ՊՈԼԻՍ.- Վերջերս Պոլսոյ մէջ լոյս Տեսած է պատմաբան ու լեզուագէտ Բարսեղ Թուղլաճեանի կոթողային «Պատմութեան Տեւողութեան Արեւմտահայերը» )«Թարիհ Պոյունճա Պաթը Էրմէնիլէրի») գործին չորրորդ հատորը, որ վերջընթերն է իր շարքին մէջ։ Անիկա շուրջ 800 էջնոց գեղատիպ ու ծանրածանր գիրք մըն է, որ Արեւմտահայերու պատմութիւնն ու ժամանակագրութիւնը հրապարակ կը բերէ 1923էն մինչեւ 1966։ Բախտորոշ շրջան մը՝ մասնաւորաբար թրքահայերու համար, որոնք Թուրքիոյ հանրապետութեան հռչակումէն ետք, մինչեւ 1966, կը շարունակեն իրենց համայնքային, մշակութային ու ընկերային բեղուն կեանքը։
Բարսեղ Թուղլաճեան ամէն տարի՝ ամիս առ ամիս, օր առ օր, կը յիշատակէ իւրաքանչիւր թուականի այս կամ այն անցուդարձը։ Կարելի է միայն հիանալ ու զարմանալ Բարսեղ Թուղլաճեանի արխիւային աշխատանքի ճոխութեան վրայ, բան մը որ կը փաստէ, թէ հեղինակը առաջին օրէն իսկ իր մտքին մէջ ունեցած է այսպիսի աշխատասիրութիւն մը պատրաստելու ծրագիրը ու կուտակած է նիւթերը՝ իրենց լուսանկարներով։
Յատուկ հիացումի կ՛արժանանան մանաւանդ զանազան գիրքերու կամ վաղուց մոռցուած թերթերու ու հանդէսներու առաջին էջերու լուսանկարները, որոնք կը կազմեն այս աշխատասիրութեան կարեւոր մէկ բաժինը:
Նոյնը կարելի է ըսել շարժանկարի ժապաւէններու գունաւոր որմնազդներուն, շէնքերու լուսանկարներուն, ընկերային ու մշակութային կեանքէ ներս իրենց ներդրումը ունեցող յայտնի հայ գործարարներու, ճարտարարուեստագէտներու ու հանրային գործիչներու դիմանկարներուն, բարձրաստիճան հոգեւորականներու կենսագրութիւններուն ու գործունէութեանց, ինչպէս նաեւ երգչախումբերու կամ համերգներու յայտագիրներու լուսանկարներուն մասին։ Այս բոլորին վրայ կու գայ աւելնալու նաեւ Սփիւռքեան զանազան կեդրոններու մէջ հայերու գործունէութեան համայնապատկերը։ Արդարեւ, Թուրքիոյ մէջ հրատարակուած բոլոր հայերէն կամ օտարալեզու գիրքերուն քով, կարելի է տեսնել նոյն թուականին Սփիւռքի մէջ հրատարակուած գիրքերուն ու թերթերուն անունները։
Բարսեղ Թուղլաճեան այս աշխատութեամբ անցեալը կը քանդակէ իր երեւակայելի ու աներեւակայելի բոլոր մանրամասնութիւններով: