ՄԱՐՕ ՔԷՇԻՇԵԱՆ
1-8 Օգոստոս 2009ին, առաջին անգամ ըլլալով, հայրենիքի մէջ տեղի ունեցան ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութեան կազմակերպած 8րդ Համա-ՀՄԸՄական մարզախաղերը, որոնք մեծ ոգեւորութիւն ստեղծեցին մասնակցող ՀՄԸՄական մարզիկ-մարզիկուհիներուն մօտ:
Այսօր աւելի քան մէկ ամիս անցած է պատմական այդ իրադարձութենէն, սակայն մեր մարզիկ-մարզիկուհիները ոչ միայն հպարտանքով կը խօսին իրենց արձանագրած յաղթանակներուն մասին, այլ նաեւ հիացմունքով կը յիշեն հայրենի հրաշալիքները:
ՀՄԸՄի Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու շրջանը մեծ ներդրում ունեցաւ այս մարզախաղերու կազմակերպչական աշխատանքներուն մէջ: ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութեան նշանակած հինգ հոգինոց կազմակերպիչ յանձնախումբին մաս կազմեցին ՀՄԸՄի Արեւմտեան ԱՄՆի շրջանէն եղբայրներ Մանուէլ Մարսէլեան, Վիգէն Աբէլեան եւ Արման Գիլէճեան, իսկ ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿէն՝ (Հայաստան) Օշին Փիրումեան եւ Հրաչ Շմաւոնեան: Յանձնախումբին Արեւմտեան ԱՄՆի շրջանէն օգտակար հանդիսացան եղբայրներ Վազգէն Գալայճեան, Միսակ Թաթիկեան եւ Սեւակ Կարապետեան:
Յանձնախումբի ատենապետի պաշտօնը վստահուած էր ծանօթ ՀՄԸՄական Մանուէլ Մարսէլեանի, որուն հետ հանդիպում մը ունենալով՝ առաւել ծանօթացանք Համա-ՀՄԸՄական մարզախաղերու կարեւորութեան եւ անոր ձգած արձագանգներուն:
Մարսէլեանի տուեալներով, Համա-ՀՄԸՄական 8րդ մարզախաղերուն մասնակցած են ՀՄԸՄի 16 շրջաններէն եւ Թեհրանի Հայ մշակութային «Արարատ» կազմակերպութենէն (ՀՄԱԿ) աւելի քան 450 մարզիկ-մարզիկուհիներ, որոնց ընկերակցած են նաեւ 100է աւելի մարզիչներ, իրաւարարներ, վարչական պատասխանատուներ եւ ծնողներ: Մարզախաղերը ընդգրկած են ֆութպոլի, պասքեթպոլի, փինկ-փոնկի, լողի եւ ճատրակի մարզաձեւերը։
«Պէտք է ընդգծել, թէ ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿը լաւագոյն ձեւով հիւրընկալեց մարզախաղերուն մասնակցող պատուիրակութիւնները: Անոր անդամ-անդամուհիները միշտ ընկերակցելով մրցող խումբերուն՝ առաւելագոյն օժանդակութիւնը ցուցաբերեցին բոլորին, եւ ես հպարտութեամբ կը յայտարարեմ, թէ հայրենի մեր քոյր-եղբայրները նման մարզախաղեր կազմակերպելու լայն փորձառութիւն վաստակեցին: Անոնց ջանքերուն շնորհիւ էր նաեւ, որ հայրենի պատկերասփիւռի կայանները լայն քարոզչութիւն կատարեցին՝ մեծ թիւով ներկայութիւն ապահովելով թէ՛ մարզադաշտերուն վրայ եւ թէ բացման ու փակման հանդիսութիւններուն», պարզաբանեց Մարսէլեան:
Պատմական իրողութիւն եղած է մանաւանդ մարզախաղերու բացման հանդիսութիւնը մայրաքաղաք Երեւանի «Հանրապետութիւն» հրապարակին վրայ: Հանդիսաւոր տողանցքն ու անոր յաջորդող զոյգ կաթողիկոսներու, հայրենի քաղաքական դէմքերու, կազմակերպութիւններու եւ ՀՄԸՄի պատասխանատուներու պատգամներն ու գեղարուեստական բաժինով յայտագիրին մասնակցող արուեստագէտներու ելոյթները մեծապէս ոգեւորած են մարզական մեր խումբերն ու հետեւող հազարաւոր հանդիսականները:
Յատկանշական երեւոյթ եղած է նաեւ մարզախաղերու ընթացքին հրամցուած դաստիարակչական ծրագիրը, որով մասնակիցներուն ներկայացուցած են ՀՄԸՄի եւ Հայ Դատի մասին շահեկան դասախօսութիւններ: ՀՄԸՄական մարզիկ-մարզիկուհիները այցելած են նաեւ Ծիծեռնակաբերդ եւ իրենց յարգանքի տուրքը մատուցած են Հայոց Ցեղասպանութեան մէկուկէս միլիոն նահատակներու յիշատակին:
Մարզախաղերուն մասնակցած պատուիրակութիւններու ներկայացուցիչները, ՀՄԸՄի Կեդր. վարչութեան ընկերակցութեամբ, այցելեցին Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանին, իսկ Կեդրոնական վարչութիւնը առանձին՝ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանին, որուն աջակցութեամբ կարելի եղած էր Համա-ՀՄԸՄական 8րդ մարզախաղերու կազմակերպումը հայրենիքին մէջ:
Մարզախաղերու յաղթանակի բաժակները յանձնուած են փակման յատուկ հանդիսութեան մը ընթացքին, որուն յաջորդած է յաղթանակի ճաշկերոյթ-պարահանդէսը: Նոյն օրը Հայաստանի Ազգային ողիմպիական կոմիտէն յայտարարած է ստեղծումը շրջուն բաժակի մը, որ այսուհետեւ պիտի տրամադրուի համա-ՀՄԸՄական մարզախաղերուն առաւելագոյն յաջողութիւններ արձանագրած շրջանին։ Նորաստեղծ այս բաժակին արժանացած է ՀՄԸՄի Արեւմտեան ԱՄՆի շրջանը:
Պատասխանելով տուեալ մարզախաղերուն ՀՄԸՄի Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու շրջանի ունեցած ներդրումին եւ արձանագրած յաջողութիւններուն մասին հարցումի մը՝ Մ. Մարսէլեան շեշտեց, թէ «Շրջանը ոչ միայն խլեց մարզախաղերու մեծ մաս ախոյեանութիւնները, այլ նաեւ մեծապէս օգտակար հանդիսացաւ անոր յաջողութեան՝ մարդուժի, կազմակերպչական եւ նիւթական իմաստով, ինչ որ մեծապէս գնահատելի է: Մեծածախս այս նախաձեռնութեան իրենց նպաստը բերին բարերարներ, որոնց կարգին էին նաեւ ՀՄԸՄի Արեւմտեան ԱՄՆի շրջանէն ծանօթ ՀՄԸՄականներ եւ համակիրներ»:
Այսպէս, ՀՄԸՄի Արեւմտեան ԱՄՆի շրջանը ախոյեան հանդիսացած է ֆութպոլի, պասքեթպոլի (մանչերու, մեծերու եւ կրտսեր դասակարգերու), լողի եւ փինկ-փոնկի մարզաճիւղերուն մէջ, իսկ պասքեթպոլի աղջկանց խումբը երկրորդ հանդիսացած է:
Մարզախաղերուն լաւագոյն մարզիկը հռչակուած է շրջանէն լողորդ Վաչէ Գազանճեանը, որ ինը ոսկի եւ մէկ արծաթ մետալներու արժանացած է։
Եղբօր հաստատումով, «Համա-ՀՄԸՄական 8րդ մարզախաղերը պատմական առիթ հանդիսացան ՀՄԸՄի մեծ ընտանիքը հայրենիքին մէջ համախմբելու, ինչ որ բոլորիս երազանքն էր: Անձնապէս կը կարծեմ, թէ այս մարզախաղերը ամէն ութ տարին անգամ մը պէտք է հայրենիքի մէջ կազմակերպուին, որպէսզի իւրաքանչիւր սերունդ, գէթ մէկ անգամ առիթը ունենայ այցելելու հայրենիք եւ ներշնչուելու փայփայած մեր հայրենիքով»:
Համա-ՀՄԸՄական 8րդ մարզախաղերը հայրենիքէն ներս կազմակերպելով՝ ՀՄԸՄը անգամ մը եւս իր սէրն ու կապուածութիւնը յայտնեց հայրենիքին հանդէպ, որուն ամբողջականութեան համար ան պատրաստ է իր առաւելագոյնը տրամադրելու: