ԳԱՒԱՌ, «Արմէնփրէս».- Գեղարքունիքի թեմի առաջնորդ Մարկոս եպս. Յովհաննիսեանի ձեռամբ, օրերս օծուած է Կարմիրգիւղ համայնքի Ս. Գրիգոր եկեղեցին: Մարզի թեմի մամլոյ դիւանին հաղորդումով, եկեղեցին հիմնանորոգուած է ծնունդով Կարմիրգիւղացի Յովիկ Վարդանեանի բարերարութեամբ: Եկեղեցւոյ պահպանուած հատուածներուն վերանորոգման եւ նորի կառուցման նախագիծին հեղինակն է ՀՀ մշակոյթի նախարարութեան Յուշարձաններու պահպանութեան գործակալութեան աշխատակից Անդրանիկ Սարգսեանը: Արարողութեան ներկայ եղած են մարզային եւ համայնքային իշխանութիւններու ներկայացուցիչներ, Հայաստանի մօտ Ուքրանիոյ հիւպատոս Վալենթին Քուզիչքին եւ համայնքի բնակչութիւնը: