ԹԵՀՐԱՆ, «Ռոյթըրզ».- Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը Երկուշաբթի, Օգոստոս 24ին յայտնեց, որ Իրան պիտի շարունակէ գործակցիլ ՄԱԿի Հիւլէական ուժանիւթի միջազգային գործակալութեան հետ՝ այդպիսով հաստատելով այն լուրը, որ Թեհրան գործակալութեան հետաքննիչներուն արտօնած է այցելել հիւլէական հնոց մը։
Հիւլէական ուժանիւթի միջազգային գործակալութիւնը այս շաբաթ Իրանի հիւլէական ծրագիրին վերաբերեալ տեղեկագիր մը պիտի հրապարակէ։ Անցեալ շաբաթ գործակալութեան մօտ ծառայող դիւանագէտներ յայտնեցին, որ Իրան գործակալութեան արտօնած է «Արաք» հնոցը հետաքննել։
Կը նախատեսուի, որ Միացեալ Նահանգներ, Բրիտանիա, Ֆրանսա եւ Գերմանիա Սեպտեմբեր 2ին նախատեսուած ժողովի մը ընթացքին Ռուսիոյ եւ Չինաստանի կոչ ուղղեն Իրանի դէմ ՄԱԿի պատժամիջոցներու 4րդ հանգրուանը նկատի ունենալու, իսկ Հիւլէական ուժանիւթի միջազգային գործակալութեան վերջին տեղեկագիրը այդ բանակցութեանց հիմք կրնայ ծառայել։
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը անցնող շաբաթավերջին յայտնած էր, թէ Իրանի վերջին քայլերը չեն ամբողջացներ պահանջուածը եւ Իրան պէտք է յարգէ իր միջազգային պարտաւորութիւնները։ Վերոնշեալ վեց ուժերէն շարք մը դիւանագէտներ յայտնեցին, թէ իրենք Իրանի վերջին քայլը դերահաւատութեամբ կ՛ընկալեն։
Իսկ Իրան կը պնդէ, թէ նմանօրինակ պատժական քայլեր չեն կրնար Իրանի հիւլէական գործունէութիւնը կասեցնել։