ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ՀԱՅ ԴԱՏԻ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԻ ՎԱՐԺՈՂԱԿԱՆ ԾՐԱԳԻՐ
ԿԼԷՆՏԷՅԼ.- Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի այս տարուան ամառնային վարժողական ծրագրին մէջ հանդիսացող Քոլէթ Ղազարեան շեշտը դրած է մամլոյ հաղորդագրութիւններ պատրաստելու աշխատանքին վրայ՝ միաժամանակ մասնակցելով Հայկական Ցեղասպանութեան ծրագրի աշխատանքներուն:
Ան կը յայտնէ, թէ վարժողական ծրագրին մասնակցելով՝ ան նոր ձիրքեր մշակած է հանրային եւ մամլոյ յարաբերութեանց մարզերէն ներս:
Արդարեւ, մամլոյ հաղորդագրութիւններ պատրաստելու իր կարողութիւնները բարելաւելու համար, Ղազարեան հարցազրոյցներ ունեցած է վարժողական ծրագրի մնացեալ վեց մասնակիցներուն հետ, որոնց հիման վրայ, ան վարժողական ծրագիրը համայնքին աւելի լաւ կերպով ծանօթացնելու նպատակով մամլոյ շարք մը հաղորդագրութիւններ պատրաստած է:
Ան նաեւ կապ հաստատած է իր յաճախած վարժարանի կրթաշրջանի (Օրէնճ Քաունթի) աշակերտներուն հետ, տեղեկութիւններ հաւաքելով իրենց վարժարաններէն ներս Հայկական Ցեղասպանութեան ուսուցման ձեւերուն մասին: Այս հարցախոյզին շնորհիւ, ան իմացած է, թէ մինչ կարգ մը աշակերտներ դասարանին մէջ տեղեկացած են Հայկական Ցեղասպանութեան մասի��, ուրԫշներ կը շարունակեն անտեղեակ մնալ: Այդ պատճառով, ան հասած է այն եզրակացութեան, որ հանրային վարժարաններէ ներս Հայկական Ցեղասպանութեան դասաւանդութեանց մարզէն ներս յաւելեալ աշխատանք հարկաւոր է:
Այս հեռանկարով, ան մօտէն աշխատած է սոյն նպատակը հետապնդող Հայկական Ցեղասպանութեան ծրագիրի կրթական հարցերու վարիչ Սարա Քոհընի հետ, փորձելով կրթաշրջանի ուսուցիչներուն համար խորհրդաժողով մը կազմակերպել՝ զանոնք տեղեկացնելու համար Հայկական Ցեղասպանութեան դասաւանդման օրինակներուն մասին եւ անոնց ներկայացնելու այդ նպատակով պատրաստուած դասանիւթերը:
Յառաջիկայ տարեշրջանին երկրորդական վարժարան աւարտող Ղազարեան կը ծրագրէ համալսարանին մէջ մասնագիտանալ միջազգային յարաբերութեանց կամ քաղաքական գիտութեանց մարզերէն ներս: Ան համոզուած է, որ վարժողական ծրագրէն ապահոված իր փորձառութիւնը նպաստաւոր պիտի ըլլայ իրեն՝ թէ՛ երկրորդական վարժարանին եւ թէ՛ համալսարանին մէջ: Ան նաեւ կ՛ուզէ գործօն մասնակցութիւն բերել Հայ Դատի եւ իր շրջանի հայկական համայնքի ծրագիրներուն եւ գործունէութեանց: