ՆԻԿՈՍԻԱ.- «Ազգ»ի աշխատակից Յակոբ Ծուլիկեան կը յայտնէ, որ թերթի Նիկոսիոյ յատուկ թղթակից Մասիս Տէր Բարթողէն ստացուած հաղորդագրութիւնը կ՛իրազեկէ, որ, ըստ կիպրական «Ֆիլելեֆթերոս» թերթի Օգոստոս 14ի թիւով հրապարակուած տեղեկատուութեան, «Մելգոնեան» կրթօճախի վերաբացմանն ի նպաստ կազմակերպուած ստորագրահաւաքը աւարտած է:
Ստորագրահաւաքին մասնակցած են աշխարհի տարբեր անկիւններ ծուարած 6800է աւելի հայեր, որոնցմէ 1100ը (յոյներու հետ) Կիպրոսէն, 120ը՝ Թուրքիայէն, շուրջ 2000ը՝ Միացեալ Նահանգներէն, իսկ մնացեալը՝ այլ երկիրներէ: Ստորագրահաւաքը համացանցին միջոցով կը կատարուէր Մարտ ամիսէն սկսեալ:
Խնդրագիրը, համապատասխան ստորագրութիւններով, ուղարկուած է Կիպրոսի հանրապետութեան նախագահին: Օրինակներ ուղարկուած են նաեւ արդարադատութեան, ներքին գործերու եւ կրթութեան նախարարներուն:
Յիշեցնենք, որ «Մելգոնեան» հաստատութիւնը փակուած էր երկու տարի առաջ Հայ բարեգործական ընդհանուր միութեան Կեդրոնական վարչութեան կարգադրութեամբ: Անցեալ տարի, «Մելգոնեան»ի տարածքին վրայ արդէն իսկ տեղաւորուեցաւ կիպրական «Աղլանճիա Կիմնազիան» կրթական հիմնարկութիւնը: