Սան Կապրիէլ հովիտին մէջ, 33 տարիներէ ի վեր, Փասատինայի Հայ կեդրոնը՝ «Լեռնավայր» կոմիտէութեան հովանիին տակ, կառչելով իր ազգային գիտակցութեան եւ պարտաւորութեան՝ կը ծառայէ հայ ժողովուրդին։ Անոր յարկէն ներս ծնունդ եւ հասակ առին ՀԵԴ «Նիկոլ Դուման» ուխտի երիտասարդական եւ պատանեկան միութիւնները, անոր կողքին տեղ գրաւեցին ՀՕՄի «Սօսէ» մասնաճիւղը, ՀՄԸՄի «Ազատամարտ» մասնաճիւղը եւ Համազգայինի «Շահան Շահնուր» մասնաճիւղը։ Սակայն հետզհետէ ուռճացող գաղութին համար կեդրոնը սկսաւ նեղ թուիլ. աւելի մեծ եւ արդիական երիտասարդական կեդրոն մը ունենալու տեսլականը իրականացաւ անցեալ տարեշրջանին, 2242 E. Foothill պողոտայի վրայ գտնուող կառոյցի սեփականացումով։ Կամաւոր ընկերներու աշխատանքով, կալուածային նորոգութիւններ, պասքեթպոլի խաղավայրի շինութիւն եւ համացանցային կապի գործածութեան արդիական մեթոտներ կամաց-կամաց կեդրոնը գեղեցկացուցին եւ գործածելի դարձուցին։
Փասատինայի նոր Հայ կեդրոնի երկօրեայ առաջին փառատօնը տեղի ունեցաւ Շաբաթ եւ Կիրակի 29 եւ 30 Օգոստոսին, հիւրընկալելով հազարէ աւելի հայորդիներ։ Կազմակերպիչ յանձնախումբին անխոնջ աշխատանքը կ՛արտացոլար ամէնուրեք, գնահատելի էր նաեւ քոյր միութիւններու եւ մասնաճիւղերու աջակցութիւնը։ Զանազան շրջաններէ հիւրեր ներկայ էին վայելելու այս իւրայատուկ, ուրախ առիթը։ Կեդրոնը բաց էր բոլորին, անխտի՛ր, որպէսզի անոնք այցելեն իւրաքանչիւր սենեակ, ժողովասրահ եւ կամ խաղավայր։ Կեդրոնի շրջափակէն ներս տեղադրուած էին տեղական առեւտրականներու, խաղերու, համադամ ճաշերու եւ անուշեղէններու կրպակներ։ Խորովածի եւ երշիկի անուշ բոյրը կը հրաւիրէր իւրաքանչիւր անձ շրջափակէն ներս։
Հաճելի էր տեսնել փոքրիկներուն վազքը մէկ խաղէն դիպի միւսը, ապա նուէրներ շահելով անոնցմէ հեռանալը. հոս յատկանշական է յիշել պատասխանատուութեան ոգին ՀԵԴի պատանիներուն, որոնք հաճոյքով ղեկավարեցին մանկական խաղերը, նաեւ երիտասարդներու հպարտութիւնը պասքեթպոլի խաղի ընթաց-քին եւ կամ փինկ-փոնկի սեղանին ետին, չափահասներու եւ տարեցներու ընտանեկան մտերմիկ մթնոլորտը կլոր սեղաններու շուրջ։ Վերջապէս Հայ կեդրոնը լեցուն էր ջերմութեամբ եւ ուրախութեամբ:
Մինչեւ ուշ գիշեր երկարող երկօրեայ փառատօնը իրենց հայկական ժողովրդային ու էսդրատային երգերով խանդավառեցին սիրուած երգիչներ Ներսիկ Իսպիրեան, Արա Սահակեան, Արշամ Պապէրեան, Սահակ Սիսլեան, Վաչէ Յակոբեան, Հրաչ Պողարեան, Անթուան Պէզճեան, Թոնի Արաքելեան, ընկերակցութեամբ «Քնար» նուագախումբին։
Մանկական անուշ երգերով եւ խաղերով փոքրիկները զուարճացուցին Մակին եւ ծաղրածու Արուսը։ Եղան նուիրատուութիւններ, աճուրդ, վաճառք եւ վիճակահանութիւն։ Խանդավառութիւնը իր գագաթնակէտին եւ փառատօնը իր աւարտին հասաւ ազգային եւ յեղափոխական երգերով։
«Լեռնավայր» կոմիտէութեան ներկայացուցիչ Յովիկ Սալիպա նշեց, թէ սոյն փառատօնին նպատակն էր կեդրոնը եւ անոր աշխատանքները մօտէն ծանօթացնել գաղութին։ Երիտասարդական կեդրոն ունենալու երազը իրականացաւ, ու անոր շնորհիւ, կեդրոնէն ներս գաղութի պատանիներն ու երիտասարդները առիթը պիտի ունենան համացանցային արդիական միջոցներով աշխատելու եւ սերտողութիւններ կատարելու։ Մեր մարզիկները պիտի կարենան իրենց սեփական կեդրոնի մարզադաշտին վրայ մարզուիլ եւ խաղեր կազմակերպել։ Մենք կը հաւատանք, որ այս կեդրոնը մէկտեղելով գաղութային եւ վարչական զանազան աշխատանքներ՝ աւելի զօրաւոր հաղորդակցութեան կապ պիտի սղեղծէ տարեցին, երիտասարդին եւ պատանիին միջեւ, արմատացնելով պատկանելիութեան գիտակցութիւնը մեր երիտասարդներու մտքերուն եւ երակներուն մէջ։
Յատուկ շնորհակալութիւն յայտնուեցաւ կազմակերպիչ յանձնախումբին, Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ Տիկնանց կազմին, ՀՕՄի «Սօսէ» մասնաճիւղին, ՀՄԸՄի «Ազատամարտ» մասնաճիւղին, ՀԵԴի պատանիներուն եւ երիտասարդներուն, Համազգայինի «Շահան Շահնուր» մասնաճիւղին, ինչպէս նաեւ «Հորիզոն» եւ «Լրատու» հեռուստակայաններուն։
Վարձքը կատար բոլորին։
«Ասպարէզ»ի Թղթակից
Փասատինա