նախ Եւրոպան ցնցելու առումով, ապա նաեւ՝ օսմանեան պետութեան խոցելիութիւնն ու ապիկարութիւնը մերկացնելու իմաստով։
Նման յանդուգն նախադէպ ծանօթ չէր յեղափոխական շարժումներու պատմութեան։ Առաջին անգամ ըլլալով՝ բռնակալութեան դէմ պայքարող յեղափոխական շարժում մը իր հարուածը կ՚ուղղէր իշխանաւոր ուժին տնտեսական եւ ելեւմտական հիմերուն, կռուաններուն ու կենսական շահերուն դէմ։
Պանք Օթոմանի գրաւման գաղափարին հեղինակն ու անոր իրագործման ծրագիրը յղացողը 23ամեայ Բաբգէն Սիւնին էր, որուն անունը նոյնացաւ Պանք Օթոմանին հետ նաեւ եղերականօրէն, որովհետեւ գրաւման կազմակերպիչն ու ղեկավարը գործողութեան առաջին իսկ փուլին նահատակուեցաւ…
Աւազանի անունով Պետրոս Փարեան Բաբգէն Սիւնի ծնած էր 1873ին, Ակնի Բինկեան գիւղը։ Աղքատ ընտանիքի զաւակ էր, բայց կը սերէր հին ազնուական տոհմէ։ Ուսումնատենչ, ուղղամիտ եւ ծայր աստիճան արդարութեան ու ազատութեան փարած յեղափոխականի նկարագիր եւ աշխարհայեացք ունէր։ Փայլուն արդիւնքով աւարտած էր Պոլսոյ Կեդրոնական վարժարանը՝ արժանանալով թէ՛ ուսուցիչներուն եւ թէ դասընկերներուն անվերապահ գնահատանքին, համարումին ու ամբողջական վստահութեան։
Անհաշտ հակառակորդ էր բռնատիրութեան, յատկապէս թրքական բռնապետութեան, որուն »հոտած լէշ« անունը տուած էր։ Իր կենսագիրներէն Գաբրիէլ Լազեանի վկայութեամբ, ուսանողական տարիքէն արդէն, Բաբգէն Սիւնի գաղափարական հասունութեամբ կը պատգամէր.– »Կառավարութիւն մը հանրային իղձերու մարմնացումը եւ անոնց արդար գործադիրը պիտի ըլլայ. բայց այդպէս չեն ըլլար բռնաւորները. ուրեմն հարկ է, որ հասարակութիւնը իր բարի ցանկութիւնները չվստահի այդ տեսակ ապիկարներու, որոնց ձեռքին մէջ ամէն ազնիւ ներշնչում, ուշ կամ կանուխ, մարդախողխող դաշոյնի կը փոխարկուի եւ պատուհաս կը դառնայ խաղաղ ժողովուրդներու«։
Իր տարածած այս գաղափարներուն եւ բողոքի շարժումներուն իր բերած մասնակցութեան համար, Կեդրոնականի նախավերջին տարին, Բաբգէն Սիւնի կը ձերբակալուի եւ կարճ ժամանակ բանտ կը մնայ։ Բայց այդքանն իսկ բաւարար պատրուակ կը ծառայէ, որպէսզի թրքական ընկերութեան մը մէջ աշխատող հօրը գործէ հեռացնեն։ Ընտանիքը անձկութեան կը մատնուի, բայց Բաբգէն Սիւնի այդ բոլորէն ընկճուողը չէր։ Ընդհակառակն՝ շարունակ կը շեշտէր, թէ ծնողքին եւ իր ապրած դժուարութիւնները բաժին հանուած էին ամբողջ հայ ժողովուրդին ու հարկ էր պայքարիլ ընդհանուրին համար՝ ի խնդիր հայ ժողովուրդի կեցութեան արմատական բարեփոխումին։
Կեդրոնականը աւարտելէ ետք, կը յաճախէ Պոլսոյ Նաւային վարժարանը (Ազար Գափու)։ Այդ շրջանին է, 1892ի վերջերը, որ նորակազմ Դաշնակցութեան կողմէ Յովհաննէս Եուսուֆեան Պոլիս կու գայ եւ կը ձեռնարկէ դաշնակցական խումբերու կազմութեան։ Բաբգէն Սիւնի արդէն կազմած է »Սիւնիք« անունով իր խումբը՝ ուսանող թէ պանդուխտ հայ երիտասարդներու մասնակցութեամբ։ Ամբողջ խումբով կը միանան Դաշնակցութեան եւ Բաբգէն Սիւնիի համար կը սկսի յեղափոխական կենդանի պայքարի բուռն շրջանը։
Պոլսոյ հայութեան ամէնէն դժուարին ժամանակահատուածին զուգադիպեցաւ Բաբգէն Սիւնիի դաշնակցական գործունէութիւնը։ Որքան վարակիչ կը դառնար հայ յեղափոխական շարժումը, այնքան կատաղի խստութեամբ թափ կ՚առնէր սուլթանի կառավարութեան հակադարձութիւնը, իսկ Պոլսոյ հայոց պատրիարքարանն ու անոր շուրջ բոլորուած յետադիմական ու պահպանողական խաւը ոտքով–գլուխով կը խորասուզուէր Բ. Դրան հաճոյանալու ծառայամտութեան տիղմին մէջ՝ բանադրելով հայ յեղափոխականները, նաեւ ոստիկանութեան մատնելով զանոնք։
Պոլսոյ մէջ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչներ Յովհաննէս Եուսուֆեանի եւ Արշակ Վռամեանի անմիջական գործակիցն ու աջ բազուկը դարձած Բաբգէն Սիւնի, որ արդէն Դաշնակցութեան նորակազմ Պոլսոյ Կեդրոնական Կոմիտէին գաղափարական ոգին եւ կազմակերպական մղիչ ուժն էր, ստիպուեցաւ միաժամանակ դիմագրաւել թէ՛ կառավարութեան հետապնդումները, թէ՛ պահպանողական շրջանակներու մատնութիւնները։ Խստագոյն հալածանքի ոստիկանական հետապնդումի եւ հայադաւներու մատնութեանց պայմաններուն մէջ, Բաբգէն Սիւնի թրծուեցաւ իբրեւ ընդյատակեայ յեղափոխական գործի մեծ հսկայ։ Զէնք ու զինամթերքի տեղափոխութիւն եւ պահեստաւորում, ռումբերու պատրաստութիւն, նորագիրներու գաղափարական դաստիարակութիւն եւ զինավարժութիւն, կազմակերպական աշխատանքներ եւ ներքին թէ արտաքին ճակատներու վրայ քաղաքական զարգացումներուն հետ քայլ պահելու ամէնօրեայ հեւքը կլանեցին անոր առօրեայ կեանքը։
Ամէնէն ծանր բաժինը եղաւ, անշո՛ւշտ, հայանուն լրտեսներու, մատնիչներու եւ ոստիկաններու դէմ պատիժներու որոշումն ու գործադրութիւնը, որոնք կռանեցին Բաբգէն Սիւնիի երկաթեայ կամքն ու յեղափոխական դաժանութիւնը։ Բաբգէն Սիւնի հազիւ քսան տարեկան էր, երբ դաժանագոյն այդ առճակատման պրիսմակէն դիտեց, ճանչցաւ եւ դիմագրաւեց հայութեան բաժին հանուած կեանքի իրականութիւնը։
Ահա՛ այսպիսի պայմաններու մէջ հասունցաւ սուլթանի կառավարութեան ուժեղ հարուած հասցնելու, Կարմիր Սուլթանը զգաստացնելու եւ փարիսեցիութեամբ համակուած Եւրոպան իր պատասխանատուութեանց առջեւ կանգնեցնելու գաղափարը ընդհանրապէս հայ յեղափոխականներուն եւ, մանաւա՛նդ, դաշնակցական առաջին սերունդի գործիչներուն մօտ։
Դաշնակցութիւնը լծուեցաւ թէ՛ Ատրպատականի, թէ՛ Սասուն–Վան–Կարին առանցքի եւ թէ Պոլսոյ մէջ միաժամանակ մեծակշիռ ու ազդու ցուցական քայլեր իրագործելու խորհրդակցութեանց։ Պարսկական սահմանէն մեծ արշաւախումբով մը Երկիր զէնք ու զինուած խումբեր հասցնելու նախաձեռնութիւնը մէկն էր այդ ծրագիրներէն։ Սասնոյ, Վանի եւ Կարնոյ յեղափոխական ուժերուն միացեալ նախաձեռնութեամբ Եւրոպայէն աւելի շօշափելի միջամտութիւն պահանջելու ընդհանուր բողոքի ելոյթը երկրորդ ուղղութիւնն էր։ Իսկ Պոլիսը, որ եւրոպական պետութեանց անմիջական հսկողութեան տակ էր եւ ռուսական, բրիտանական ու ֆրանսական ռազմանաւերը մնայուն ներկայութիւն դարձած էին Վոսփորի ափերուն, ուղղակի Երկրի մէջ կատարուած ցուցական քայլերուն իր կարգին պէտք է ձայնակցէր աւելիով ազդու նախաձեռնութեամբ մը։
Այդպէ՛ս ձեւաւորուեցաւ, Բաբգէն Սիւնիի մտքին մէջ, Պանք Օթոմանի գրաւման գաղափարը։ Եւ հակառակ անոր, որ սուլթանի կառավարութիւնը կրցած էր աւելի արագ շարժիլ բուն Երկրի մէջ յեղափոխական նախաձեռնութիւնները վիժեցնելու առումով՝ ՀՅԴ Պոլսոյ Կեդր. Կոմիտէն, Բիւրոյի հետ համախորհուրդ, կանաչ լոյս տուաւ Բաբգէն Սիւնիի ծրագրին։
Դիւրին գործողութիւն չէր, ընդհակառակն՝ հսկայական դժուարութեանց յաղթահարումը պահանջող ծրագիր էր Պանք Օթոմանի գրաւումը։ Բաբգէն Սիւնիի մանրամասն ուսումնասիրուած ծրագրին համաձայն, շուրջ 70 նուիրեալներու մասնակցութիւնը անհրաժեշտ էր, որպէսզի երեք ուղղութիւններով յառաջանար գործողութիւնը։ Դրամատունը գրաւող գլխաւոր խումբի կողքին պիտի գործէին երկու աջակից խումբեր։ Մէկը՝ մեծաթիւ, որ ռումբերով իրարանցում պիտի առաջացնէր դրամատան մերձակայ Սամաթիոյ մէջ, ուր կը գտնուէր բանակին զօրանոցը եւ, մեծ հաւանականութեամբ, կառավարութիւնը հոնկէ պիտի շարժման մէջ դնէր դրամատունը գրաւողներուն դէմ յարձակող իր զօրքը։ Իսկ երկրորդը կապի եւ յարաբերութեան խումբը պիտի ըլլար, որ յանուն դրամատունը գրաւող Պոլսոյ Կեդրոնական Կոմիտէին, դեսպանատուներուն եւ կառավարութեան ներկայացուցիչներուն հայոց պահանջները պիտի փոխանցէր եւ բանակցութիւնները վարէր։
14 Օգոստոսի կէսօրուան ժամը 1ին, որ գրաւումը սկսելու ժամկէտ ճշդուած էր, միայն 24 յեղափոխական ներկայացած էր։ Բաբգէն Սիւնի՝ իր գլխաւոր օգնականներուն, Արմէն Գարոյի եւ Հրաչ Թիրեաքեանի հետ խորհրդակցաբար, ժամ մը ուշացուց յարձակումը, բայց ճարահատ՝ եղած ուժերով ժամը 2ին անցաւ գրոհի։
Դրամատան մուտքին պահակ ոստիկանները բուռն դիմադրութիւն ցոյց տուին։ Թէեւ սպաննուեցան եւ յարձակող խումբը մտաւ դրամատան շէնքը, բայց յետսապահ դիրք ստանձնած ու խումբի ռումբերուն եւ ուժանակի պայուսակներուն անվտանգ շէնք մուտքին հսկող Բաբգէն Սիւնին, երբ ի վերջոյ իր կարգին կը բարձրանար շէնքի սեմի աստիճաններէն, փամփուշտ ստացաւ եւ ձեռքի ռումբի պայթումին հետեւանքով ծանրօրէն վիրաւորուեցաւ։ Ընկերները կրցան շէնք մտցնել հերոսին կիսամեռ մարմինը եւ փակել դռները, բայց այլեւս փրկութիւն չկար դաշնակցական մեծ հսկային համար։
Մինչեւ Օգոստոս 15ի վաղ առաւօտեան ժամերը Պանք Օթոման մնաց հայ յեղափոխականներու գրաւման տակ։ Արմէն Գարօ եւ Հրաչ միասնաբար ստանձնեցին գրաւման ղեկավարութիւնը։ Դուրսը, Սամաթիոյ խումբը կրցաւ անհրաժշտ ճնշումը գործադրել զօրանոցին վրայ, բայց փաթթոցաւոր ուսանողներու առաջնորդութեամբ կատաղած ամբոխը յարձակեցաւ դրամատան վրայ։ Ռումբերու տարափին տակ կորուստներ տալով փախուստի դիմեց։ Սկսաւ բանակցութիւններու մաշեցնող փուլը, ուր ռուսական դեսպանատան թարգման Մաքսիմովը հիմնական դերակատարութիւն ունեցաւ՝ մէկ կողմէ Սուլթանի կատաղութիւնը սանձելով, իսկ միւս կողմէ բերանացի խոստումներ տալով դրամատունը գրաւած խումբին, որ եւրոպական պետութիւնները հետամուտ պիտի ըլլան բարեկարգումներու ծրագրի գործադրութեան։
Առանձին քննարկման նիւթ է, անշուշտ, որ ինչո՛ւ Արմէն Գարօ եւ Հրաչ բաւարարուեցան բերանացի այդ խոստումով եւ օդը չհանեցին դրամատունը՝ ինչպէս որ կը սպառնային տարբեր լեզուներով հրապարակուած իրենց յայտարարութեանց մէջ, եթէ ընդառաջում չգտնէր դեսպանութեանց կողմէ բարեկարգումներու ծրագիրը կեանքի կոչելու գրաւոր երաշխիք ստանալու պահանջը։ Նոյնպէս առանձին քննարկման նիւթ է նոյնինքն ամբողջ գործողութեան քաղաքական արդիւնաւէտութեան հարցը. որքանո՞վ մեծ տէրութիւնները պատրաստ էին Պոլիսը գրաւելու եւ Սուլթանի իշխանութիւնը փոխարինելու, որովհետեւ միայն այդ քայլով հնարաւոր էր հայկական նահանգներու բարեկարգութեանց ծրագիրը լրջօրէն գործադրել։ Ամէն պարագայի, Պանք Օթոմանի գրաւումը վերջ գտաւ ողջ–առողջ մնացած 17 յեղափոխականներու Պոլսէն ապահով հեռացումով եւ Համիտի վրայ եւրոպական ճնշումով, որպէսզի չդիմէ հակադարձութեանց։
Հայ քաղաքական մտքի տարբեր հոսանքներուն կողմէ մինչեւ այսօր արծարծուող հարցեր են ասոնք, որոնց յղումով կը բաւարարուի յուշատետրի այսօրուան սիւնակը։
Ի վերջոյ Պանք Օթոմանի գրաւումը ինչպէս օրին, այնպէս ալ հետագային երկար ժամանակ իր ազդեցութիւնը զգալի դարձուց հայոց ազգային–ազատագրական շարժման մակընթացութեան մէջ։ Սուլթանը զգաստացաւ, եւրոպական տէրութիւններու օրակարգին վրայ հայկական բարենորոգումներու պահանջները այժմէականութիւն ստացան, իսկ Բաբգէն Սիւնիի հերոսական յանդգնութիւնը ներշնչման անսպառ աղբիւր դարձաւ իրերայաջորդ սերունդներու համար։