Պատրաստեց՝ ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ
Մեր առօրեայ կեանքին մէջ յաճախ կը հանդիպինք տարեցներու, որոնք իրենք զիրենք կը գտնեն դէմ հանդիման անախորժ եւ դժուար կացութեան մը դիմաց. անոնք կը մոռնան իրենց հին բարեկամի մը անունը։ Ընդհանրապէս, մեզմէ ոչ մէկը կը յիշէ ամէն բան։ Բժշկականօրէն մէկ կամ քանի մը հարցեր մոռնալը կը նկատուի բնական երեւոյթ որեւէ տարիքի, նոյնիսկ երիտասարդի մը պարագային։
Մտային առողջութիւնը բանալին է արտադրողական ծերութեան, այսինքն՝ տարեց անձի մը արտադրողականութիւնը զուգահեռաբար կ՛ընդանայ իր մտային առողջութեան հետ։ Բայց ի՞նչ է մտային առողջութիւնը ծերութեան պարագային։ Տարեց անհատի մը մտային առողջութիւնը զինք կը պահէ գիտակից ինքնիր հետ եւ իր շրջապատին հետ։ Տարեցի մը մտային առողջութեան յատկութիւններէն կարելի է յիշել քանի մը հատը.
1. Առանցին կը կատարէ իր բնական պարտականութիւնները եւ պէտքերը.
2. Կրնայ տունէն դուրս ելլել առանցին եւ վերադառնալ տուն ապահով եւ հանգիստ.
3. Տունէն դուրս ելլելու ժամանակ չի մոռնար տան դուռը կղպել.
4. Իր բժիշկին կ՛այցելէ ըստ ժամադրութեան եւ ոչ թէ տարբեր օր մը եւ կամ տարբեր ժամու մը.
5. Ճշգրտօրէն կու տայ իր տան հասցէն եւ հեռաձայնի թիւը, ինչպէս նաեւ իր գործածած դեղերուն անունները, եթէ իրմէ պահանջուի.
6. Իր տունը մտնելու փոխարէն, ուրիշի մը տունը չի մտներ.
Յիշողութիւնը չափանիշն է տարեցութեան կարողականութեան։ Ծերութեամբ բոլորս ալ պիտի ունենանք յիշողութեան որոշ կորուստ եւ կամ տկարութիւն, մանաւանդ՝ մօտիկ անցեալի իրադարձութիւններու կապակցաբար, սակայն հեռաւոր անցեալի իրադարձութիւնները կը յիշուին լաւապէս։ Պիտի ունենանք նաեւ սորվելու դժուարութիւն, մտային կեդրոնացումի եւ տեղեկութիւններու ընդունակութեան ու ամբարումի դանդաղում։ Բնական կը նկատուի, երբ տարեց մը չյիշէ ինքնաշարժին բանալիին տեղը, սակայն բնական չի նկատուիր եւ մտահոգիչ կ՛ըլլայ, երբ ան չգիտնայ եւ կամ չյիշէ՝ բանալիի ի՛նչ բանի համար գործածումը։
Տարեցներ պէտք է հասկնան, որ իրենց յիշողութիւնը կը տկարանայ ոչ միայն ծերութեամբ, այլ շատ մը ուրիշ պատճառներով, որոնցմէ կարելի է յիշել՝
1. Տարիներու ընթացքին ուղեղին մէջ տեղադրելով անսահման տեղեկութիւններ եւ մանրամասնութիւններ.
2. Որոշ դեղերու երկարատեւ գործածութիւնը.
3. Ապրելով անձկալից եւ ընկճուած կեանք մը.
4. Երկարատեւ հոգեբանական հիւանդութեան մը գոյութիւնը.
5. Ֆիզիքական եւ մտային չափազանց գերհոգնութիւնը.
6. Որոշ մնայուն եւ երկարատեւ հիւանդութիւններ՝ շաքարախտ, երիկամախտ եւ սրտի հիւանդութիւններ։
Բնականօրէն տարեցութեան հետ տեղի կ՛ունենայ որոշ դանդաղացում տարեցներու ֆիզիքական եւ մտային կարողականութեան մէջ։
Ֆիզիքական կարողականութիւնը պահպանելու համար տարեցներ պէտք է հետեւին ամէնօրեայ եւ օրինաւոր մարմնամարզանքի, որ կ՛աշխուժացնէ ոտքերու եւ սրունքներու մկանները ու կը զարգացնէ քալելու, ցատքելու, շարժելու եւ վազելու կարողականութիւնը։
Մտային կարողականութիւնն ալ պահպանելու համար ծերեր պէտք է դիմեն հետեւեալ միջոցառումներուն.
1. Պահել տարիքի համաձայն ընդհանուր առողջութիւն.
2. Հետեւիլ առողջապահական սննդականոնի.
3. Լաւ քնանալ. չծխել եւ ալքոլը չափաւոր ձեւով գործածել.
4. Ունենալ կեանքի յստակ նպատակ եւ աշխատիլ իրականացնելու զայն.
5. Ունենալ կեանքի հանդէպ հետաքրքրութիւն, եռանդ, դրական կեցուածք ու մտածողութիւն.
6. Մտածել շարունակ լաւի եւ յաջողութեան մասին. հոռետես մարդիկ կ՛ըլլան ձախող, յուսահատ եւ ընկճուած.
7. Բնաւ չխորհիլ, թէ ծերութեան պատճառով մտային կարողականութեան կորուստ պիտի պատահի.
8. Հաւատալ, որ կարելի է իրականացնել մեծ իրագործումներ.
9. Ունենալ մտային մարզանք, ստեղծագործական եւ արտադրողական աշխատանքներ՝ գծել, նկարել, գրել, կարդալ, շինել, նոր բան մը սորվիլ, որովհետեւ սորվիլը յիշողութեան բանալին է.
10. Օգտագործել լսողատեսողական սարքերու օգտաշատ յայտագիրներ.
11. Չմխրճուիլ անցեալի պատահարներով, ապրիլ օրուան նորութիւններով եւ ապագայի տեսլականով.
13. Օգտուիլ կեանքի եւ բնութեան բոլոր բարիքներէն ու վայելքներէն.
14. Ամէն օր արձանագրել կատարուելիք աշխատանքներուն ցանկը եւ փորձել իրականացնել բոլորը.
15. Ունենալ լաւատես, աշխատասէր եւ դրական ընկերներ եւ բարեկամներ.
16. Ունենալ ընկերային կեանք, հետեւիլ որոշ ժամանցի խաղերու, մարզանքի, երաժշտութեան եւ գծելու դասընթացքի.
17. Մասնակցիլ ազգային, մշակութային, կրօնական, եկեղեցական զանազան ձեռնարկներու.
18. Վայելել բնութեան գեղեցկութիւնները, սփոսնիլ անտառներու, պարտէզներու եւ լեռներու մէջ.
Նախապէս յիշեցինք, թէ սորվիլը բանալին է յիշողութեան։ Բայց տարեցներու սորվելու գործընթացը սահմանափակ է եւ կը կարօտի յատուկ գործելակերպի։ Տարեցներուն ներկայացուած տեղեկութիւնները պէտք է ըլլան պարզ, յստակ եւ կարճ։
Տեղեկութիւնները պէտք է ներկայացուին դանդաղ կերպով եւ երկար ժամանակամիջոցի մէջ, որպէսզի անոնք կարենան հասկնալ, ըմբռնել եւ կուտակել իրենց մտքին մէջ։ Մեր խօսակցութեան ընթացքին անոնց պէտք է տանք աւելի երկար ժամանակ, որպէսզի անոնք կարենան վերյիշել, վերարտադրել եւ արտայայտուիլ։