ՄՈՍԿՈՒԱ.- Տեղական ոստիկանական աղբիւր մը «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութեան յայտնեց, որ Չէչէնիոյ Շալի շրջանին մէջ անձնասպանական գործողութիւն մը Երեքշաբթի, Օգոստոս 25ին առնուազն չորս ոստիկաններու սպանութեանց պատճառ դարձած է: Այլ ոստիկան մը ծանրօրէն վիրաւորուելով՝ հիւանդանոց փոխադրուած է:
Ռուսիոյ վարչապետ Վլատիմիր Փութին Երկուշաբթի օր անակնկալ այցելութիւն մը տուաւ Չէչէնիա, զօրակցութիւն յայտնելու համար շրջանի նախագահ Ռամզան Քատիրովի, որ կը քննադատուի մարդկային իրաւանց խախտումներու համար:
Փութինի մեկնումէն քանի մը ժամ ետք, մարդկային իրաւանց գործիչներ Մոսկուայի մէջ ցոյց մը կատարեցին, ի յիշատակ մարդկային իրաւանց գործիչ Նաթալիա Էսթեմիրովայի, որ տարիներով շրջանին մէջ մարդկային իրաւանց բռնաբարումները բացայայտելէ ետք, անցեալ ամիս արեւանգուած եւ սպաննուած էր Չէչէնիոյ մէջ։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.