ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Էյ.Փի.».- Միացեալ Նահանգներու դաշնակցային պահեստի պետ Պէն Պըրնէնքի, Ուրբաթ, Օգոստոս 21ին յայտարարեց, թէ ամերիկեան տնտեսութեան նահանջը սկսած է դանդաղիլ ու վերելքի նշոյլներ կան կարգ մը մարզերու մէջ:
Սակայն, ան ընդունեց, թէ հակառակ տնտեսութեան կայունացման, քաղաքացիներու եւ ընկերութեանց տրամադրուող վարկերու կացութիւնը կը շարունակէ աննախանձելի մնալ եւ միայն անոնց բնականոնացումէն ետք կարելի պիտի ըլլայ խօսիլ յատկանշական տնտեսական աճի մը մասին:
Ուրբաթ օր նաեւ հաղորդուեցաւ, թէ բնակարաններու շուկան ակնկալուածէն աւելի լաւ կերպով սկսած է աշխուժանալ, որովհետեւ Յուլիս ամսուան ընթացքին իրականացուած վաճառքներուն համեմատութիւնը 7.2 տոկոսով աճ արձանագրած է, ինչ որ մեծագոյն ոստումն է վերջին տասնամեակին: Ամսական աճը յաջորդական չորրորդն էր:
Միւս կողմէ, Ուրբաթ օր հաղորդուեցաւ, թէ անգործութեան մակարդակը բարձրացած է Միացեալ Նահանգներու նահանգներէն 26ին մէջ, իսկ նուազած է 17 այլ նահանգներու մէջ:
Քալիֆորնիոյ պարագային, Յուլիս ամսուան ընթացքին անգործութեան մակարդակը բարձրացած է 11.9 տոկոսի, երբ նահանգի տարածքին 35,800 աշխատանքի կարելիութիւններ չքացած են: Քալիֆորնիոյ անգործութեան համեմատութիւնը հաւասար է Օրինկընի, իսկ անկէ աւելի վատ անգործութեան մակարդակ ունին միայն Միշիկընը, Ռոտ Այլընտը եւ Նեվատան: