ՊՕՂՈՍ ԳՈՒԲԵԼԵԱՆ
Վերջերս ԼՂՀի հարցի լուծման ուղղութեամբ Հայաստան կատարած հերթական իր այցելութեան առիթով, ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի ամերիկացի համանախագահ Մէթիու Պրայզա Օգոստոս 7ին, Ծաղկաձորի մէջ, հայ ու եւրոպացի ուսանողներու հետ «Եւրոֆորում» ծրագրի ծիրէն ներս ունեցած հանդիպման ընթացքին խօսեցաւ տարածաշրջանային հարցերու մասին։
Արցախի հարցի լուծման ակնարկելով՝ անիկա շեշտեց, որ Ղարաբաղի հանրապետութեան շուրջ գտնուող եօթը շրջաններ պիտի վերադարձուին ատրպէյճանցիներուն, իսկ Ղարաբաղի կարգավիճակը պիտի որոշուի քանի մը տարիէն կատարուելիք հանրաքուէով եւ անոր գոյութիւնը պիտի երաշխաւորուի միջազգային խաղաղարար ուժերով, որոնք պիտի հաստատուին երկու հակառակորդ երկիրներու սահմանագծի վրայ։ Խօսք չ՛ուզեր, Մէթիու Պրայզա հաճելի արտաքինով, լեզուն բերանը դարձող դիւանագէտ մըն է, որուն լեզուական աճպարարութիւնները արդէն դադրած են խելքը գլուխը անհատները զարմացնելէ։ Կամ Մէթիու Պրայզան ու իր համանախագահ ընկերները միամիտ կը ձեւանան եւ կամ անոնք Ղարաբաղի ժողովուրդն ու ղեկավարութիւնը, ներառելով՝ Հայաստանն ու Սփիւռքը ապուշի ու տգէտի տեղ կը դնեն:
Նոր չէ որ Արեւմուտքը, քաղաքական տնտեսական իր շահերէն մեկնելով՝ այդպիսի մեղրածորան խոստումներ կը շռայլէ հայ ժողովուրդին։ Մեր պատմութիւնը լեցուն է շռայլուած ու չպահուած խոստումներու շարանով մը։ Եթէ եւրոպական ու մասնաւորապէս ամերիկեան դիւանագիտութիւնը զառամախտէ կը տառապի, գոնէ հայերս՝ 1895էն ասդին, անոնց շարունակական խաբէութիւններուն զոհ երթալէ վերջ ու Արեւմտահայաստանն ու մեր թուաքանակին կէսը անոնց սին խոստումներուն հաւատալով՝ թրքական եաթաղանին զոհ տալէ ետք, քաղած ենք մեր միամտութեան ու դիւրահաւատութեան գինը չափազանց սուղ վճարելու դասը։
Օսմանեան կայսրութեան մէջ Ամերիկայի դեսպան Հէնրի Մորկընթաուի յուշերը, զորս տեղւոյս «Նոր Հայաստան» թերթի էջերուն մէջ պարբերաբար կը կարդանք, հոն իրապաշտօրէն կը նկարագրուին բիրտ իրականութիւնը Հայոց Գողգոթային, նաեւ թուրք դահիճներուն հետ դեսպանին հանդիպումները եւ վիճաբանութիւնները, որոնց ընթերցումը 90 տարուան հեռաւորութենէն մարդուս էութիւնը կը ցնցէ։
Տակաւին նոր աւարտեցի Մարաշի եւ շրջակայ հայկական աւաններու՝ Զէյթունի, Ուրֆայի, Այնթապի եւ Ատանայի դիմադրական պայքարները նկարագրող ամերիկացի երիտասարդ միսիոնար Ճոնաթան Քէրրիի՝ «Մարաշի Առիւծները» ականատեսի վկայութիւններու ծաւալուն հատորին հայերէն թարգմանութիւնը։ Հեղինակը՝ երիտասարդ քիմիագէտ մը, 1918-22 միջեւ ծառայած է Մարաշի մէջ իբրեւ դեղագործ եւ ապա տնօրէն՝ գերմանական հիւանդանոցին, եւ անկողմնակալօրէն անդրադարձած է քեմալական ազգայնական թուրքերուն կատարած խժդժութիւններուն։ Անգլերէն հատորը ազնիւօրէն տրամադրեց տոքթ. Օննիկ Քէշիշեանը, երբ մարաշցի հօրս գողգոթան ընդգրկող սենարին (բեմագրութեան-Խմբ.) համար պատմական հանգամանալի տուեալներու եւ վաւերական փաստացի աղբիւրներու փնտռտուքով իրեն դիմած էի։
Սկիզբը միտքէս չէի անցըներ ամբողջ հատորը թարգմանել։ Կը կարծէի, որ նօթագրութիւններով պիտի բաւարարուէի։ Սակայն ինքզինքս յափշտակուած գտայ անոր անկողմնակալ ականատեսի հարուստ վկայութիւններով եւ ակամայ ես ինծի քաղցր լուծը պարտադրեցի ամբողջ հատորը թարգմանելու, իբրեւ յուշամատեան մեր քաջասիրտ, դժբախտ նախնիներու բաժին ինկած Գողգոթային։
Հայ ընթերցողներուն համար այդ հատորէն վերջին երեք էջերէն պարբերութիւններ պիտի մէջբերեմ՝ անգամ մը եւս փաստելու համար, որ ամէն անգամ, երբ մեր քաղաքական-կրօնական ղեկավարութիւնը հաւատք ընծայած է Արեւմուտքի խոստումներուն, ատոր հետեւանքը եղած են հայ ժողովուրդի հերթական ջարդերը։
Հետագայ տողերը կը նկարագրեն ֆրանսական բանակին անփառունակ հեռացումը Մարաշէն, այն պահուն, երբ սկսած էին շահիլ պատերազմը եւ քեմալականները խուճապահար քաղաքէն դուրս փախուստի կը դիմէին։
Փոխարէնը՝ ֆրանսացիները Կիլիկիայէն հեռանալու որուշում տուին եւ գողի նման գիշերուան մը ընթացքին, լքեցին Մարաշը եւ յաջորդ օրը Իսլահիէյի ճամբան բռնեցին։
Մէկ մղոն հեռաւորութենէն անոնց կը հետեւէին խուճապահար մարաշցիներն ու օտար միսիոնարներ։ Մարաշէն Իսլահիէ հեռաւորութիւնը 60 մղոն էր, եւ ըստ տարիքոտ մարաշցիներու, պատմութեան մէջ չտեսնուած ձիւն ու սառնամանիք կը տիրէր։ Շատեր կօշիկ ալ չունէին եւ ոտքերը քուրջի կտորներ փաթթած՝ կը քալէին ձիւներու մէջէն։ Այս բոլորը տեղի կ՛ունենային քեմալական ազգայնականներու անգութ վերաբերմունքին եւ հայերուն Կիլիկիա վերադարձը երաշխաւորող Ֆրանսայի թուլամորթութեան պատճառով։
Ականատեսի Վկայութիւններ՝ Մարաշէն Իսլահիէ Ճանապարհին
«Ձիերու բաշը կը սառէր եւ անոնցմէ շատեր իյնալով սատկեցան։ Սենեկալցի զինուորները, որոնք անվարժ էին այսպիսի ձմեռնային կլիմայի, սաստիկ կը տառապէին իրենց սառած ձեռքերուն ու ոտքերուն հետեւանքով։ Իսլահիէ հասնելէ ետք, անոնցմէ 150 հոգիին ոտքերը անդամահատեցին։ Զինուոր ու գաղթական ժողովուրդ, երբ հանգիստի համար դադար կ՛առնէին, յոգնութենէ քունի մտնելէ ետք՝ սառելով կը քարանային։
«Հայ տարագրեալներուն հանդէպ գութով լեցուած ֆրանսացի փոխգնդապետ Թիպոլդ, իր յուշերուն մէջ թարգմանը կը հանդիսանայ հասարակաց աղէտին։ «Այդ դժբախտ արարածները ճանապարհին նախորդ երկու հանգրուաններէն յոգնած՝ ջարդուած եւ սաստիկ ցուրտէն զգայազիրկ, քունի կը մատչէին չարթննալու փափաքով։ Ձիւնը անոնց դագաղը կը քանդակէր։ Իսկական կոտորած մը…։ Պէլ Փունարէն Իսլահիէ ճամբան ձիւնածածկ գերեզմանոց դարձեր էր անթաղ մեռելներու։
«Ամերիկացի միսիոնար տոքթ. Էլիօթը, որ հայերուն ընկերակցութեամբ քալեց ճանապարհորդութեան ամբողջ ընթացքը, նշմարած էր, թէ մայրերը ինչպէ՛ս իրենց նորածինները կը կրէին. մանկիկը մօրը կռնակը նստած՝ ձեռքերը անոր ստինքներուն։ Բժշկուհին մանուկներու մերկ ոտքերը կը ծածկէր, անոնց վիճակը ստուգելէ ետք։ Դժուար էր մայր մը համոզել, թէ կռնակը կրած մանկիկը մեռած էր, բայց ի վերջոյ մանկիկին ձեռքերը կը սահէին եւ խելագարած մայրը խռնչելով՝ կը քալէր մեքենականօրէն։ Տոքթ. Էլիօթ ասոր նման յիսուն դէպքերու ականատես եղաւ։ Գրեթէ բոլոր այն մանուկները, որոնք իրենց մայրերուն շալակն էին, մահացան։ Այն փոքրիկները, որոնք քալեցին ամբողջ ճանապարհը, վերապրեցան, եւ անոնք, որոնց զինուորները գթալով իրենց կառքը կամ ձիուն վրայ հանեցին, սառչելով մահացան։
Կէսօրէն վերջ Սինճիրլի հասան, Իսլահիէյի կէս ճամբէն քիչ մը աւելի միջոց մը։ Տասը ժամուան ընթացքին տասը մղոնէն պակաս ճամբայ կտրած էին։ Արսէնը դրամ խոստացաւ ֆրանսացի կառապան զինուորի մը՝ խնդրելով, որ Մաքրուհին կառք նստեցնէ։ «Դրամդ չեմ ուզեր եւ կինդ չեմ կրնար կառք հանել, որովհետեւ կը սառի նստած տեղը։ Ինչո՞ւ այս խրճիթներէն մէկը չես իջեւանիր, հետեւակ զօրքը այստեղ պիտի գիշերէ», ըսաւ ան եւ «պիսքուիթ»ի տուփը հանելով Արսէնին երկարեց։
***
Ֆրէնսիսքեան ուխտէն հայր Փասքալ Մալճեան սրտաճմլիկ կերպով արձանագրած է այս երթին վերջին հանգրուանը։ Անիկա եղած է զինեալ դիմադրութիւն ցոյց տուող այն անվախ կղերականը, որ Մարաշը պաշարող քեմալական ազգայնականներուն դէմ կատարած սխրանքներուն պատճառով, թուրքերը զինք «Պոմպաճը Փափազ» կոչած են։
«Երեք օր քալեցինք, ուտելիք ու խմելիք ոչինչ ունէինք բացի ձիւնէն։ Լեռները մագլցեցանք՝ իջնելու եւ դարձեալ մագլցելու համար։ Նոր Իսրայէլ մըն էր, խոստացուած նոր հողը՝ Կիլիկիա՛ն կը փնտռէինք։ Խելքը կորսնցնելը նուազագոյնը պիտի ըլլար մահկանացուի մը տուայտանքին։ Քաղցած էինք, յոգնած եւ երեք շաբաթէ ի վեր անքուն, եւ տակաւին դժբախտութիւնը ապրեցանք մեր սիրած քաղաքին հրկիզումը տեսնելու եւ թուրքերուն ոտքերուն տակ տրորումը, անոնք յաղթական պիտի վերադառնային հոն՝ փառապանծ 312րդ զօրաբանակին հեռացումը դիտելով որոշ հեռաւորութենէ մը. մենք անկարողութեան ցաւը կ՛ապրէինք՝ գիտակցելով ամէն քայլափոխին մեզի սպասող ճակատագրին։ Մենք քալեցինք չսառելու համար եւ կեր չդառնալու՝ գայլերուն կամ թուրքի՛ն, եւ դեռ քալեցինք լոյսի մը փնտռտուքով կամ շոգեկառքի մը սուլոցը լսելու։
«Երբ որ ինքզինքս յոգնութեան գիրկը քնանալու ու մեռնելու հոգեվիճակին մէջ կը գտնէի, կամքիս հակառակ, անկումս կը յիշեմ կիսամեռ վիճակի մէջ, հարիւրաւոր սենեկալցի եւ ալճերացի զինուորներու պէս, որոնք իրենց զէնքերուն կրթնած՝ ժայռի մը կամ ծառի մը կոճղին նստեր էին իրենց մահուան կը սպասէին։ Անոնք հոն կանգնեցան իբրեւ յաւիտենական պահակները հայու անմեղ արիւնով ներկուած նոր Կարմիր Ծովուն։ Ո՛հ, երբեք օժտեալ հռետոր մը չյայտնուեցաւ, բանաստեղծ մը այնքան հզօր, որ կարենար երգել այս ծովու զոհերուն ոդիսականը, ձիւնի այս ովկեանին վրայէն։ Եւ ամէն քայլափոխին, մարդ կրնար կին մը տեսնել, մայր մը կուրծքէն կախուած մանկիկով, տարիքոտ մարդ մը, վիրաւոր մը պառկած քալողներուն ոտքի հետքերուն վրայ»:
«Ես ալ շատերուն պէս յաւիտենական քունի մէջ ինկայ, բայց զգացի, որ մէկը այտերս կը հարուածէր զիս արթնցնելու ճակատագրական քունէն։ Հայ լեգէոնական մըն էր, որ ինծի իր վրանը տուաւ, իր ծածկոցը, եւ իբրեւ անկողին՝ հայերէն «Հայրենիք» թերթին հին թիւերը։ Երբ Մարաշի մօտ զօրակայանը հասայ, անիկա զիս մեղմօրէն ցնցեց, բարձրացուց եւ օգնեց, որ բռնի երթը շարունակեմ։ Իր պայուսակը բացաւ, ապա ինծի գաղտնիք մը բացայայտողի պէս ըսաւ. «Արգիլուած է այս հացը առանց հրամանի մէկու մը հետ կիսել, որովհետեւ մեր վերջին օրաբաժինն է։ Բայց առէ՛ք, կերէ՛ք։» Կարծր էր եւ սպիտակ, կոխկրտուած ձիւնի նման։ Ի՛նչ հաց, կենա՛ց հաց, գրեթէ պիտի գոռայի։ Փրթուշ-փրթուշ ըրի եւ կամաց-կամաց կերայ, որպէսզի կարենար զիս սնանել, եթէ կարելի ըլլար, մինչեւ ողբերգական այս անցքը»:
Ճոնաթան Քէրրիի Յուշերը
29 Յուլիս 1922ին, երբ պաշտօնակիցներուս հետ Մարաշէն հեռացանք, Նիռի անձնակազմէն հարսնցուս առեւանգելէ ետք, մեզի ըսուեցաւ, որ միայն տասը հայ ընտանիք կը մնար ամբողջ քաղաքին մէջ։ Մարաշի շրջանը 1913ին ապրող 86 հազար հայերէն միայն 12 հազար վերապրեցան ջարդերէն։ Հիւսիս գաղթած քանի մը զէյթունցիներու ճակատագիրը մնաց մութ, ինչպէս 62 հազար զէյթունցիներունը, որոնք 1915էն մինչեւ 1918 տարագրուեցան. անոնցմէ 12 հազարը կը կարծուի թէ վերապրեցաւ սուրիական եւ պաղեստինեան գիւղերու մէջ, բայց շատ հաւանական է, որ շատերը մահացան։ Անոնք, որոնք ֆրանսական բանակին հետ փախուստ տուին, անոնցմէ երկու հազար չորս հարիւրը Իսլահիէ հասան Փետրուար 1920ին։ Իսկ 1920ի ըմբոստութեան յաջորդող երկու տարիներուն, երբ ֆրանսական բանակը զիրենք լքեց, 9700 Մարաշցի հայեր կոտորածէ վախնալով՝ թողեցին իրենց տուները։
Մնացեալ երեք հազարը, որոնք ուզեցին թրքական իշխանութիւններու հովանիին տակ ապրիլ, Մարաշի թուրք ազգայնականներու սպառնալիքներուն ու անոնց ճնշումին տակ ստիպուած եղան հեռանալ իրենց պապենական ծննդավայրէն, բոլոր ինչքերէն մերկացուած, հակառակ Անգարայի դաշնագրին հաւաստիացումներուն։
Տասներկու հազար վերապրողներ տարտղնուեցան Լիբանան, Հարաւային Ամերիկա, Սովետական Հայաստան եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ։ Հիթիթներէն ալ առաջ կառուցուած Մարաշ քաղաքը, ուր ժամանակ մը մեծ թիւով հայեր կը բնակէին, վերջապէս ամբողջովին թրքացաւ։
***
Երբ կը խօսուի, մեծ տէրութիւններու կողմէ տրուելիք երաշխաւորութեան մասին, ամէն գիտակից ու խոհուն հայ, չի կրնար անցեալին հայ ժողովուրդին տրուած ու չպահուած նոյնանման խոստումներու հաշուեկշիռը չկատարել եւ տխուր եզրայանգումներու չհասնիլ։ Ֆրանսացիները խօսք մը ունին՝ «Տէժա Վիւ», որ լաւ կը պատկերէ հայերուն հոգեվիճակը։ Անոնք մօտաւոր մեր անցեալէն քաղուած դասերու վրայ յենելով՝ կասկածով եւ զգուշութեամբ կը մօտենան, ըլլայ ֆութպոլային դիւանագիտութեամբ սկիզբ առած թուրք հայկական յարաբերութիւններուն, ինչպէս նաեւ Ղարաբաղի գոյութիւնը երաշխաւորելու մեծապետական խոստումներու, զորս մեր հարեւանները պասքեթպոլի վերածեցին։ Գիտենք, թէ ֆութպոլի խաղի ընթացքին, միայն դարպասապահը իրաւունք ունի գնդակը ձեռնելու։ Սակայն թուրքերը խախտելով խաղին օրէնքները՝ սկսան հայկական կողմին հետ պասքեթ խաղալու… իրենց մրոտ սահմանները բանալու համար ալ՝ տասը տեսակ պայմաններ դնելու։ Եթէ հայկական հող չըլլային այդ սահմանները եւ հեռուէն տխրաթախիծ մեզ դիտող Արարատ լեռը, «Գլուխնիդ անցնի ձեր սահմանները…» պիտի գոչէի պուրճ համուտեան վրձինումի ենթարկելով թուրքե՛րն ալ, անոնց թիկունք կեցող Արեւմո՛ւտքն ալ։ Սրիկանե՛ր, որո՞ւն ապրանքը՝ որո՞ւն կը սակարկէք։ Եւ մի՛ կարծէք, որ թարգմանած գիրքիս ազդեցութեան տակ ջիղերս քայքայած ըլլամ…
Գալով ղարաբաղեան հարցին՝ Իլհամ Ալիեւի սպառնալիքները, գաղտնիք չէ, թէ առայժմս ներքին սպառումի կը միտին։ Կ՛ըսեն, թէ խածան շունը ատամները ցոյց չի տար։ Բայց հազիւ թէ դիմացինին թուլութիւնը զգայ, կը յարձակի։
Միւս կողմէն սակայն, եթէ Հայաստանի պետական այրերը փտախտի ու կաշառակերութեան մէջ խրուած չըլլային, մեր հայրենիքը օտար տէրութիւններէն կախեալ պիտի չըլլար եւ ազգային ինքնուրոյն քաղաքականութիւն պիտի վարէր, ինչպէս Պարսկաստանը՝ զերծ մեծապետական ճնշումներէ։ Եւ Աստուած գիտէ, թէ Սերժ Սարգսեանն ու իր կառավարութիւնը արտաքին ինչպիսի՛ ճնշումներու կ՛ենթարկուին, «մի քիչ փող»ի պատճառով։
Չափազանցութիւն պիտի չըլլայ, եթէ Աստուած մի արասցէ, Ղարաբաղի եւ Հայաստանի ղեկավարութիւնը ընդունելու ըլլայ մատնանշուած եօթը տարածքները ատրպէյճանցիներուն յանձնելու Մէթիու Պրայզայի եւ Մինսկի խումբի առաջարկութիւնը։ Քանի մը տարիէն, ազգովին ականատես պիտի դառնանք Կիլիկիոյ պարպումին նման մեծ աղէտի մը։
Արցախը պիտի դառնայ նոր օրերու Կիլիկեան…