ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Այսօրուան «Ասպարէզ»ի երկրորդ էջին վրայ կը գտնէք յայտնի ցեղասպանագէտ Վահագն Տարեանի հետ «Ազգ»ի մէջ լոյս տեսած հարցազրոյցը:
Դոկտոր-փրոֆ. Տատրեան արեւմտահայ է եւ վստահ ենք, որ «Ազգ»ի թղթակիցի հարցումներուն ան պատասխանած է արեւմտահայերէնով:
Հարցազրոյց կատարողը, արեւելահայ, ինչպէս եւ թերթին խմբագիրը, որ արեւմտահայ է եւ Հայաստան հաստատուած արժանաւոր մտաւորական մըն է, ինչ-ինչ նկատառումներով դոկտ. Տատրեանի պատասխանները փոխադրած են արեւելահայերէնի ու այդպէս հրատարակած:
Փրոֆ. Տատրեանի պատասխանները վստահաբար ոչ մէկ ձեւով վնասուած են այս փոխադրումով, սակայն, մեր կարծիքով, Հայաստանի մէջ լոյս տեսած թերթերու էջերէն արեւմտահայ մտաւորականներու, գրողներու, քաղաքական կամ մշակոյթի գործիչներու հետ հրապարակուած հարցազրոյցները հրաշալի առիթներ են, որ հայրենի ժողովուրդը համտեսէ նաեւ արեւմտահայերէնի քաղցրութիւնը, որոշ վարժութիւն ձեռք բերէ կարդալու արեւմտահայերէնով բնագիրներ:
Ամերիկեան այս ափին, ուր գրեթէ հաւասար թիւով արեւմտահայեր ու արեւելահայեր կ՛ապրին ու կը կարդան «Ասպարէզ»ը, թերթը կը փորձէ հարազատ մնալ հեղինակներու լեզուին ու անոնց յօդուածները հրատարակել իրենց բնագիրով, առանց փոխադրելու մէկէն միւսին, պահելով անոնց հնչիւնային առանձնայատկութիւնները, պարզապէս օգտագործելով նոյն Մեսրոպեան դասական ուղղագրութիւնը:
Այս սիւնակէն ուղղակի առաջարկ մըն է հայրենի մեր գործընկերներուն, որ ըստ հնարաւորինս, արեւմտահայ գործիչներու հետ հարցազրոյցներու պարագային, արեւելահայերէնի չփոխադրեն լեզուն: Կը կարծեմ, որ այդ քայլով մեր ժողովուրդի տարբեր հատուածները իրար մերձեցնելու ընդհանրական ճիգին նպաստ բերած կ՛ըլլան անոնք: