ԿԱԶԱ, «Ռոյթըրզ».- Պաղեստինեան առողջապահութեան նախարարութենէն պաշտօնատար մը յայտնեց, որ Երեքշաբթի, Օգոստոս 25ին, Կազայի եւ Եգիպտոսի միջեւ մաքսանենգման համար օգտագործուող փապուղիի մը դէմ օդային յարձակումի պատճառով, առնուազն երեք պաղեստինցիներ սպաննուած են եւ եօթը ուրիշներ՝ վիրաւորուած։
Իսրայէլեան բանակի յայտարարութիւն մը յայտնեց, որ իսրայէլեան օդուժին յարձակումը հակադարձութիւն մըն էր Երկուշաբթի օր հարաւային Իսրայէլի դէմ հրթիռային յարձակումին, որուն հետեւանքով իսրայէլացի զինուոր մը վիրաւորուած էր:
Իսրայէլեան բանակը յայտնեց, որ 18 Յունուարին Կազայի դէմ երեք շաբաթ տեւած պատերազմին վերջ տալէ ի վեր, Կազայէն Իսրայէլ 220 հրթիռներ արձակուած են։