ՓԱՍԱՏԻՆԱ.- Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ արդէն իսկ ընթացքի մէջ են այս տարուան ճաշկերոյթի պատրաստութիւնները՝ աւելցնելով, թէ ձեռնարկը տեղի պիտի ունենայ վերջերս վերանորոգուած Փասատինայի Convention Center-ի սրահին մէջ, Կիրակի, Նոյեմբեր 8ին:
Ինչպէս նախորդ տարիներուն, այս տարուան ճաշկերոյթը եւս լուսարձակի տակ պիտի առնէ նախորդ տարեշրջանին ընթացքին Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին իրագործումները եւ ներկայ ու ապագայ գործունէութիւնը: Ձեռնարկին ընթացքին նաեւ մրցանակներ պիտի շնորհուին արդարութեան եւ ազատութեան համար պայքարած անձնաւորութիւններու: Նախորդ տարիներուն մրցանակներ ստացած են Լոս Անճելըսի քաղաքապետ Անթոնիօ Վիարայկոսա, ծերակուտական Ռապըրթ Մենենտէզ եւ քոնկրէսականներ Էտ Ռոյս ու Ճէքի Սփիր:
Ճաշկերոյթի յանձնախումբին ատենապետ Էլիզապէթ Պոյաճեան կը յայտնէ, թէ այս տարուան ճաշկերոյթը նոր մակարդակի պիտի բարձրացնէ համայնքին խանդավառութիւնն ու աշխուժութիւնը, իսկ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի վարչութեան անդամ Փաթիլ Աբոշեան-Գասպարեան կ՛աւելցնէ, թէ այս տարուան ձեռնարկին եւս ներկայ պիտի ըլլան մեծ թիւով դաշնակցային, նահանգային ու տեղական մակարդակի մարմիններու պաշտօնատարներ: Յաւելեալ տեղեկութեանց համար դիմել (818) 500-1918 թիւին, կամ ancwr@anca.org համացանցային հասցէին: Տոմսերը կարելի է ապահովել www.itsmyseat.com համացանցային կայքէն:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.