ԹԻՖԼԻՍ.- Հայկական մշակոյթի հանդէպ վրացիներուն յաւակնութիւնները արձանագրած են նոր դրսեւորումներ, այս անգամ պատմական Հայաստանի Տայք նահանգի յուշարձաններուն նկատմամբ ունեցած ոտնձգութիւններով։
«Երաժշտութեան մէջ կենդանացած խօսք» վրացական փառատօնի ծիրէն ներս, վրացի արուեստագէտներէ կազմուած խումբ մը, օրերս այցելած է Թուրքիոյ Արդուին, այսինքն՝ պատմական Հայաստանի Տայք նահանգ։ Վրացական «Ախալի տաօպա» թերթին տուած տեղեկութիւններով, այցելութեան նպատակն է պատմական արմատներու հետ ծանօթութիւնը եւ ստեղծագործական գործունէութեան եւ կապերու զարգացումը:
Վրացի արուեստագէտները ծանօթացած են հայկական պատմական յուշարձաններուն, ինչպէս՝ Օշքի վանքին եւ Իշխան գիւղի տաճարին։ Ուշագրաւ է, որ երկար ժամանակէ ի վեր վրացիներ հայկական այս յուշարձանները կը ներկայացնեն իբրեւ «վրացական եկեղեցական ճարտարարպետութեան մարգարիտներ» եւ զանոնք ամէն գնով իւրացնելու փորձեր կը կատարեն։
Հայկական ճարտարապետութիւնը ուսումնասիրող կազմակերութեան Հայաստանի մասնաճիւղի տնօրէն Սամուէլ Կարապետեանի հաստատումով, վրացիներուն յաւակնութիւնները դատարկ հողի վրայ չեն։ Երեւոյթը իր պատմական պատճառները ունի ըստ Ս. Կարապետեանի։
«Մենք մեր պատմութիւնից լուր չունենք ու օտարուած ենք, հակառակ դէպքում՝ կը գտնէինք միջոցներ մեր մշակութային ժառանգութիւնը պահպանելու համար», վրդովմունքով յայտնած է պատմաբանը։
Ըստ Սամուէլ Կարապետեանի, մենք թոյլ տուինք կրկնակի ցեղասպանութեան ենթարկելու æուղան, երբ արդէն միջազգային հեղինակաւոր բազմաթիւ կազմակերպութիւններու անդամ ենք։