ԾՈՎԻՆԱՐ ՄԵԼՔՈՆԵՆ
Փոքրիկ Հայաստանի բաբախուն սիրտը հանդիսացող Ռոզ եւ Ալէք Փիլիպոս Ազգային վարժարանէն ներս յատուկ ոգեւորութիւն կը տիրէր վերամուտի առաջին օրը՝ Սեպտեմբեր 3, 2009ի առաւօտուն, ուր փութկոտ քայլերով եւ անհուն կարօտով ուղղուած էին աշակերտութիւնը, ուսուցչակազմը եւ ծնողները, խինդ ու աւիւն բերելով ամառնային արձակուրդի ընթացքին ամայացած շրջափակին, որուն պատերուն վրայ զետեղուած էին վարժարանիս քառասնամեայ յոբելեանը խորհրդանշող պաստառներ։
Արդարեւ, իր քառասնամեակը թեւակոխող «Ալէք Փիլիպոս»ը կը գտնուէր նոր անկիւնադարձի մը սեմին։ Վարժարանիս ընտանիքը կ՛ողջունէր իր նոր տնօրէնը, յանձինս պրն. Նազօ Աբանեանի, որ կը փոխարինէր նախկին տնօրէն դոկտ. Վիգէն Եագուպեանը, որ շուրջ 16 տարիներ հմտութեամբ վարեց տնօրէնի պաշտօնը «Ալէք Փիլիպոս»ին՝ այդ տարիներու պատմութեան մէջ բազմաթիւ յաջողութիւններ արձանագրելով։ Նոր ակնկալութիւններու, յոյզերու, նուաճումներու եւ նոր հորիզոններու տեսլականով կրթական տարեշրջանի բացման արարողութիւնը սկիզբ առաւ։
Յայտագրին բացումը կատարուեցաւ Տէրունական աղօթքով՝ առաջնորդութեամբ Ս. Կարապետ Մայր եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Վիգէն Ա. քահանայ Վասիլեանի, որմէ ետք Աշակերտական խորհուրդի ներկայացուցիչներ Լոռի Թաշճեան եւ Դոնա Ապտօ փոխն ի փոխ բեմ բարձրացան եւ արտասանեցին հայերէն եւ անգլերէն աշակերտական ուխտերը եւ փոխանցեցին Աշակերտական խորհուրդի պատգամը։
Ապա խօսք առաւ վարժարանի տեսուչ Շարլ Լուսարարեան, որ անդրադարձաւ վարժարանի քառասուն տարիներու կրթական վերելքին, անոր հայակերտումի ու մարդակերտումի առաքելութեան, հարուստ ժառանգին, մաղթելով, որ վարժարանը իր կրթական երթը շարունակէ յառաջիկայ քառասուն տարիներուն եւս։ Ան կոչ ուղղեց բոլորին, որ գործակցին նոր տնօրէնին հետ եւ ընդհանրապէս վարժարանի գործունէութեան, որպէսզի վարժարանը շարունակէ դաստիարակել տիպար քաղաքացիներ եւ տիպար հայեր։
Ուսումնական մարմնի ատենապետ Սագօ Պէրպէրեան, իր հակիրճ խօսքին մէջ դրուատեց վարժարանի բացառիկ իրագործումները, բոլոր տաղանդաւոր տնօրէններն ու տիտղոսներու արժանացած շրջանաւարտներն ու տասնեակ տարիներու փորձառութիւն ունեցող ուսուցիչները, ապա անդրադարձաւ նոր տնօրէնին՝ յիշելով, որ ան նախկին սիրելի ուսուցիչը եղած է աշակերտներուն եւ այժմ վերադառնալով ստանձնած է նոր պաշտօն եւ պարտաւորութիւններ։ Ան կոչ ուղղեց տնտեսական տագնապալի այս օրերուն օժանդակելու եւ նեցուկ կանգնելու վարժարանին։
Վերջապէս խօսք առաւ նորանշանակ տնօրէն Նազօ Աբանեան, որ յայտարարեց, թէ իրեն համար պատիւ է ստանձնել ղեկը հաստատութեան մը, որ գաղութին ծանօթ է իր բացառիկ կրթական յաջողութիւններով։ Ան նկատել տուաւ, որ «պատիւ ըլլալու կողքին, այս պաշտօնը վիթխարի պատասխանատուութիւն կ՛ենթադրէ, որովհետեւ ինծի վստահեցուեցաւ գլխաւորել հաստատութիւն մը, որ կոչուած է մեր բոլորիս միտքերուն մէջ ուրուագծուած Հայ մարդը կերտելու։ Կերտել այն անհատականութիւնը, որ օժտուած է մարդկային ազնուագոյն արժանիքներով, հպարտ է եւ գիտակից իր ազգային ինքնութեամբ եւ ունի բարձրագոյն կրթութեան համար անհրաժեշտ բոլոր նախադրեալները»: Անդրադառնալով վարժարանի 40 ամեակին՝ ան դիտել տուաւ. «Վստահ ենք, որ մեր գաղութը, կազմակերպութիւնները եւ մեր դպրոցին միշտ սատար հանդիսացող բարերարները պիտի ըլլան մեր կողքին եւ ընեն ամէն ինչ որ հնարաւոր է, վստահ ըլլալու համար որ 40 ամեայ այս հաստատութիւնը դէպի նոր քառասնամեակներ իր անխափան ընթացքը շարունակէ»։
Խօսքը ուղղելով ծնողներուն՝ տնօրէնը դիտել տուաւ, որ «դպրոցի տնօրէնութեան եւ ուսուցչական կազմին ու պաշտօնէութեան հիմնական ուշադրութեան կեդրոնը ձեր զաւակներն են։ Այս պատճառով է, որ մենք կը հաւատանք դպրոց-ծնողք-աշակերտ համագործակցութեան եւ բաց դռերու քաղաքականութեան։ Բոլորս պատրաստ ենք լսելու ձեր մտահոգութիւններն ու առաջարկները, որովհետեւ հաստատ գիտենք, որ անոնց շարժառիթը եւ մղիչ ուժը ձեր զաւակներուն օգտակար ըլլալու իրողութիւնն է»։ Եզրափակելով իր խօսքը՝ Նազօ Աբանեան յայտարարեց. «Շնորհաւոր 40րդ տարեդարձդ Ռոզ եւ Ալէք Փիլիպոս ազգային վարժարա՛ն, յաջողութիւն ձեզի սիրելի աշակերտներ, կանխօրօք վարձքերնիդ կատար ուսուցիչներ եւ ծնողներ, բարի վերամուտ եւ յաջող կրթական տարեշրջան բոլորիս»։
Իր օրհնութեան խօսքը փոխանցեց Տ. Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան, որ իր կարգին անդրադարձաւ վարժարանիս այս նոր հանգրուանին՝ յաջողութիւն մաղթելով նոր տնօրէնին եւ իր գործունէութեան։ Ան աղօթեց, որ իր քառասնամեակի սեմին, վարժարանը վերածուի «Սրբութիւն Սրբոց»ի, «Փոքրիկ Հայաստանի ու Արցախ»ի, «լաւագոյն եւ ազնուագոյն մարդու դարբնոց»ի։ Սրբազան հայրը գնահատեց նաեւ վարժարանի ծնողները՝ իրենց կատարած զոհողութիւններուն համար։
Բացման արարողութիւնը «Պահպանի»չով փակելէ ետք, աշակերտները մեկնեցան իրենց դասարանները՝ նոր յոյսեր ու ապագայի երազներ փայփայելով։