ՊԱՔՈՒ.- Ատրպէյճանական «Թրենտ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ ՄԱԿի մօտ Ատրպէյճանի մնայուն ներակայցուցիչ Աքշըն Մեհտիեւ վստահեցուցած է, թէ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին լուծման առնչուող բանաձեւ մը պիտի դրուի ՄԱԿի 64րդ Ընդհանուր ժողովի օրակարգին վրայ։ Ան միաժամանակ կ՛ընդուի, թէ այս հանգրուանին կանուխ է Լեռնային Ղարաբաղի հարցին վերաբերեալ որոշումի մը մասին խօսելու համար։
Աւելին, Մեհտիեւ կը յայտնէ, որ «ՎՈՒԱՄի շրջանին մէջ երկարաձգուած տագնապներու եւ աշխարհին եւ անոր ապահովութիւնն ու զարգացումը երաշխաւորելու, ինչպէս նաեւ Ատրպէյճանի բռնագրաւուած հողամասերուն մէջ կացութեան» վերաբերեալ բանաձեւեր պիտի ներկայացուին ՄԱԿի Ընդհանուր ժողովին։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.