ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- «Արարատբանկ»ի կեդրոնական գրասենեակին մէջ, Օգոստոս 25ին ստորագրուած է «Արարատբանկ» դրամատան կողմէ «Իզմիրլեան-Եւրասիա եունիվըրսըլ վարկային կազմակերպութիւն» սահմանափակ պատասխանատուութիւններով ընկերութեան ձեռքբերման պայմանագիրը, որուն իբրեւ արդիւնք՝ դրամատունը դարձած է նշեալ ընկերութեան միակ մասնակիցը:
«Արարատբանկ» բաց բաժնետիրական ընկերութեան վարչութեան նախագահ Աշոտ Օսիպեան նշած է, որ նշեալ գործարքին իբրեւ արդիւնք, պիտի աւելնայ «Արարատբանկ»ի մասնաբաժինը տնտեսական շուկային մէջ, դրամատունը ձեռք պիտի բերէ նոր յաճախորդներ եւ պիտի ամրապնդէ իր դիրքերը գործող դրամատուներու շարքին մէջ: Ըստ Ա. Օսիպեանի, գործարքին գինը պայմանագրային է եւ կը կազմէ շուրջ 6 միլիոն տոլար: Անոր խօսքով, 2 տարի առաջ նոյն հիմնադրամին հետ կնքուած էր վարկային պայմանգիր մը եւս, որուն միջոցներով իրականացած են փոքր եւ միջին ձեռնարկութիւններու վարկաւորման գործը:
Զուիցերական «Իզմիրլեան» հիմնադրամի հայաստանեան մասնաճիւղի տնօրէն Արա Համազասպեանի խօսքով, սփիւռքահայ ընտանիքին կողմէ նիւթական աջակցութիւն ստացող այս բարեգործական կազմակերպութիւնը Հայաստանի մէջ իր գործունէութիւնը սկսած է ծաւալելու 1997ին, իսկ 1999ին զանազան միջոցներ յատկացուցած է՝ հայկական փոքր եւ միջին ձեռնարկութիւններուն վարկեր տրամադրելու ուղղութեամբ: «Այսօր, հաշուի առնելով Հայաստանում բանկային (դրամատնային-Խմբ.) համակարգի ընդհանուր զարգացման բարձր աստիճանը եւ բանկային համակարգի արդիւնաւէտութիւնը՝ մենք նպատակայարմար ենք գտնում այս կերպ ամրապնդել մեր համագործակցութիւնը մեր արդէն իսկ տարիների գործընկեր «Արարատբանկ»ի հետ, որը առաւել արդիւնաւէտ ձեւով կը շարունակի հայկական փոքր եւ միջին ձեռնարկութիւններին վարկով ապահովելու գործունէութիւնը», յայտնած է Ա. Համազասպեան եւ նշած, որ այսքանով պիտի չսահմանափակուի Հայաստանի մէջ ծաւալած իրենց գործունէութիւնը, այլ պիտի շարունակուին իրականցուիլ բազմամիլիոն տոլարանոց նուիրատուութիւններ՝ արդիւնաբերութեան, գիւղատնտեսութեան եւ սպասարկման ոլորտներէն ներս: