ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Ազատ Արցախ».- Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 10ին, ՀՅԴ Արցախի կառոյցին կողմէ հրաւիրուած մամուլի ասուլիսը նուիրուած էր հայ-թրքական յարաբերութիւններուն եւ այդ կապակցութեամբ տարածաշրջանէն ներս տեղի ունեցող վերջին զարգացումներուն։ Այս հարցը, ինչպէս նշեց ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Դաւիթ Իշխանեանը, համահայկական, համազգային նշանակութիւն ունի եւ բնականաբար, Արցախի քաղաքական ուժերն ու համապատասխան օղակները նոյնպէս պարտաւոր են այդ ուղղութեամբ քննարկումներ կատարելու:
ՀՅԴ Արցախի Կենդոնական կոմիտէն, ըստ Դ. Իշխանեանի, նման քննարկումներով յանգած է իր դիրքորոշման:
«Լեռնային Ղարաբաղը պէտք է ունենայ իր ձայնը, իր տեսակէտը, որտեղ պէտք է յստակ ընդգծուի Արցախի իշխանութիւնների, քաղաքական ուժերի եւ հանրութեան դիրքորոշումը, նրա համար, որ հայ-թուրքական յարաբերութիւնների մէջ նա ունի իր տեղն ու դերը։ Ղարաբաղը պէտք է լինի այն կիզակէտը, որտեղից պէտք է ծնուեն ու մշակուեն համապատասխան բոլոր ուղղութիւնները», յայտնած է Իշխանեան:
Միւս կարեւոր հանգամանքը, որուն անդրադարձած է Իշխանեան, որոնք երեք նախապայմաններն են, որ ներկայացուած են հայկական կողմին եւ որոնց մասին միայն վերջերս հրապարակաւ սկսած է խօսուիլ։ Առաջին երկու նախապայմանները, որոնք Հայաստանի կողմէ տարածքային պահանջներէն եւ Ցեղասպանութեան ճանաչման գործընթացէն հրաժարումն են, բացայայտ կերպով նշուած են արձանագրութեան մէջ, իսկ երրորդը՝ Ղարաբաղեան խնդիրին առնչուող նախապայմանը, այդ փաստաթուղթին մէջ ներկայացուած է քօղարկուած ձեւով։ «Հայկական դիւանագիտութիւնը փորձում է ներկայացնել, որ չկան որեւէ նախապայմաններ եւ փորձում է հասարակական կարծիք ստեղծել, սակայն որքան էլ զուգահեռներ անցկացուեն հայ-թուրքական յարաբերութիւնների եւ ղարաբաղեան հիմնախնդրի միջեւ, այնուամենայնիւ, Լեռնային Ղարաբաղը ներգրաւուած է փաստաթղթում՝ այս կամ այն առումով։ Վտանգը կայանում է նրանում, որ Ղարաբաղեան հիմնախնդրի առումով պէտք է ակնկալել լուրջ ճնշումներ, ինչը կարող է բացասաբար անդրադառնալ բոլորիս վրայ»։
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան արցախեան կառոյցի ղեկավարներէն, ԼՂՀ Ազգային ժողովի պատգամաւոր Արմէն Սարգսեանի համաձայն, հայ-թրքական յարաբերութիւններու մերձեցման հեռանկարով կը կանխատեսուին միւս հարեւանի՝ Պարսկաստանի հետ, յարաբերութիւններու սառեցման միտումներ, որոնք «կարող է մեզ համար անդառնալի կորուստ լինել»:
«Մենք դէմ չենք Թուրքիայի հետ յարաբերութիւններին, բայց դէմ ենք, եթէ այդ յարաբերութիւնները ազգային անվտանգութեան եւ ազգային շահերի անտեսման ճանապարհով ընթանան։ Կա՞յ որեւէ վերլուծութիւն, որտեղ յստակ երեւայ, թէ ինչպէ՞ս է ազդելու Հայաստանի տնտեսութեան վրայ Թուրքիայի հետ սահմանի բացումը։ Այսինքն՝ տնտեսութեան ո՞ր ճիւղն է, որ կարող է դրանից վնաս կրել եւ ո՞րը կարող է զարգանալ», յայտնած է ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Արմէն Սարգսեան:
Անդրադռնալով վերջերս հրապարակուած հայ-թրքական փաստաթուղթերուն մէջ տեղ գտած հարցերուն՝ Սարգսեան յայտնած է, որ «Այսօր աշխարհի մի շարք երկրներ սկսել են ճանաչել Ցեղասպանութան փաստը, իսկ մենք փորձում ենք կասկածի տակ դնել այն, եւ ինչ որ ենթայանձնաժողովների միջոցով՝ սկսել ուսումնասիրութիւններ կատարել»։
ՀՅԴի համար անընդունելի է նաեւ արձանագրութեան այն կէտը, ուր շեշտուած է՝ վերահաստատելով հաւասարութեան, ինքնիշխանութեան, այլ պետութիւններու ներքին գործերուն չմիջամտելու, տարածքային ամբողջականութեան եւ սահմաններու անխախտելիութեան սկզբունքները՝ յարգելով իրենց երկկողմ եւ բազմակողմ պարտաւորութիւնները…: Ա. Սարգսեանի կարծիքով, անընդունելի է, որ միջազգային իրաւունքի մէջ ամրագրուած երկու կէտերէն միայն մէկը նշուած ըլլայ արձանագրութեան մէջ։
«Եթէ այս կէտը միջազգային է՝ ապա միջազգային իրաւունքի կէտ է նաեւ ազգերի ինքնորոշման իրաւունքը։ Եւ եթէ արձանագրութեան մէջ արձանագրուել է մէկը, ապա տրամաբանօրէն պէտք է ամրագրուէր նաեւ միւսը՝ ինքնորոշման իրաւունքը։ Սա լուրջ բացթողում է եւ մտահոգիչ լուրջ հանգամանք, ինչը առնչւում է Ղարաբաղի ապագայ ճակատագրին», համոզուած է ՀՅԴ ներկայացուցիչը։
«Մենք պարտաւոր ենք Հայաստանի, Արցախի եւ Սփիւռքի ընդհանրացուած կարծիքներով գնալ այդ յարաբերութիւններին, քանզի դրանցից է կախուած վաղուան Ղարաբաղի ապագան», համոզուած են դաշնակցութեան խօսնակները:
«Դաշնակցութիւնը պատերազմի կուսակցութիւն չէ, ինչպէս փորձում են ներկայացնել, պարզապէս մենք միշտ յիշում ենք, որ պատերազմը դիւանագիտական ճակատում է, որտեղից էլ տեղափոխւում է ռազմադաշտ», յայտնած է ՀՅԴ գործիչը՝ աւելցնելով. «Եօթանասուն տարի յետոյ սերունդները հազարաւոր զոհեր տուին՝ վերականգնելու համար պատմական արդարութիւնը։ Հիմա մենք պարզապէս ուզում ենք, որ յաջորդ սերունդներն այլեւս պատերազմ չտեսնեն»:
ՀՅԴ Արցախի ներկայացուցիչները իրենց զարմանքը յայտնած են, որ Հայաստանի իշխանութիւնները համարժէք պատասխան չեն տար թուրք պաշտօնեաներու այն յայտարարութիւններուն, թէ Թուրքիան պիտի չհակադրուի Ատրպէյճանի շահերուն։
ՀՅԴի խօսնակները դրական գնահատական տուած են ԼՂՀ իշխանութիւններու դիրքորոշման:
«Վարուող քաղաքականութիւնը ներքին եւ արտաքին ճակատում՝ բխում են Արցախի ընդհանուր շահերից, մեր համազգային շահերից», ասուլիսը եզրափակելով յայտնած է Դաւիթ Իշխանեան։