19 Մայիս 1968ին, Վազգէն Ա. Ամենայն հայոց կաթողիկոսի նախագահութեամբ տեղի ունեցած էր Լոս Անճելըսի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ հիմնաքարի օրհնութեան արարողութիւնը, իսկ եկեղեցւոյ օծումը կատարուած էր 21 Մարտ, 1971ին: Առաջին հոգեւոր հովիւը եղած էր Արիս վրդ. Շիրվանեան, իսկ 1977էն ի վեր, եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւն է Արշակ Ա. քհնյ. Խաչատուրեան:
Թերեւս շատերու համար անծանօթ անուն մըն է 4950 W. Slauson Ave.-ի վրայ գտնուող Ս. Յակոբ եկեղեցին: Եկեղեցին գեղեցիկ սովորութիւն դարձուցած է իր տարեկան դաշտահանդէսները, որոնք եկեղեցւոյ համալիրէն ներս տեղի կ՛ունենան՝ լման օր մը համախմբելով եկեղեցւոյ բարեպաշտ ժողովուրդն ու անդամները, հաճելի պահեր ընծայելով անոնց:
Շարունակելով աւանդութիւնը՝ Կիրակի, 13 Սեպտեմբերին, Ս. պատարագէն ետք, ժամը 12:30էն մինչեւ երկոյեան ժամը 8 տեղի պիտի ունենայ 68րդ դաշտահանդէսը, եկեղեցւոյ ընդարձակ շրջափակին մէջ, ուր վերջերս զետեղուած են հայրենիքէն ու Արցախէն բերուած զանազան չափի մեծ ու փոքր խաչքարեր: Դաշտահանդէսին մասնակիցները պիտի վայելեն հոգեւոր, ազգային եւ ընկերային հարազատ մթնոլորտ մը: Թելադրելի է նկարահանումի գործիքներով ներկայ գտնուիլ՝ խաչքարերու առջեւ գեղեցիկ ու պատմական նկարներ առնելու համար:
Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւն ու Ծխական խորհուրդի ատենապետ տոքթ. Սարգիս Մեսրոպեան եւ ձեռնարկի կազմակերպիչ յանձնախումբը ոչ մէկ ճիգ խնայած են հաճելի, ուրախ եւ հայկական ջերմ մթնոլորտ մը ստեղծելու համար: Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ բակը պիտի վերածուի հայկական գեղեցիկ կեդրոնի մը, հայ եւ օտար երգերու ու երաժշտութեամբ, ուտելիքներու եւ խաղերու ճոխութեամբ: Հանրածանօթ արուեստագէտ DJ Արշակ՝ հայկական եւ ամերիկեան պարեղանակներով եւ երաժշտութեամբ պիտի խանդավառէ օրուան մթնոլորտը: Տեղի պիտի ունենայ նաեւ աւանդութիւն դարձած վիճակահանութիւն:
Այս առթիւ, եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւն ու Ծխական խորհուրդը կոչ կ՛ընեն բոլոր անդամներուն եւ շրջանի հայութեան, որ իրենց եկեղեցւոյ սիրոյն ու անոր բարգաւաճման ի խնդիր, կազմակերպուած այս մեծ ձեռնարկին մասնակից դառնան իրենց ներկայութեամբ:
(Թղթակցութիւնը՝ Ս. Յակոբ եկեղեցիէն)