Չորք Մարզպանի հայրենակցական միութեան Երիտասարդական յանձնախումբին կողմէ կազմակերպուած դաշտագնացութիւնը տեղի ունեցաւ Կիրակի, Յուլիս 12ին, Լա Քրեսէնթայի «Վէլի փարք»ին մէջ, ներկայութեամբ հոծ թիւով հայրենակիցներու եւ անոնց բարեկամներուն, որոնք այս հաւաքով առիթը ունեցան դարձեալ հանդիպելու եւ իրարու հետ բաժնելու անցեալի դրուագներն ու անմոռանալի յիշատակները:
Կէսօրուան ճաշին, մատակարարող Յարութին օգնութեան հասան Երիտասարդական յանձնախումբին անդամները:
Վերոնիքա Պաղչէճեանի եւ հայրենակցական միութեան հիմնադիր ատենապետ Ն. Յակոբեանի բարի գալուստի խօսքերէն ետք, բարձրախօսը ստանձնեց օրուան հանդիսավար Արմինէ Շաքլեանը, որ նեկայացուց միութեան գլխաւոր գործունէութիւնը, որմէ ետք «DJ Danny»ն հրամցուց հայկական եւ եւրոպական եղանակներ, որոնցմով խանդավառ ներկաները շուրջպարերով կենդանացուցին զբօսայգին:
Յետմիջօրէին տեղի ունեցան նաեւ նարտիի ու «պլոթ»ի մրցաշարքեր եւ վիճակահանութիւն: Նարտիի մրցաշարքին պատասխանատուն էր Սարգիս Մաճառեան, իսկ ախոյեան հանդիսացաւ Գէորգ Աղուինեան, մինչ «պլոթ»ի մրցաշարքին պատասխանատուն էր Ալեք Սվաճեան եւ ախոյեան հանդիսացաւ Տ. Կեզէնեան-Ժ. Ժամկոչեան զոյգը:
Աւելի քան 325 մասնակիցներ ողջունեցին այս տարուան դաշտագնացութիւնը, աւելի ընդարձակ վայր մը փոխադրելու որոշումը, որ ազատօրէն խաղալու առիթ ընծայած էր երեխաներուն:
Վարձքը կատար Երիտասարդական յանձնախումբի բոլոր անդամներուն:
(Թղթակցութիւնը միութենէն)