ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի բռնցքամարտիկ, 51 քլկ քաշային Կարէն Այվազեան, 7:0 հաշիւով կիսաեզրափակիչին յաղթելով պուլկարացի Ստեֆան Իւանովին՝ հասած է Լեհաստանի Շեցին քաղաքին մէջ ընթացող բռնցքամարտի Եւրոպայի երիտասարդական առաջնութեան եզրափակիչ հանգրուանին, ապահովելով առնուազն այս մրցաշարի արծաթէ մետալը:
Վճռական մրցամարտին ժամանակ, Կ. Այլազեան պիտի հանդիպի ռուս մարզիկ Կրիկորի Նիքոլայչուքի հետ:
64 քլկ ծանրութեան կարգին մէջ Գերմանիան ներկայացնող հայազգի մարզիկ Արայիկ Մանուկեանը այս մրցաշարի կիսաեզրափակիչին պարտութիւն կրած է ռուս Վլատիմիր Պեսփութինէն եւ նուաճած առաջնութեան պրոնզէ մետալը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.