ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Հայ ընթերցողին համար շատ ալ կարիք չկայ համոզելու, թէ՝ Ատրպէյճան ժողովրդավարութենէն շատ հեռու գտնուող երկիր մըն է, եւ թէ ամէն տեսակի այլակարծութիւն բրտօրէն կը ճնշուի Ալիեւեան բռնատիրութեան կողմէ:
Բանտին մէջ նոր մահացած թալիշ մտաւորականի (թալիշներու դէմ խտրական ու ճնշումի քաղաքականութեան մասին՝ տես այսօրուան «Ասպարէզ»ի երկրորդ էջէն սկսած հարցազրոյցը) պարագան, ատրպեճանական պետական խժդժութիւնները լուսարձակի տակ բերելու առիթ մը հանդիսացաւ՝ բողոքի ալիք յառաջացնելով մարդկային իրաւունքներու պաշտպանութեան միջազգային շրջանակներուն մէջ:
Ատրպէյճանցի քաղաքացիներու դէմ հալածանքներու նոր դրսեւորում մը դարձած է անհեթեթ եւ ուղղակի ծիծաղելի քայլ՝ ատրպեճանական Ազգային անվտանգութեան բաժնին կողմէ հարցաքննութեան կանչելով այն քաղաքացիները, որոնք «Եւրոտեսիլ-2009»ի մրցոյթին, համարձակած էին «դաւաճանական» արարք մը գործելու ու իրենց քուէն տալու (ատրպեճանական շեշտակի երանգով երաժշտութեամբ հանդէս եկած) Հայաստանի կատարողներուն՝ Անոյշ եւ Ինգա Արշակեաններուն:
Ծայրայեղ պարագային, հասկնալի է, որ ատրպէյճանցիք յուսխաբ ըլլան այն բանէն, թէ իրենց ազգակիցները քուէարկած են ի նպաստ իրենց կողմէ թշնամի նկատուող երկրի մը օգտին: Բայց պետական կառոյցներու կողմէ այդ քուէարկողները բերել նստեցնելը յանցագործի աթոռի, ապա զանոնք զանազան պիտակներով հարցաքննութեան ենթարկելը՝ ժողովրդավարական սկզբունքներու խոտոր հանդիսացող քայլեր են, որոնք բնականաբար պիտի քննադատուին ու դատապարտուին միջազգային հանրութեան կողմէ:
Եկուր տես, սակայն, որ Ատրպէյճանի այն պաշտօնեան, որ ամէնէն զգայունը պէտք է ըլլայ եւրոպական մօտեցումներուն, պէտք է առնուազն հասկնայ, թէ ի՛նչը ընդունելի կամ անընդունելի կը նկատուի անոնց կողմէ, եւ չփորձէ անիմաստ չքմեղանքներով ու հակայարձակումի անցնելու մարտավարութեամբ արդարացնել իր պետութեան յանցանքները:
Այո, Ատրպէյճանի նախագահի միջազգային հարցերու խորհրդական Նովրուզ Մամատով, ի պատասխան Ատրպեճանական մամլոյ գործակալութեան աշխատակիցի այս խնդիրին վերաբերող հարցումին՝ երեւոյթը չափազանցուած նկատած է եւ եղածն ալ վերագրած է «հազիւ տանսութ տարուան անկախութիւն» վայելող երկրի մը պաշտօնեաներու «անփորձութեան»:
Այս անփորձութիւնը չարաշահելով՝ Հայաստանը եւ ատրպեճանական ընդդիմութիւնը, ձեռք-ձեռքի տուած՝ կը փորձեն վարկաբեկել ժողովրդավարութեան օրինակ դառնալու ամէն յատկանիշով օժտուած ատրպեճանական իշխանութիւնները, կը վայ-վայէ միջազգային հարցերու մասնագէտը:
«Ոչ միայն (այս) տարածաշրջանը, այլ ամբողջ աշխարհը գիտէ, թէ Ատրպէյճանը խաղաղութիւն սիրող ու հանդուրժողական երկիր մըն է… Ես չեմ հասկնար, թէ ինչո՛ւ Հայաստանը եւ իրենց շահերով առաջնորդուող շրջանակները այս նպատակադրուած եւ նախապաշարեալ արշաւին լծուած են՝ ընդդէմ Ատրպէյճանի: Մենք միայն կը ցաւինք ատոր համար», կը բողոքէ ատրպէյճանցի պաշտօնեան:
Կրնա՞նք այսպիսի յուզիչ խօսքերու դիմաց չգոչել՝ «Մատաղ ըլլանք անմեղութեանդ»: