ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի նախագահի մամլոյ գրասենեակին տուած տեղեկութեան համաձայն, Օգոստոս 20ի երեկոյեան, հեռախօսազրոյց մը ունեցած են Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանն ու ԱՄՆի արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթընը՝ վերջինիս նախաձեռնութեամբ։ Հեռախօսազրոյցին ընթացքին քննարկուած են հայ-ամերիկեան երկկողմանի յարաբերութիւններուն եւ տարածաշրջանային հիմնախնդիրներուն, մասնաւորապէս՝ հայ-թրքական քաղաքական երկխօսութեան վերաբերող հարցեր: