ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Քէն Խաչիկեան Երեքշաբթի, Օգոստոս 25 թուակիր նամակով մը կոչ ըրած է Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամային, որ մերժէ դաշնակցային վճռաբեկ ատեանի մը կողմէ Օգոստոս 20ին արձակուած այն վճիռը, որ կը բեկանէր Հայկական Ցեղասպանութեան զոհերու ժառանգորդներուն կողմէ՝ Ցեղասպանութեան պատճառով անտեսուած իրաւունքներուն վերատիրանալու նպատակով՝ օտար ընկերութեանց դէմ դատեր բանալու Քալիֆորնիոյ նահանգային օրէնքը:
Վճիռին բացատրողականին մէջ, ատեանը շեշտած էր, թէ նման դատեր կարելի չէ բանալ, որովհետեւ Միացեալ Նահանգներու գործադիր իշխանութիւնները «ցեղասպանութիւն» չեն նկատէր Հայկական Ցեղասպանութիւնը:
Նկատի ունենալով այս իրողութիւնը՝ Խաչիկեան կը գրէ, թէ Հայկական Ցեղասպանութեան պաշտօնական եւ յստակ ճանաչում շնորհելու իր ընտրական խոստումը չյարգելու Օպամային որոշումը, ատեանը առաջնորդած է այս վճիռին՝ միաժամանակ Հայկական Ցեղասպանութիւն ուրանալու Թուրքիոյ քաղաքականութեան մեղսակից եւ օժանդակ դարձնելով Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնը:
Քալիֆորնիոյ օրէնքը առիթ կու տար Հայկական Ցեղասպանութեան զոհերու ժառանգորդներուն, որ վերատիրանան եւրոպական դրամատուներու մէջ պահ դրուած գումարներուն կամ եւրոպական ապահովագրական ընկերութիւններու կողմէ իրենց պարտական գումարներուն:
Նամակը ամբողջութեամբ կարելի է կարդալ www.asbarez.com համացանցային մեր կայքին վրայ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.