ՍԷՈՒԼ, «Ռոյթըրզ».- Հարաւային քորէական թերթ մը Երեքշաբթի, Օգոստոս 25ին հաղորդեց, որ Հիւսիսային Քորէա Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամայի աւագ պատուիրակները հրաւիրած է Փիոնկեանկ՝ երկու երկիրներուն միջեւ հիւլէական թղթածրարով ուղղակի բանակցութիւններու համար։ Ըստ թերթին, Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնը լրջօրէն կը քննարկէ պատուիրակները յառաջիկայ ամիս Փիոնկեանկ ուղարկելու հարցը։ Թերթը, մէջբերելով Ուաշինկթընի մէջ բարձրաստիճան աղբիւր մը, յայտնեց, որ նկատի ունենալով Փիոնկեանկի վերջերս կատարած հաշտուողական քայլերը՝ ամերիկացի դիւանագէտները թերեւս կրնան իրենց այցելութեան ընթացքին հանդիպում ունենալ Հիւսիսային Քորէայի ղեկավար Քիմ Եոնկ Իլի հետ։
Միւս կողմէ, Սէուլի կառավարութեան մէջ Վերամիացման նախարարութեան բանբեր Չուն Հէ Սունկ յայտնեց, որ Փիոնկեանկ ընդունած է անջատուած ընտանիքներու հանդիպումներու նոր հանգրուան մը կազմակերպելու՝ Կարմիր խաչին առաջարկը։ Ան ըսաւ, որ նաեւ վերականգնած է Փանմունճոմ սահմանային գիւղի ճամբով հեռաձայնի ուղղակի գիծը։