ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».- Հայ-թրքական արձանագրութիւններուն վերաբերեալ, Սեպտեմբեր 3ին յայտարարութեամբ հանդէս եկած է Ժառանգութիւն կուսակցութիւնը՝ ներկայացնելով շարք մը քայլեր, զորս պիտի առնեն հայ-թրքական կարգաւորման ընթացքը կասեցնելու համար: Ըստ յայտարարութեան, «Ժառանգութիւն»ը՝
1. Կը պահանջէ մինչեւ արձանագրութիւններուն վերջնական ստորագրումն ու վաւերացումը, անոնց վերաբերեալ հանրութեան կարծիքը ամփոփելու նպատակով առաջիկայ 6 շաբաթներու ընթացքին, հանրաքուէի դնել համաձայնեցուած փաստաթուղթերը՝ զուգակցուած երկրի արտաքին քաղաքականութեան համար պատասխանատու Հայաստանի նախագահի վստահութեան հարցով.
2. Ազգային ժողովը, աշնանային նստաշրջանի առաջին օրէն պիտի նախաձեռնէ նման հանրաքուէ իրականացնելու ստորագրահաւաքի, իսկ անոր զուգահեռ կամ անոր անհնարինութեան պարագային, պիտի դիմէ Հայաստանի կառավարութեան՝ «հանրաքուէի մասին» ՀՀ օրէնքին մէջ իրեն վերապահուած իրաւասութիւնը իրականացնելու պահանջքով.
3. Երկկողմանի քննարկումներ եւ խորհրդակցութիւններ պիտի սկսի ընդդիմադիր, ինչպէս նաեւ ոչ ընդդիմադիր այն կուսակցութիւններուն հետ, որոնց դիրքորոշումները եւ քայլերը նշուած հարցով՝ ամբողջովին կամ մասամբ կը համընկնին «Ժառանգութեան» դիրքորոշումներուն հետ.
4. Յառաջիկային պիտի հրաւիրէ միջազգային իրաւագէտներու, միջազգայանգէտներու եւ դիւանագէտներու ու այլ մասնագէտներու խորհրդակցութիւն՝ քննարկելու համար նախաստորագրուած արձանագրութիւնները փոփոխելու հնարաւորութիւնները, ինչպէս նաեւ վերլուծելու ու կանխատեսելու անոնց՝ ուժի մէջ մտնելուն իբրեւ արդիւնք՝ բոլոր հնարաւոր դիպաշարերը.
5. Եթէ այլեւս անհնար գնահատէ նախաստորագրուած արձանագրութիւններու փոփոխութիւնը, ապա պիտի նախաձեռնէ հաւաքական եւ անհատական գործողութիւններու, Հայաստանի շահերու վտանգին սպառնացող գործընթացները կասեցնելու ուղղութեամբ.
6. Յառաջիկային խորհրդակցութիւններու շարք պիտի սկսի Սփիւռքի կազմակերպութիւններուն՝ իբրեւ հայ-թրքական պատմական դիմակայութեան օրինական կողմի հետ.
7. Կոչ կ՛ընէ համայն հայութեան ստորագրահաւաքով արտայայտելու իր վերաբերմունքը առկայ գործընթացին, նախաստորագրուած արձանագրութիւններուն ու Հայաստանի վարած արտաքին քաղաքականութեան վերաբերեալ.
8. Կը դիմէ Ազգային անվտանգութեան խորհուրդին՝ սոյն հարցով մտահոգ բոլոր քաղաքական ուժերու եւ մասնագիտական շրջանակներու մասնակցութեամբ նիստ հրաւիրելու պահանջքով.
9. Պիտի դիմէ Սահմանադրական դատարան՝ նախաստորագրուած արձանագրութիւններու համապատասխանութիւնը քննելու պահանջքով.
10. Կ՛ակնկալէ ԼՂՀ ղեկավարութեան եւ հասարակական-քաղաքական շրջանակներու դիրքորոշումը սոյն արձանագրութիւններուն վերաբերեալ, որոնք նաեւ պիտի անդրադառնան ԼՂՀ անկախութեան միջազգային ճանաչման հետագայ գործընթացին:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.