ՍՈԽԸ
Կեդրոնական Եւրոպայի ժողովուրդները կը հաւատան, որ սոխն ու մածունը երկարակեցութեան աղբիւր են, իսկ 100ը թեւակոխողներուն թիւը արհամարհելի չէ այդ շրջաններուն մէջ։
Սոխը կենսանիւթերու (Էյ. Պի. Սի.) եւ հանքայիններու (փոթասիոմ, երկաթ, եոտ եւ այլն) հանք մըն է։
Գեղեցկագիտական
ա.- Սոխին կեղեւը շատ գեղեցիկ պղնձագոյն երանգներ կու տայ մազերուն։ Ափ մը կեղեւ եռացուցէք մէկ լիթր ջուրի մէջ, ձգեցէք, որ քիչ մը պաղի, ապա սուզեցէք եւ ստացուած ջուրով ցօղուեցէք ձեր մաքուր մազերը։
բ.- Դէմքին վրայ գոյացած մութ գոյնի արատները չէզոքացնելու համար սոխի հիւթով օծեցէք ձեր դէմքը, ապա գաղջ ջուրով մաքրեցէք զայն։
Առողջապահական
ա.- Կրիփի կամ շնչառական հիւանդութիւններու պարագային, հում սոխը «ծեծել», մաքուր լաթի մը մէջ դնել եւ շնչել՝ որքան հնարաւոր է։
բ.- Եթէ զգաք, որ անգարը (միկրէյն) կը մօտենայ ձեր ճակատին եւ քունքերուն՝ սոխի շերտեր դրէք։
գ.- Պնդութեան, թութքի, աղիքներու խանգարումի, ինչպէս նաեւ որպէս ընդհանուր ապաքինող միջոց՝ պէտք է խմել թարմ սոխի քամած հիւթ, մէկ թէյի դգալ, օրը 3-4 անգամ:
Ժողովրդական Դեղատոմսեր
ա.- Ականջի բորբոքումի պարագային, օգտագործել սոխի հիւթով թրջուած բամպակի խծուծներ, իսկ հարբուխի ժամանակ այդ խծուծները զետեղել ռունգերուն ծայրը։
բ.- Թարմ սոխի խիւսի քոմփրեսներ օգտակար է դնել թարախային վէրքերու եւ խոցերու վրայ։
գ.- Սոխի հիւթը կ՛արագացնէ մազերուն աճը, կը զօրացնէ անոնց արմատները, եթէ շաբաթը առնուազն երկու անգամ զանոնք շփենք հում սոխի հիւթով։
դ.- Սոխի կեղեւին եփուկը կ՛անհետացնէ թեփը։
————————————————————————
ՄԵՐ ԶԱՒԱԿՆԵՐԸ ԵՒ ՄԵՆՔ- Պաստարներու Եօթը Վտանգները
Պատկերասփիւռին կամ համակարգիչին դիմաց երկար ժամեր նստիլը կը վնասէ մեր երեխաներուն։ Արդարեւ, առանց ծնողքի հսկողութեան եւ ժամերու սահմանափակման, երեխաները յատկապէս ամրան արձակուրդին կրնան երկար ժամեր գամուիլ պատկերասփիւռին կամ համակարգիչին պաստառին դիմաց եւ կրել անոնց ժխտական հետեւանքները, որոնք թիւով եօթն են՝ ըստ բժիշկներու, մանկաբուժներու եւ հոգեբաններու։
1.- Հետեւողական ձեւով եւ երկարատեւ պաստառի առջեւ նստիլը ժամանակի ընթացքին վարժութիւն, պահանջ կը դառնայ եւ մոլութեան կը վերածուի՝ ակամայ կախեալութիւն մը ստեղծելով երեխային մօտ։
2.- Գիտնականներու կարծիքով, պաստառներէն եւ բջիջայիններէն արձակած ալիքները քրոնիք յոգնութիւն, ճնշուածութիւն եւ անքնութիւն կը պատճառեն երեխային։
3.- Յատկապէս պատկերասփիւռին, բայց նաեւ համակարգիչին դիմաց նստելով կայան դարձնելը, խաղէ-խաղ անցնիլը կը վնասեն երեխային կեդրոնացումին եւ յարատեւելու կամքին։
4.- Պաստառներուն դիմաց երկար ժամերով անշարժ նստիլը պատճառ կը դառնայ, որ երեխան գիրնայ, տրուած ըլլալով, որ անոր մարմինը շարժումի մէջ չ՛ըլլար եւ, առաւել, ան հակամէտ կ՛ըլլայ վնասակար ուտելիքներ ուտելու, ինչպէս՝ չիփս, տուրմ, կրկնեփ, սենտուիչ…
5.- Իր ժամանակը պաստառի առջեւ անցնող երեխան ընկերութենէ եւ ընկերային կեանքէ հեռու կը մնայ, կը մեկուսանայ եւ յարաբերելու դժուարութիւն կ՛ունենայ։
6.- Առանց հսկողութեան, երկար ժամեր պաստառի առջեւ նստող երեխան պիտի տեսնէ վնասակար յայտագիրներ, պիտի կապուի անծանօթ եւ վտանգաւոր անձերու հետ, ականատես պիտի ըլլայ անյարմար տեսարաններու։
7.- Վերջապէս, առանց հսկողութեան եւ երկար ժամեր պաստառներու դիմաց նստող երեխան պիտի ազդուի պաստառներու եւ վիտէօ-խաղերէն տեսած վայրագ տեսարաններէն եւ իր կարգին պիտի դառնայ վայրագ ու յարձակողական։
Ահա թէ ինչո՛ւ պէտք չէ երեխան առանձին ձգել այդ պաստառներուն դիմաց, ահա թէ ինչո՛ւ չափազանց կարեւոր է ծնողքին հսկողութիւնը եւ անոնց կողմէ ժամերու ճշդումը՝ ըլլայ պատկերասփիւռին կամ ըլլայ համակարգիչին դիմաց, եթէ ծնողները կ՛ուզեն իսկապէս իրենց երեխաները պաշտպանել վերոյիշեալ եօթը մեծ վտանգներէն, որոնք միակները չեն, քանի որ անոնց վրայ կու գան աւելնալու առողջական հարցեր, ինչպէս՝ գլխու ցաւ, տեսողութեան տկարացում եւ այլն…