Ըստ Միջազգային ռազմավարական հետազօտութեան կազմակերպութեան կատարած հարցախոյզին, թուրքերու 47 առ հարիւրը այն համոզումը ունի, որ Թուրքիոյ արտաքին քաղաքականութիւնը ձախողած է, իսկ 49 առ հարիւրը զայն յաջողած կը նկատէ։
Թուրքերու 56.3 առ հարիւրը իրենց ապագան Եւրոպական միութեան մէջ կը տեսնէ, 10 առ հարիւրը՝ թրքացեղ եւ իսլամական աշխարհի մէջ, 7.2 առ հարիւրը՝ եւրասիական համայնքին մէջ, իսկ 2.7 առ հարիւրը՝ իր ապագան կը կապէ Միացեալ Նահանգներուն։
Թուրքերու 32 առ հարիւրը կը հաւատայ, թէ Միացեալ Նահանգներ համաշխարհային կայունութեան սպառնալիք մըն է, 23.6 առ հարիւրը՝ Իսրայէլը, 11.6 առ հարիւրը՝ Ռուսիան, իսկ 9.5 առ հարիւրը՝ Ֆրանսան։
Հարցախոյզին մասնակիցներուն 56.3 առ հարիւրը կը հաւատայ, թէ կրօնական եւ մշակութային տարբերութիւնները արգելք կը հանդիսանան Թուրքիոյ Եւրոպական միութեան անդամակցութեան, 15.4 առ հարիւրը՝ ժողովրդավարացման հարցերը, 10.9 առ հարիւրը՝ տնտեսական տարբերութիւնները, 7.2 առ հարիւրը՝ բնակչութեան թիւի հարցեր, իսկ 4.5 առ հարիւրը՝ Հայկական հարցը։
Թուրքիոյ բարեկամ երկիրներու դասաւորման մէջ Ատրպէյճան կը գրաւէ պարագլուխի դիրքը (23 առ հարիւր), ապա Պոսնիան (10.8 առ հարիւր) եւ Միացեալ Նահանգները (8.5 առ հարիւր):
Թուրքիոյ թշնամի նկատուող երկիրներուն մէջ Միացեալ Նահանգներ կը գրաւէ պարագլուխի դիրքը (25.4 առ հարիւր), Իսրայէլ (15.6 առ հարիւր), Ֆրանսա (12 առ հարիւր), Հայաստան (10.3 առ հարիւր), Յունաստան (7 առ հարիւր), Ռուսիա (6.4 առ հարիւր) եւ Գերմանիա (1.8 առ հարիւր)։
Ըստ 2005ին կատարուած հարցախոյզի արդիւնքներուն, մասնակիցներուն 6 առ հարիւրը Հայաստանը թշնամի երկիր կը նկատէր, իսկ 2.8 առ հարիւրը՝ Ռուսիան։
Հարցախոյզը կատարուած է Պոլսոյ, Անգարայի, Իզմիրի եւ Պուրսայի մէջ։