ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Սեպտեմբեր 11-14, Երեւանի մէջ կայանալիք մինչեւ 20 տարեկաններու Եւրոպայի ճիւտոյի առաջնութեան մասնակցելու համար, Ատրպէյճանի մարզական պատուիրակութիւնը ստացած է բոլոր անհրաժեշտ երաշխիքները եւ, հետեւաբար, կրնայ հանգիստ ժամանել Հայաստան: Այս մասին Օգոստոս 20ին լրագրողներուն յայտնած է Հայաստանի ճիւտոյի դաշնութեան նախագահ Ալեքսան Աւետիսեանը՝ անդրադառնալով ատրպէյճանցիներուն Երեւան գալուն հետ կապուած անորոշութեան: Ան նշած է, որ անվտանգութեան ապահովման երաշխիքներ պահանջած են ո՛չ միայն Ատրպէյճանի, այլ նաեւ Իսրայէլի մարզիկները:
Նշենք, որ Ատրպէյճանի պատուիրակութիւնը ներկայացուցած է իր նախնական դիմումը, սակայն առայժմ չէ տեղեկացուցած իր երթուղին, նաեւ հիւրանոց չէ պատուիրած տակաւին:
Յիշեցնենք, որ երեւանեան առաջնութեան պիտի մասնակցին 40 երկիրներու 250է աւելի մարզիկներ: Նմանատիպ մրցաշարերուն, մինչ այդ, մասնակցած են առաւելագոյնը 35-36 երկիրներ: Գրեթէ բոլոր պատուիրակութիւնները արդէն իսկ տեղեկացուցած են իրենց ժամանման թուականի մասին:
Հիմնական մրցապայքարը կը սպասուի Ֆրանսայի, Իտալիոյ, Ռուսիոյ եւ Հոլանտայի մարզիկներուն միջեւ, որոնք Երեւան պիտի հասնին ամբողջական կազմերով՝ 8ական մարզիկներով: Հայաստանի մարզիկներէն կ՛ակնկալուին մետալներ՝ 55, 60, 73, 81, 100 քլկ. եւ աւելի քաշային կարգերուն մէջ:
Ս. Խաչատրեան նշած է, որ ճիւտոյի առաջնութեան կազմակերպման համար ստեղծուած է եւ կը գործէ կազմակերպչական յատուկ կոմիտէ՝ Հայաստանի վարչապետ Տիգրան Սարգսեանի գլխաւորութեամբ: Գործօն մասնակցութիւն կը բերեն բոլոր կառավարական գերատեսչութիւնները եւ Հայաստանի ազգային ողիմպիական կոմիտէն՝ ձգտելով լաւագոյն կերպով կազմակերպել մրցաշարը: Միայն պետութեան կողմէ մրցաշարի կազմակերպման համար յատկացուած է 50 միլիոն դրամ:
Կը նախատեսուի նաեւ, որ այս մրցաշարին կայացումը Երեւանի մէջ մեծ խթան հանդիսանայ Հայաստանի մէջ ճիւտոյի հետագայ զարգացման համար:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.