ՄԱՐՕ ՔԷՇԻՇԵԱՆ
Երկուշաբթի, 23 Օգոստոսը յատկանշական եղաւ շրջանի հայութեան համար: Հակառակ աշխատանքային օր ըլլալուն, յետմիջօրէին եռուզեռի մէջ էր Սէն Փիտրօ նաւահանգիստը, ուր հարիւրաւոր հայեր համախմբուած էին հպարտութեամբ դիմաւորելու պատմական նշանակութիւն ունեցող «Արմէնիա» առագաստանաւի ժամանումը, որ 28 Մայիս 2009ին Վալենսիայէն ճամբայ ելած էր աշխարհի շուրջ նաւարկելու համար:
Դիմաւորումը կազմակերպած էր Հայաստանի հիւպատոսութիւնը, եւ կը գլխաւորուէր ՀՀ Գլխաւոր հիւպատոս Գրիգոր Յովհաննիսեանի կողմէ՝ ընկերակցութեամբ իր անձնակազմին: Հոն էին Յովնան արք. Տէրտէրեանը, Վաչէ արք. Յովսէփեանը, իսկ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան երկրէն դուրս գտնուելով՝ զինք կը ներկայացնէր Միւռոն վրդ. Ազնիկեանը. նաեւ ներկայ էին զոյգ թեմերէն հոգեւոր հայրեր, Կլէնտէյլի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Արա Նաճարեան, շրջանի քոյր կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ, ազգայիններ եւ բազմաթիւ հայորդիներ:
Հոն էին նաեւ ՀՄԸՄի ընտանիքի ներկայացուցիչները՝ ՀՄԸՄի Կեդր. վարչութեան փոխատենապետ Գօգօ Պալեան, Շրջ. վարչութեան անդամներ Մարօ Քէշիշեան եւ Փիէռ Մանուկեան, մասնաճիւղերու վարչութեանց ներկայացուցիչներ եւ արի-արենոյշներու խումբ մը՝ առաջնորդութեամբ Շրջանային խմբապետուհի Թալին Հինտոյեանի:
Երկարաշունչ ծափողջոյններու տակ դիմաւորուեցաւ Սէն Փիտրօ նաւահանգիստ մօտեցող հայկական առագաստանաւը: Անոր յառաջամասին զետեղուած էր եռագոյնը, իսկ կայմին վրայ կը ծածանէր Արցախի դրօշը: Նաւուն կեդրոնը նկարազարդուած էին յաւերժութեան նշանը, հայկական խաչն ու այբուբենը: ՀՄԸՄի արի-արենոյշները հպարտութեամբ ողջունեցին հայ նաւաստիներու գալուստը եւ առաջնորդեցին զանոնք համախմբուած հայ բազմութեան մօտ, ուր հայկական պարերու փունջ մը ներկայացուց Վարդան եւ Սիրանոյշ Գէորգեաններու պարախումբը:
Դարձեալ ՀՄԸՄի արի-արենոյշներու կատարողութեամբ տեղի ունեցաւ դրօշակի յատուկ արարողութիւն: Ծածանեցան Ամերիկայի, Հայաստանի, Արցախի եւ ՀՄԸՄի դրօշները: Հայաստանի քայլերգը խմբերգեց Իրանահայ միութեան երգչախումբը՝ ղեկավարութեամբ ծանօթ խմբավար Միքայէլ Աւետիսեանի:
Բարի գալուստի գեղեցիկ խօսքերով հայրենի նաւաստիները ողջունեց ՀՀ գլխաւոր հիւպատոս Գրիգոր Յովհաննիսեանը: Ելոյթ ունեցան եւ պատմական այս քաջարի նախաձեռնութիւնը բարձր գնահատեցին Յովնան արք. Տէրտէրեանը եւ Միւռոն Ծ. վրդ. Ազնիկեանը:
Ելոյթ ունեցաւ եւ իր երախտագիտութիւնը յայտնեց նաեւ Զօրի Բալայեան, որուն հաստատումով, «Արմէնիա» առագաստանաւով աշխարհի շուրջ նաւարկութեան նախաձեռնած արշաւախումբը կը կոչուի «Մեսրոպ Մաշտոց», իսկ արշաւը նուիրուած է հայ մայրերուն, որոնք օտար ափերու վրայ պահպանեցին մեր մայրենի լեզուն:
Սրտի իրենց խօսքը փոխանցեցին նաեւ նաւահանգիստի ներկայացուցիչները:
Ոգեւորիչ այս ելոյթներէն ետք, ներկաները զրուցեցին նաւաստիներուն հետ եւ մօտէն ծանօթացան անոնց արկածախնդրութիւններուն:
Յստակ էր, որ անցեալին մասնակցելով «Կիլիկիա» առագաստանաւի Եւրոպայի շուրջ կատարած եռամսեայ նաւարկութեան՝ «Արմէնիա» առագաստանաւի անձնակազմը մեծ ինքնավստահութեամբ նախաձեռնած էր աշխարհի շուրջ իր այս նաւարկութեան: Անձնակազմը կը բաղկանայ եօթը նաւաստիներէ. խմբակի պատասխանատուն՝ ծանօթ մտաւորական Զօրի Բալայեան, Նաւապետ՝ Սամուէլ Կարապետեան, նաւաստիներ՝ Արմէն Նազարեան, Հայկ Բադալեան, Մուշեղ Բարսեղեան, Սամուէլ Սարգսեան եւ Վահան Մաթեւոսեան:
Հայկականութեամբ լեցուած ներկաները, հանդիսութեան աւարտին, հիւրասիրուեցան Հայաստանի հիւպատոսութեան կողմէ եւ ապա սրտի լայն գոհունակութեամբ մեկնեցան տուն՝ հայոց պատմութեան անցեալի գեղեցիկ յուշեր տանելով իրենց հետ: