ԿԼԷՆՏԷՅԼ.- Հայ օգնութեան միութեան Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութեան կեդրոնատեղի այցելութիւն մը տուին «Արմէնիա» արագաստանաւի անձնակազմը՝ ընկերակցութեամբ Հայաստանի հիւպատոսութեան անձնակազմի անդամներուն, գլխաւորութեամբ փոխհիւպատոս Մեսրոպ Շապոյեանի:
Հիւրասիրութեան սեղաններու օրհնութիւնը կատարեց Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան՝ ընկերակցութեամբ Վիգէն Ա. քհնյ. Վասիլեանի: Ձեռնարկին ներկայ եղան ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Յովան Թաշճեան, ինչպէս նաեւ ՀՕՄի մօտակայ շրջաններու մասնաճիւղերու ներկայացուցիչները եւ Շրջանային վարչութեան պաշտօնէութիւնը: Բարի գալուստի խօսքը փոխանցեց ՀՕՄի Շրջանային վարչութեան ատենապետուհի Սօսի Փօլատեանը՝ նկատել տալով, թէ «Հիւրերը յատուկ են այն իմաստով, որ ոչ թէ կը նաւարկեն առեւտուրի համար, այլ՝ տարածուած հայ Սփիւռքի ժողովուրդը իրարու կապելու, ու այդպիսով հայ մշակոյթի պահպանողի դերը կը ստանձնեն»:
«Մինչ ՀՕՄը կը թեւակոխէ իր հարիւրամեակը՝ վճռակամօրէն կը փաստենք, թէ հաւատաւոր յաջորդներն ենք դար մը առաջ հայ կնոջական կազմակերպութեան հիմնադիրներուն, ինչպէս որ «Արմէնիա»ի արշաւախումբի անդամները կը փաստեն, թէ հաւատաւոր յաջորդներն են կիլիկիան նաւաստիներուն», աւելցուց ան:
Արշաւախումբի ղեկավար Զօրի Բալայեանի խօսքը դժուար էր բնութագրել իբրեւ լոկ ողջոյնի խօսք, որովհետեւ ան իր գրագէտի ոսպնեակէն բացի, նաեւ խօսեցաւ իբրեւ ուսուցիչ, ազատամարտիկ, կուսակցական եւ հետազօտիչ: Ան թէ՛ ուրախ էր հայ ժողովուրդի իրագործումներով, մանաւանդ Արցախի նկատմամբ, եւ թէ մտահոգ՝ ապագայով: Բալայեանի համար արթնութիւնը եւ միասնականութիւնը էական է թշնամիներուն դէմ դնելու համար: Ան բացատրեց, թէ յաղթանակի նշանը՝ V-ն, հայութեանը չէ, որովհետեւ՝ «Եթէ մատները բաց թողենք, կրնանք ջարդուիլ», ու այդ պատճառով, պէտք է մատները միասին բերելով՝ բռունցք դարձնել, ինչպէս պատահեցաւ Ղարաբաղեան շարժումի ընթացքին:
Փոխհիւպատոս Շապոյեան տեղեկացուց, թէ համայնքը շատ ոգեւորուած է հիւպատոսարանի Կլէնտէյլ տեղափոխութեամբ, եւ խնդրեց, որ նաւապետ Սամուէլ Կարապետեան ճամբորդութեան մասին բացատրութիւններ տայ:
Կարապետեան, իր կարգին շեշտեց, որ օտար երկիրներու մէջ Հայաստանը՝ իբրեւ նաւարկութեան երկիր ճանաչումը, շատ կարեւոր է: Ան կարեւոր համարեց այն իրողութիւնը, թէ ասիկա հայկական առաջին նաւն է, որ Ատլանտեանը կը կտրէ ու Փանամա նեղուցէն կ՛անցնի:
Առաջնորդը գնահատեց ՀՕՄը, որ առիթ ստեղծած էր դիմաւորելու, ողջունելու եւ սէր ու յարգանք յայտնելու «Հայաստան» արագաստանաւի արշաւախումբին: Յիսուսի աշակերտներուն օրինակով, ան մաղթեց, որ հաւատքով, հայրենասիրութեամբ, կամքի տոկունութեամբ եւ սիրով, հակառակ փոթորիկներուն եւ քամիներուն, նաւը խաղաղութեամբ հասնի նաւահանգիստ՝ Պէյրութ: